Սթրազպուրկի (Ֆրանսա) մէջ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ելոյթ ունեցաւ, վեցամսեայ նստաշրջանի համար նախագահող երկրի որպէս ներկայացուցիչ: Անոր ելոյթը բողոքի արտայայտութիւններով ընդհատուած է, երբ խումբ մը ազերի քաղաքական փախստականներ մուտք գործած են դահլիճէն ներս եւ բողոքած՝Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ խօսքի ազատութեան կաշկանդումներուն դէմ: Անոնք իրենց բերանները սեւ ժապաւէններով կապած էին եւ հագուած էին շապիկներ, որոնց վրայ տպուած էին քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարները: Ըստ սովորութեան՝Ալիեւ դատապարտեց Հայաստանը եւ Արցախին մասին անդրադառնալով«ազերիականգրաւուած հողեր»նշեց:
The post ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԱԼԻԵՒԻ ԴԷՄ ՑՈՅՑ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.