Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

  ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՂ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

$
0
0

vartivarian1
Պայծիկ Գալայճեան
(յապաւումով)
Յակոբ Վարդիվառեան համասփիւռքեան վարկ եւ հեղինակութիւն վայելող դէմք մըն է, աւելի քան չորս տասնամեակէ մը ի վեր, իր ծաւալած ազգային ու միութենական լուրջ գործունէութեամբ, հրատարակած “Հանդիպումներ“ու հինգ հատորներով, ստանձնած մեկենասութիւններով, հաստատած մամլոյ մրցանակներով, եւ վերջապէս Հայ մշակոյթի տարածումով:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի եւ կազմակերպութեամբ »Թէքէեան« Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, Շաբաթ, Յունիս 21ին, Նիւ Ճըրզիի Քլինթըն Ինն հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ ազգային ու հասարակական գործիչ, մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր եւ հայ մշակոյթի դեսպան Յակոբ Վարդիվառեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Հայրենի պետական գործիչներու, »Թէքէեան« Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատկառելի անդամներուն, կուսակցական, միութենական պատկան մարմիններու եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, եւ Յակոբ Վարդիվառեանի հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն։
Յոբելենական հանդիսութեան հեզասահ ընթացք տուաւ օրուան հանդիսավարը՝ Քոլոմպիա Համալսարանի Պառնարտ Գոլէճի նախկին տեկան՝ Տիկին Օլիմփիա Ճեպեճեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ սոյն պատուասիրութեան նպատակին, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց Վարդիվառեանի հոգիին կորիզը կազմող տուեալներու մասին. “Յակոբի հոգիին կորիզը կը բոլորեն գիրն ու գիրքը, հայ ազգն ու անոր մշակոյթը“: Ապա բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ Եղիշէ Արք. Գիզիրեան` Մեծն Բրիտանիոյ նախկին Առաջնորդ իր օրհնութեան աղօթքով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարելու համար: Ներկաները ունկնդիր հանդիսացան ամերիկեան եւ հայկական պետական հիմներուն, որոնք բացառիկ կերպով մեկնաբանուեցան Սոլանժ Մերտինեանի եւ Նիքոլա Պոմփարթի կողմէ:
Յանուն կազմակերպիչ մարմինին, բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան՝ Յոբելինական Յանձնախումբին ատենապետի հանգամանքով: “Յակոբ Վարդիվառեան անհատը, իր էութենէն ոչինչ խնայած է նուիրաբերելու համար յանուն Հայրենիքին, Սփիւռքին ու ազգին: Իրեն համար յոյժ կարեւոր կը նկատուի հայը հայուն հետ կապելէ բացի, հայը Հայաստանին կապել: Մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս մեծարելու համար Յակոբ Վարդիվառեան մարդը եւ անոր տաղանդը: Ան պատրաստ է լեռներ շարժելու, հասնելու համար իր գերագոյն նպատակին…“, ըսաւ ան
Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին գործադրուած յայտագրի պարունակէն ներս իր որդիական խօսքը արտասանեց Հայկ Վարդիվառեան, որ նշեց, թէ ինք միշտ հպարտ եղած է Յակոբ Վարդիվառեանի որդին ըլլալով:
Երեկոյթը ստացած էր հայկական ջերմ մթնոլորտ, յատկապէս երբ գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով գործադրուեցաւ հայկական երաժշտական որակաւոր մեկնաբանութիւններ: Գաղութին հեղինակաւոր պարիթոն՝ Նիքոլա Պոմփարթ բացառիկ կերպով ներկաներուն հրամցուց բոլորին կողմէ սիրուած “Կենաց երգ“ը, իսկ Սոլանժ Մերտինեան՝ Կոմիտասին “Շողեր Ճան“ , Ռոմանոս Մելիքեանի “Վարդը“ եւ Կոմիտասի “Հոյ Նազան“ը:
“Յակոբ Վարդիվառեան երեւոյթը“ նիւթը ներկայացուց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեանը, որ նշեց, թէ Սփիւռքի մէջ եկեղեցին ու ազգային կազմակերպութիւնները մտաւորականութեան նկատմամբ ունին յարգանքի ու խորհրդակցելու յատուկ վերաբերմունք, ինչ որ դրական է ու շահեկան։ Ան հաստատեց, որ Յակոբ Վարդիվառեան յատուկ երեւոյթ է, որ ունի հսկայական վաստակ եւ Սփիւռքի մէջ իր հրատարակած յօդուածներով, ստեղծած է մամլոյ իւրայատուկ միջավայր ու մթնոլորտ։
Ընտանեկան պարագաներու անունով, Ամերիկայի Բանակային Վեթերաններու նախարար՝ Անթոնի Փրինսիփի, որ Վարդիվառեանի աներձագն է, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք զանազան գաղութներէ գալով, ի մի հաւաքուած են մեծարելու համար մարդ մը, որուն հետ իր ընտանեկան բարեկամութիւնը մեծագոյն հաճոյք է:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան: “Ինծի համար մեծ հաճոյք է ու առանձնաշնորհում, մեր երախտագիտական զգացումները յայտնել Յակոբ Վարդիվառեան անհատին, իր ազգային ծառայութեան 45 ամեակին առիթով: Եթէ փորձենք իր կեանքի էջերը թղթատել, հոն պիտի գտնենք էութիւնը անոր, որ նուիրումի, հաւատքի, զոհողութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան ոգին…՝՝, ըսաւ ան։
Պահն էր մեծարեալը պարգեւատրելու, որուն առընդեռ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր արարողութիւն: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան հրաւիրեց Բաբգէն ծ. Վրդ. Անուշեանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակը կարդալու, ապա մեծարեալին կուրծքին զետեղեց “Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ“ շքանշանը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած Մովսէս Խորենացի պատուոյ շքանշանը յանձնեց Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներէն մի քանիներու արտայայտուելու մեծարեալին մասին։ Համազգային Հայ Մշակութային Կրթական Միութեան երկարամեայ պատասխանատուներէն եւ գործիչներէն Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան սրտբացօրէն վեր առաւ Յակոբ Վարդիվառեանին հայ մշակոյթի ծառայելու ոգին ըսելով. “Թէեւ մենք երկուքս կը գտնուինք տարբեր գաղափարական դպրոցներու մէջ, ինք` ռամկավար եւ ես` դաշնակցական, սակայն մեր երկուքին աշխատանքի դաշտը եղած է նոյնը` հայ մշակոյթին ծառայելու նուիրական առաքելութիւնը“։ Խօսք առաւ նաեւ երիտասարդ Թալին Պապայեան, որ կարդաց իր մեծ հօր հարիւրամեայ ընկեր Երուանդ Պապայեանի ողջոյնի խօսքը:
Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ նախ անգլերէն լեզուով շնորհակալական խօսքեր ուղղեց, ապա հայերէնով յայտնեց.- “Չէի խորհէր որ այսքա՜ն բարեկամ կրնամ ունեցած ըլլալ, որովհետեւ ազգային գործիչ մը եւ մանաւանդ կուսակցական` միայն թշնամիներ կ՚ունենայ. եւ այսօր ես ուրախ եմ որ հոս հաւաքուած են մեր գաղութի բոլոր շրջանակներէն սիրելի ներկայացուցիչներ“։ Vartivarian 2
Հուսկ ան իր խօսքի աւարտին կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանին օգնելու իւրաքանչիւրին պարտականութիւնը;
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ երբ Յակոբ Վարդիվառեան հրաւիրեց ներկաներուն մէջ Վահան Թէքէեանը ճանչցող միակ անձին, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին արտասանեց “Հայու Հոգին“ օրուան հանդիսութեան տալով բացառիկ եւ անմոռանալի յիշատակ մը։
Յարգանքի ու շնորհակալութեան ամենաջերմ զգացումներ կարելի է արտայայտել կազմակերպիչ յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան, Շողիկ Չալեան, Սիրվարդ Տէմիրճեան, Տոքթ. Սվեդլանա Ամիրխանեան, Շմաւոն Ադամեան, Յարութ Չաթմաճեան, Գարմէն Կիւլպէնկեան, Վարդան Իլանճեան, Տիրան Ճեպեճեան, Օլիմփիա Ճեպեճեան, Գրիգոր Մարգարեան, Նորայր Մկրտիչեան, Հելէն Միսք եւ Մարի Զօքեանի:
Արդարեւ, կազմակերպուած սոյն մեծարանքի հանդիսութիւնը իր մնայուն ներկայութիւնը պիտի ունենայ Վարդիվառեանի բոլոր բարեկամներուն մօտ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք ֆիզիքապէս ներկայ չի կրցան գտնուիլ, սակայն մեծարանքի գրքոյկին մէջ իրենց անկեղծ խօսքերով մասնակցութիւն բերին:

 

The post   ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՂ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles