Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՎԷՐՔ…ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական

Յուլիս 20, 2014

Կիրակի, Յուլիս 20-ին, Վրաստանի շքեղ Թիֆլիս քաղաքին մէջ պատահած դէպքը, անցողակի պարզ մանրուք մը չէր, հակառակ անոր որ այդպէս կը փափաքի հաւաստիացնել Վրաստանի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը, ըստ որուն Հայոց Սուրբ եկեղեցւոյ մօտ պատահած միջադէպը ազգամիջեան՝ էթնիք բնոյթ չունէր, այլ պարզապէս եկեղեցւոյ կից գտնուող ինքնաշարժներու կառատունի մը մէջ, ծագած վիճաբանութեան մը արդիւնքն է մէկ կողմէն՝ տեղացի կնոջ մը եւ անոր ծանօթներուն եւ միւս կողմէն՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թեմի պաշտօնեաներուն միջեւ:

Դժբախտաբար, տեղւոյն ղեկավարութիւնը ցայսօր կ՛ուզէ ծածկել իրականութիւնը եւ կը խուսափի պատասխանատուութիւն ստանձնելէ:
Այսօր հետզհետէ աւելի սաստկացած է ատելութիւնը ծայրայեղ վրացիներու մօտ, որոնք ամէն գնով կը փորձեն հարուածել, տկարացնել, վիրաւորել…Վիրահայութիւնը:
Հայորդիէն եւ յատկապէս Վիրահայէն աւելի, նոյնիսկ վրացիին համար որքան նշանակութիւն ունի, թէ ամէնահայոցներ՝ աշուղ Սայեաթ Նովա, յօրինող երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան, թատրոնի չաստուած Գաբրիէլ Սունդուկեան, բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան, շարժապատկերի տիտան Սերգէյ Փարաճանով, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, գրագէտ Նար-Դոս, կրթական մշակ Նիկոլ Աղբալեան, գիտնական Վիքթոր Համբարձումեան, արուեստագէտ Երուանդ Քոչար…եւ ճատրակի “մաէսթրօ“ Տիգրան Պետրոսեան կը մնան Թիֆլիսի պատմութիւն կերտած անձնաւորութիւններէն: Անոնց մեծամասնութիւնը ոչ թէ միայն իրենց կեանքի մեծագոյն մասը ապրած են …Կուր գետի ափի այդ շքեղ մայրաքաղաքին մէջ, այլ նոյնիսկ մեծամասնութիւնը այդ քաղաքին մէջ ծնած ու կնքուած է…Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Նշան, Նորաշէն, Սուրբ Աստուածածին կամ նոյնինքն Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիներէն ներս:
Վերոյիշեալ անձնաւորութիւններէն աւելի հանրածանօթ Թիֆլիսահայի մը՝ Ալեքսանտր Խատիսեանի համար, թէ՛ իբրեւ վրացի եւ թէ՛ իբրեւ հայորդի, այս քստմնելի արարքը խոր վրդովում յառաջացուցած պիտի ըլլար:
Արդարեւ, աւելի քան եօթ տարի Թիֆլիսի քաղաքապետի (1910-1917) պաշտօնը ստանձնած եւ ապա Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Վարչապետի դժուար պարտականութիւնը կատարած, քաղաքապետ եւ նախարար Խատիսեան եթէ ողջ ըլլար, որքա՜ն զայրացած պիտի ըլլար: Նախկին քաղաքապետն ու վարչապետը նաեւ իբրեւ Արտաքին Գործոց նախարար պիտի ջղագրգռուէր, նկատի ունենալով որ Վրաստան լրջօրէն կը մտադրէ մուտքի յատուկ այցեգիր պահանջել Հայաստանի քաղաքացիներէն:
Ծայրայեղ ու կրքոտ դիրքորոշումներ անյարիր են երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան համար…մանաւանդ որ տարիներէ ի վեր կուտակուող այս կենցաղային մակարդակով հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ սերմանուող ատելութեան դէմ, ոչ մէկ շօշափելի աշխատանք կը տարուի:
Մթնոլորտը կը մնայ մտահոգիչ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք թէ խուլիկան յարձակողները, ինչպիսի ազգային ատելութեամբ լեցուած եղած են հայութեան նկատմամբ եւ դեռ…իւրացուցած են հոգեւորականներէն մէկուն լանջախաչը:

The post ՎԷՐՔ…ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles