Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յունիս 22, 2014
“…Հիւանդանոցի այս փորձառութեանդ մասին բան մը պիտի գրե՞ս։ Կþարժէ որ գրես. գրէ՛, գրէ անպայմա՛ն“, հրամայելու պէս յորդորեց ընկերս՝ հեռաձայնին միւս ծայրէն, բարի ապաքինման մաղթանքներ ընելէ ետք։
Միակ բարիք մաղթողը չէր։ Շատեր հեռաձայնեցին, բացիկներ կամ ե-նամակներ յղեցին, այցելեցին, մինչեւ իսկ ուրախ ծաղիկներ ստացայ։ Սակայն փորձառութեանս մասին գրելու նման յորդոր միայն իրմէ եկաւ։ Առաջին անգամը չէր, որ նման հրամայական յորդորներ կþուղղէր։ Ի վերջոյ, աւելի քան 45 տարուան մտերմութիւն մը կը լիազօրէր զինք…
Մտածեցի. ուրախ կամ անպատեհ պայմաններու մէջէն անցնողներ ինծի պէս սրտակցութիւն կը վայելեն, եւ փոխադարձաբար, բացիկով կամ մամուլով շնորհակալութեան արտայայտութիւն մը կþունենան ընդհանրապէս։ Ընկերոջս յորդորը հրաւէրի պէս հնչեց, որպէսզի ես ալ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելու ձեւ մը գտնեմ։ Ու խոստացայ գրել՝ “անմիջապէս որ ի վիճակի զգամ“, եւ յուսացի որ այդ օրը չուշանայ։
Հիմա այդ օրն է արդէն…
***
…Զիս կռնակիս վրայ պառկեցուցած ու անշարժացուցած են վիրաբուժութեան սեղանին վրայ. վիրաբուժն ու օգնականները կը բացատրեն, որ զիս պիտի չզգայազրկեն, միայն կողիս մէկ ծայրամասը մասնակի զգայազրկումի պիտի ենթարկեն։ Կը պատուիրեն մնալ բացարձակապէս անշարժ, մանաւանդ սրունքներս եւ իրանս անշարժ պահել։ Պէտք չեն զգար ակնոցս հանելու, իսկ գլխուս տակ, իբրեւ յենակ, դրած են փոքր բարձ մը. իրաւունք կու տան գլուխս քիչ մը աջ կամ ձախ շարժելու։
Ձախ կողմս, բժիշկներուն դիմաց, քիչ մը բարձրադիր՝ կան համակարգչային պաստառներ, որուն վրայէն՝ վիրաբուժը կը հետեւի իր ընելիքներուն։ Քանի որ պահած եմ ակնոցս, կը փորձեմ ըստ կարելւոյն հետեւիլ անցած-դարձածին։ Հոն, սեւ-ճերմակ պաստառին վրայ կþերեւին սիրտս, անոր մեծ ու փոքր երակները, բաբախումները։ Վիրաբուժին եւ օգնականներուն գործը սրտիս հետ է. կþաշխատին խցուած երակներ դարմանել։
Ուշադրութիւնս ուրիշ ուղղութեամբ կը բանի։ Մտահաղորդակցութեամբ (Telepathy) հարցում մը կþուղղեմ բժիշկին. “Այս պաստառին ճամբով, կարելի՞ է նաեւ տեսնել, թէ մարդոց սրտին մէջ որո՞նք կան. կրնա՞մ տեսնել, թէ քանի՞ բարեկամ, ծանօթ ու հարազատ տեղ գրաւած են սրտիս մէջ…“։ Բժիշկը, նմանապէս մտահաղորդակցութեամբ, կը բացատրէ, որ տակաւին նման համակարգիչ կամ արդիական սարք չէ հնարուած, հետեւաբար, պարզ աչքերով կարելի չէ ունենալ հարցումիս պատասխանը։ Ուրեմն, ինծի կը մնայ վիրաբուժութեան այս ժամերը լեցնել՝ ուղեղ-համակարգիչիս պաստառին ճամբով պեղելու սիրտիս բջիջներուն այդ երեսը, վստահելով յիշողութեանս, որ փոքրաթիւ հարստութիւններէս մէկն է…
Պեղումներս ի յայտ կը բերեն, որ ունիմ ուրիշ հարստութիւն մըն ալ՝ հարազատներս, ընկերներս ու ծանօթներս, բոլոր անոնք՝ որոնք մանկութեանս օրերէն մինչեւ այս վայրկեանը մուտք գործած են սրտէս ներս եւ գրաւած են իրենց յատուկ տեղերը։ Հոն են ընտանեկան հարազատներս, նախկին դասընկերներ, հին ու նոր ընկերներ, ծանօթներ ու բարեկամներ, պաշտօնակիցներ ու գործակիցներ, բժիշկներ ու դեռ՝ շա՜տ շատեր, որոնց հետ ունեցած եմ ծանօթութիւն, կարճ ու երկար գործակցութիւն, առաւել կամ նուազ չափով՝ մտերմութիւն։ Եւ որովհետեւ հայ եմ, այսինքն՝ աշխարհակալ Մեծն Տիգրանի նորօրեայ մէկ “աշխարհակալ“ ժառանգորդը, կը տեսնեմ, որ սրտիս մէջ տեղ ունեցող հարազատներս ու ծանօթներս տարածուած են Հալէպ-Պէյրութէն մինչեւ Հայաստան, Աւստրալիա, Եւրոպա, Հարաւային Ամերիկա, Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Ունիմ այն զգացումը, աւելի՛ն՝ վստահութի՛ւնը, որ սիրտս ունի մուտքի բազմաթիւ անցքեր, բայց ոչ մէկ անցքի վրայ գրուած է “ելք“, այսինքն՝ ներս մտնողներուն թոյլ չեմ տուած անգամ մըն ալ դուրս ելլելու, մինչեւ իսկ եթէ մէկն ու մէկը, կամայ թէ ակամայ, վիշտ պատճառած է ինծի (ես ալ հաւանաբար վշտացուցած եմ ծանօթ ու բարեկամ. չէ՞ որ ես ալ մարդ եմ…)։ Հոն իրենց պատուանդանները պահած են նաեւ անոնք, որոնք անցած են իմ աշխարհէս ու օր մը առյաւէտ հեռացած, անպայման հետք մը ձգելով կեանքիս մէջ։ Օ՜, որքա՜ն հարուստ եմ եղեր…
Նոր տեսանկիւնէ մը կþըմբռնեմ, թէ մարդուս սիրտը ինչո՛ւ համար այդքան կարեւոր է (եղեր), արժէքաւոր ու անփոխարինելի՛։ Վիրաբուժութեան այս փորձառութիւնը աչքերս կը բանայ իրականութիւններու վրայ, զորս ա՛յսքան լիարժէք ու համապարփակ կերպով չէի տեսած օրերուս հեւքոտ թաւալումին հետ։
Եւ յանկարծ… սրդողում մը կը համակէ զիս։ Կրնա՞յ պատահիլ, որ օր մը սրտիս բջիջները լեցուին, նոր եկուորներու տեղ բանալու համար՝ ստիպուած ըլլամ հեռացնել այժմու բնակիչները։ Վիրաբոյժին դիմացի պաստառին վրայ նշաններ կþերեւին, որոնք ցոյց կու տան թէ սրտիս բաբախումները արագացած են։ Բժիշկը շփոթի կը մատնուի եւ կը փութայ թելադրանքներ ընելու օգնականներուն։ Սակայն անբնական վիճակս շուտով կը փարատի, սրտիս բաբախումները կը վերագտնեն քիչ առաջուան կշռոյթը, բժիշկը ստիպուած չþըլլար արտասովոր քայլերու դիմելու։ Կը յիշեմ, թէ տարիներ առաջ, օր մը տեղ մը կարդացած եմ, թէ մարդկային սիրտը անհաշիւ բջիջներով օժտուած է (տուն դառնալէ շաբաթներ ետք ստուգեցի, որ սրտի բջիջներուն թիւը կրնայ տարուբերիլ մէկէն 5 թրիլիընի միջեւ, թերեւս նաեւ աւելի)։ Վախ չկայ, որ նորեկ մը նախկին “բնակիչի“ մը բջիջը գրաւէ։
Վիրաբուժութեան սրահէն դուրս գալով՝ կը պատրաստուիմ կեանքիս մնացեալ օրերը անպարագիծ բաւարարութեամբ շարունակելու, շնորհակալ ըլլալով սիրտս օրէ օր ուռճացնող հարստութեանս աղբիւրներուն, եւ ես ինծի անձնասիրաբար մաղթելով, որ այս գանձերս կրկնապատկուին, բազմապատկուին…
***
Այս սիւնակը արդեօք անհամ փորձառութեանս մասին ընկերոջս յորդորին պատասխանը եղա՞ւ…
The post ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ.- ՍԻՐՏՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻ (ԵՂԵՐ)… appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.