Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ. Հ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ

$
0
0

arg 1 Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, այցելեց Լատին Ամերիկա։ Անոր առաջին հանգրուանն էր Արժանթին։ Ապա, պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ուրուկուայ եւ Չիլէ:

Նկատի ունենալով, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Տը Քիրչներ առողջական խնդիրներու պատճառով յետաձգած էր իր մասնակցութեամբ բոլոր պաշտօնական ձեռնարկները, որոնց շարքին` Յուլիս 9-ին երկրի ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները, արժանթինեան կողմին հետ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Արժանթինի Հանրապետութեան փոխնախագահ Պոտուի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ:
Պոտու դրուատանքով արտայայտուեցաւ արժանթինահայ համայնքին մասին, որ, ըստ անոր, ոչ միայն մեծ, այլեւ ազդեցիկ համայնք է եւ մեծ դեր ունի հայ-արժանթինեան կապերու սերտացման գործին մէջ: Ան ընդգծեց, որ հակառակ երկու երկիրներու աշխարհագրական հեռաւորութեան, երկու ժողովուրդները ջերմ բարեկամական կապեր ունին եւ միջպետական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան:arg 5
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Արժանթինի նախկին նախագահ Նեսթոր Քիրչների անմիջական աջակցութեամբ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքի ընդունման համար եւ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, որոնց շարքին` Արժանթինի մէջ: Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը նկատէ Արժանթինի հետ յարաբերութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին յաճախ տեղի ունեցող երկկողմանի բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններով: Նախագահ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց խորացնելու հայ-արժանթինեան յարաբերութիւնները քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց նաեւ արժանթինահայ համայնքին դերը երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ, որոնց շարքին առեւտրական-տնտեսական կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահը պատահական չնկատեց, որ հայաստանեան տնտեսութեան մէջ մեծագոյն ներդրողներէն մէկը Արժանթինն է: Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հետ, ինչպէս նաեւ արժանթինահայ անուանի գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի հետ:
Սարգսեան, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Պուենոս Այրեսի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Մաքրիի հետ:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումը, մշակութային արժէքներու փոխադարձ ճանաչելիութիւնը` ընդգծելով, որ այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը կատարուած է շուրջ մէկուկէս տասնամեակ առաջ` Պուենոս Այրէսը եւ Երեւանը քոյր քաղաքներ հռչակելով:arg 4
Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Պուենոս Այրէսի քաղաքային իշխանութիւններուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու, ինչպէս նաեւ Պուենոս Այրէսի մէջ ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու որոշումին համար, որ, ըստ նախագահին, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ Արժանթինի կողմէ անգամ մը եւս անգնահատելի քայլ է:
Հանդիպման աւարտին քաղաքապետ Մաուրիսիօ Մաքրի Հայաստանի նախագահի այցելութեան առիթով անոր յանձնեց Պուենոս Այրեսի բանալին եւ քաղաքի Պատուաւոր այցելուի պատուոյ գիրը: Քաղաքապետարանէն մեկնելէն առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեան գրառում ձգեց քաղաքապետարանի պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:
Այս բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուեցան զանազան մարզերու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր:

The post Հ. Հ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles