Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Լուրեր Նիւ Եորքէն.- ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՎԻԳԷՆ ԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ “ՅՈՅՍԵՐ“ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՅԱՐԿԷՆ ՆԵՐՍ

$
0
0

p15 Vicken and Houyser picture  ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Հայկական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ “Թէքէեան“ի կեդրոնէն ներս, Յունիս 27-ի երեկոյեան, երբ փարիզահայ սիրուած երգիչ Վիգէն (Դարբինեան) եւ Նիւ Եորքի “Յոյսեր“ երաժշտախումբը հայկական ժողովրդական եւ տոհմիկ երգերով լեցուցին հայու սիրտերը հայրենասիրութեամբ։ Հինգ օրերու վրայ որոշուած ու կազմակերպուած այս երաժշտահանդէսին, սրահը լեցուցած էին շրջանի հայերը։

Վիգէն որ այցելաբար եկած էր Նիւ Եորք, Թ.Մ.Մ.-ի վարչութեան խնդրանքին անսալով սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերաւ այս յայտագրին։ Իսկ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ “Յոյսեր“ խումբի անդամները միացան Վիգէնին եւ ներկայացան սքանչելի հայաշունչ յայտագիրով մը։ Յարութ եւ Մարիա Պարսումեաններ անգամ մը եւս յուզեցին ունկնդիրները իրենց երգերով։

Վիգէն ճանչցուած ու տիրական երգիչ է, որ երեք տարիներ առաջ մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մ.Ա.Կ.-ի անդամակցութեան 20-րդ տարեդարձի մեծ հանդիսութեան` հայրենի ժողովրդական երգիչներ Ռայիսա Մկրտչեանի, Ռուբէն Մաթեւոսեանի եւ յայտագրին բաժին վերցուցած այլ երգիչներու եւ սենեկային նուագախումբին կողքին։

Սրահը ներկայ գտնուող հայրենի օփերայի երգչուհի Անահիտ Զաքարեան երգեց “Անոյշ“էն բաժին մը արժանանալով բոլոր ներկաներուն հիացմունքին։

Հանդիսութեան եկամուտը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի “Մհեր Մկրտչեան“ թատերախումբին, որ Ցեղասպանութեան դարադարձին ընդառաջ, այս Սեպտեմբերին բեմ պիտի հանէ Պերճ Զէյթունցեանի “Ոտքի՜, դատարանն է“ ծանօթ թատերախաղը, որ կը ներկայացնէ Սողոմոն Թէհլիրեանի Պերլինի դատավարութիւնը բեմադրութեամբ` փարիզաբնակ յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեանի։

 

The post Լուրեր Նիւ Եորքէն.- ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՎԻԳԷՆ ԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ “ՅՈՅՍԵՐ“ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՅԱՐԿԷՆ ՆԵՐՍ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles