Image may be NSFW.
Clik here to view. Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստանի, եւ պէտք է ընդունիլ` Սփիւռքի մէկ կարեւոր մասի, քաղաքական մշակոյթին մէջ “պոպուլիստ“ յղացքը ժխտական հնչեղութիւն ունի: Աջի թէ ձախի մտածողներն ու օրգանական մտաւորականները, քաղաքական ղեկավարներն ու ամէն օր կարծիք յայտնելու առաքելութեան հաւատացող հրապարակագիրները, “պոպուլիստ“ կը համարեն քաղաքական այն այրերն ու կիները, որոնց ժողովրդականութիւնը հիմնուած է զանգուածներուն խաբելու, մոլորեցնելու եւ շահագործելու յատուկ կարողութեան մը վրայ: Հայ քաղաքական մտածողութեան վերլուծումը չէ անշուշտ ասիկա: Հարազատ ընդօրինակութիւնն է Արեւմտեան մտածողութեան մէջ իր ծննդոցով ժխտականօրէն բանաձեւուած այդ յղացքի հասկացողութեան: Բայց ընդունուած է մեր մօտ առանց դոյզն քննարկումէ, մտաւորական քննադատութենէ անցնելու, այնպէս ինչպէս, ընդհանրապէս, փորձած ենք ամենահարազատօրէն ընդօրինակել, կամ կապկել, Արեւմուտքի գրեթէ ամէն ինչը…
Մարտ 5, 2013-ին, 58 տարեկան հասակին, քաղցկեղի դէմ երկու տարիներ պայքարելէ յետոյ յաւերժութեան անցած Վենեզուելայի նախագահ Ուկօ Չավէս Ֆարիաս չէր նեղուեր երբ իրենց “պոպուլիստ“ կը կոչէին: Անարգանք չէր նկատեր յղացքը, ոչ ալ կը խորշէր զանգուածներէն, անոնց ենթադրեալ “անգրագիտութենէն“, որ, ի դէպ, “պոպուլիզմ“ը ժխտականօրէն բնորոշող մտածողութեան լուռ ենթադրութիւնն է: Չավէս լաւ կը հասկնար, որ զանգուածային պոռթկումները տարերային բնոյթ կրնան ունենալ: Բայց հաւատացած էր նաեւ, որ տարերային պոռթկումները ունին ընկերա-տնտեսական կառուցային խոր պատճառներ, որոնց գիտակցութիւնը միայն այդ զանգուածներուն, “խելագար ամբոխներ“ուն ինչպէս Չարենցը պիտի ըսէր, կը վերածէ քաղաքական գործօնի` յեղափոխութեան դերակատարներու եւ յանձնառու քաղաքացիներու: Բայց այդ մէկը կախում ունի զանգուածներուն առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը առած ղեկավարներու թէ քաղաքական ուժերու հասկացողութեան ու բարոյական յանձնառութեան մակարդակէն: Զանգուածները կրնան խաբուիլ, յուսաբեկուիլ, նոյնիսկ աւելի քան մէկ անգամ երբ անատակ ղեկավարութիւն ըլլայ զիրենք առաջնորդողը կամ յստակ չըլլան ծրագիրները: Բայց իրենց “ամբոխային խելագարութեան“ երեւոյթին ընկերա-տնտեսական պայմաններու ենթախորքի առկայութեան վերլուծումը հազիւ թէ սխալ ըլլայ:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Չավէս “ամբոխներու խելագարութիւնը“ տեսաւ առաջին անգամ 1988-ին, երբ հացի գինին բարձրացման հետեւանքով Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի շուրջ բոլորը գտնուող աղքատ արուարձաններէն ամբոխը խուժեց սուբըրմարքէթներուն վրայ: Քարիւղի գինը այդ տարի պատմական ցած արժէք արձանագրած էր, բացարձակապէս քարիւղի եկամուտերու վրայ հիմնուած բոլոր տնտեսութիւններուն նման Վենեզուելայի տնտեսութիւնն ալ ծանր իրավիճակի մէջ կը գտնուէր, եւ ուրեմն պետութիւնը որոշեց դադրեցնել հացի պետական ֆինանսաւորումը որով եւ հացին, աղքատ դասակարգի փաստօրէն միակ հիմնական սնունդին, գինը ահաւոր բարձրացում կրեց` սովահարութեան սպառնալիք ուղղելով հասարակութեան ամենաանպաշտպան խաւին: Սոված մարդոց դէմ այն ժամանակ իշխանութեան վրայ գտնուող Գարլոս Անտրէս Փերէսի կառավարութիւնը զինուած ուժերը հանեց մայրաքաղաքին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար: Եւ պատահեցաւ անխուսափելին. զինուորները կրակեցին, մարդիկ զոհուեցան, բռնի ճնշում… Միջին դասակարգը, անոնք որոնք վարժ էին “ջուրի փոխարէն քարիւղ խմելու“ ինչպէս կ՛ըսուի Վենեզուելայի մէջ, հանգստացան, կառավարութիւնը շունչ քաշեց, ամէն ինչ վերադարձաւ իր բնականոն հունին եւ այնպէս կը թուէր թէ սպաննուածները մօտ ատենէն մոռացութեան պիտի մատնուին: Ի վերջոյ ովքե՞ր էին որ, ընչազուրկեր, անկազմակերպ, առանց քաղաքական ղեկավարութեան, շատերը մինչեւ իսկ առանց ինքնութեան, առանց քաղաքացիութեան… Բայց այն ժամանակ երիտասարդ սպայ Չավէսն ու իր օգնականները “Քարրաքասօ“ կոչուած այդ արիւնոտ դէպքերէն յետոյ երկար մտածեցին իրենց ըրածին վրայ, փոխն ի փոխ իշխանութեան հասնող կեդրոն-աջ եւ կեդրոն-ձախ երկու քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավարութեանց խոր փտտածութեան բայց մանաւանդ քարիւղի արտահանման եկամուտով յատկանշուած տնտեսական համակարգի մը ծնունդ տուած ահաւոր ընկերային անհաւասարութեան մասին:
1992-ին, Պաղ Պատերազմին յաջորդած աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւնը իր վերջնական յաղթանակը կը տօնէր ամբողջատիրութեան վրայ: Լատին Ամերիկայի մէջ զինուորականները արդէն համոզուած էին որ պետական հարուածներու ճամբով իշխանութեան չէին կրնար հասնիլ որովհետեւ իրենց “փրկարար“ դերին հաւատացող չկար իրենց իսկ ժողովուրդին մօտ իսկ Փենթակոնը իր հովանաւորութիւնը նման արկածախնդրութիւններու արդէն կը բացառէր: Ահա այդ տարին էր որ Չավէս իր համախոհներուն հետ պետական հարուածի փորձ մը կատարեց: Փորձը ձախողեցաւ, ինք ձերբակալուեցաւ բայց յանձնուելէ առաջ խնդրեց հինգ վայրկեան` հեռուստացոյցով ելոյթ ունենալու համար: Այդ ելոյթով ան դիմեց Վենեզուելայի ժողովուրդին վստահեցնելով որ պետական հարուածի փորձը ժողովրդավարութեան եւ սահմանադրական կարգերու դէմ չէր այլ` քաղաքական դասի փտտածութեան եւ խոստացաւ վերադառնալ:
Վեց տարի յետոյ ան արդէն երեւոյթ էր:
Բանտէն ազատ արձակուած, ձախակողմեան մտաւորականներով եւ յայտնի քաղաքական ու յեղափոխական գործիչներով շրջապատուած, Չավէս նախագահական ընտրութիւններու իր թեկնածութիւնը դրած էր եւ քարոզարշաւի սկսած հիմնականին մէջ երկրի ամենաաղքատ ու մոռցուած հասարակական խաւերուն մօտ: Յաղթանակը բացարձակ եղաւ: Ոչ միայն որովհետեւ ձայներու յիսունեօթ տոկոսով ընտրուեցաւ, այլ այդ պահէն մինչեւ իր մահը իշխանութեան վրայ մնաց, արմատական իր բոլոր բարեփոխումները կատարեց միայն ու միայն ժողովրդային քուէի ուժով: “Պոպուլիստ“ այս ղեկավարին բոլոր նախաձեռնութիւնները` սահմանադրական բարեփոխում ըլլայ այն թէ ընտրական գործընթաց եղան զանգուածային զօրաշարժի եւ ազատ ու մաքուր ընտրութիւններու ճամբով, որուն վկայութիւնը բազմիցս տուին միջազգային դէտեր, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր: Այնքան տոկուն էր իր ժողովրդականութիւնը որ Միջին Արեւելքը ժողովրդավարացնելու ելած Ճորճ Պուշի վարչակարգը չվարանեցաւ զօրակցիլ Ապրիլ 2002-ին իր դէմ եղած պետական հարուածին, որ… երկու օրէն ձախողեցաւ որովհետեւ ե՛ւ զինուորականութեան մէկ կարեւոր մասը, ե՛ւ մանաւանդ ժողովուրդը ոտքի ելաւ ի խնդիր պետական հարուածի ձախողութեան: Իր յաղթանակը բացարձակ եղաւ որովհետեւ իր իշխանութեան հասնելէն հազիւ հինգ տարի անց, գրեթէ ամբողջ ցամաքամաս մը, Հարաւային Ամերիկան բացառութեամբ քանի մը երկիրներու, պատմական նոր հանգրուան մը կը բանար հանրածանօթ “թեքում դէպի ձախ“ գործընթացով եւ հրաժեշտ կու տար իննիսունական թուականներու նէօլիպերալիզմին եւ անոր ծնունդ տուած աղէտներուն` ընկերային անարդարութիւն, սուր բեւերացում, աղքատութեան աճ, անգործութիւն… Արժանթինի Մար Տէլ Փլաթա քաղաքին մէջ 2005ին գումարուած Ամերիկաներու Գագաթաժողովին, վերջինը` տասը տարի շարունակուած գործընթացի մը հաւաքներու շարքին, Չավէս-Լուլա-Քիրշնէր երրեակը վերջնականապէս “ոչ“ ըսաւ Պուշին եւ իր նախորդին օրոք սկսած համաամերիկեան ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման ծրագրին եւ ուղի հարթեցին արդէն զարգանալու սկսած հարաւամերիկեան համարկման հոլովոյթին: Հարաւամերիկեան բոլոր մեծ քաղաքական անձնաւորութիւններու շարքին Չավէս եղաւ ան որ չվարանեցաւ ընկերատնտեսական զարգացման նէօլիպերալ տարբերակին այլընտրանքը կոչել իր անունով` “21րդ դարու ընկերվարութիւն“ համեստաբար ընդունելով որ յղացքը իր հեղինակութիւնը չէր: Դրամատիրութեան այլընտրանքը ընկերվարութիւնն է, այլ ձեւով կարելի չէ այն բանաձեւել ըսած էր ան շատ յստակ, առանց ոչ մէկ թապուի այդ բառին նկատմամբ: Եւ այդ ընկերվարութիւնը անպայմանօրէն “կուլակաթափում“ չէր, տնտեսութեան բացարձակ պետականացում չէր, ոչ ալ կը ժխտէր սեփականատիրութեան եւ ազատ նախաձեռնութեան իրաւունքը: Պարզապէս շեշտը կը դնէր ընկերային արդարութեան, հարստութեան վերաբաշխումին եւ անոր մէջ պետութեան կարգաւորող դերին վերարժեւորման:
Շատ գրուած է ու դեռ շատ պիտի գրուի Չավէսին մասին իր լաւ թէ վատ կողմերով, նուաճումներով ու սխալներով, բայց թերեւս հարցական է թէ այդ երեւոյթը ինչո՞վ հետաքրքրական պիտի ըլլայ հայութեան ու Հայաստանին համար:
Իրողութիւնը այն է որ Չավէսի երեւոյթը շատ հեռու է մեր իրականութենէն, եւ մերձեցման որեւէ փորձ քիչ մը արհեստական ու զօրով պարտադրուած ճիգ պիտի թուի, թէեւ Չավէսի իշխանութեան օրերուն էր որ Վենեզուելայի Խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւն եղաւ, Չավէսի ստեղծած քէյպըլ հեռուստատեսութեան, Թէլէ Սուր, առաջին տնօրէնը հայազգի Արամ Ահարոնեանն էր Ուրուկուայէն, եւ, տակաւի՛ն, Չավէսը մօտ յարաբերութիւններ ստեղծեց ոչ միայն Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի այլ նաեւ ու մանաւանդ Իրանի հետ: Բայց, Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ հեռու էր Վենեզուելայէն, Հարաւային Ամերիկայէն ու Չավէսէն ինքնին: Նախ որովհետեւ “կոմպլեմենտար“ արտաքին քաղաքականութիւնը անցնող տասնամեակին Հայաստանի դիւանագիտութեան տեսադաշտէն դուրս ձգած էր ընդհանրապէս Հարաւային Ամերիկան ի շարս այլ տարածաշրջաններու: Երկրորդ, ու մանաւանդ, որովհետեւ անցեալ տասնամեակին էր որ մինչ Հարաւային Ամերիկան կը հեռանար նէօլիպերալիզմի ճիրաններէն Հայաստանի մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրոք հաստատուած ազատ շուկայական տոկման կ՛ամրագրէր դրամատիրութեան ամենագիշատիչ տարբերակը ի դէմս օլիկարգային իշխանակարգին որուն համար հասկնալիօրէն “ձախ թեքում“, ընկերվարութիւն թէ ընկերային արդարութիւն անիմաստ, եթէ ոչ վտանգաւոր, յղացքներ էին:
Կը մնայ որ Փետրուար 2013-ի նախագահական ընտրութիւններու յաջորդած այս հանգրուանին, երբ ժողովրդային զօրաշարժը կրկին այսօրուայ իշխանակարգին այլընտրանքի մը յոյսը կը փայփայէ, Լեւոնէն մինչեւ Սերժ Սարգսեան երկարող ընկերա-տնտեսական այս անարդար համակարգը փոխելու յանձնառութիւն վերցուցած ընդդիմութիւնը, թէկուզ եւ հանգրուանային գործընթացի զգուշաւորութեան արդարացի որդեգրումով, հասկնայ որ այլընտրանքը ի վերջոյ ընկերային արդարութիւնն է, 21րդ դարու ընկերվարութիւնը այնպէս ինչպէս Չավէս պատգամեց Վենեզուելային, Լատին Ամերիկային եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, եւ ոչ թէ լիպերալ ֆոլքլորի գունաւոր յեղափոխութիւններու թէ “Փի. Ար.“ական հնչեղութեամբ այլ թատրերգութիւններու “շօու պիզնէս“ը: