Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ ԵՐԳԻ ԵՒ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅ

$
0
0

 

Մանկապատանեկան Արեգակ երգչախումբ, Համազգային Նիւ Ճըրզի

Մանկապատանեկան Արեգակ երգչախումբ, Համազգային Նիւ Ճըրզի

Մայիս 31ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի կազմակերպած Պարի եւ Երգի երեկոն անմոռանալի պիտի մնայ բոլոր ներկաներու սրտին ու մտքին մէջ, իսկ բացականերուն` զրկուած ըլլալու եւ ափսոսանքի առիթ պիտի տայ:

Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը յամառօրէն կը հաւատայ իր հայապահպանման առաքելութեան, եւ հայկական վարժարանի մը նման հայութիւն եւ հայ մշակոյթ կը ջամբէ մեր մատաղ սերունդին՝ հայ երգի եւ հայ պարի միջոցաւ, միեւնոյն ժամանակ զուարճացնելով եւ հաճոյք պատճառելով այդ սերունդին:
Համազգայինի Մանկապատանեկան ԱՐԵԳԱԿ երգչախումբը հիմնուած է 2004-ին, փոքրաթիւ մասնակիցներով: 2006-ին Պրն. Վաղարշակ Օհանեան ստանձնած է երգչախումբի ղեկավարութիւնը եւ հմտօրէն ու բծախնդրօրէն երգ կը սորվեցնէ, կը բացատրէ եւ խիստ կարգապահութիւն կը պարտադրէ խումբին: Երգչախումբի մասնակիցները, կը սիրեն զինք եւ հաճոյքով կ՚ենթարկուին իր ցուցմունքներուն: Վաղարշակ Օհանեան ծնած է Հայաստան: Վկայուած է՝ Հայաստանի Պետական Երաժշտանոցէն եւ մասնագիտացած ձայնային կատարողութեան մէջ:

Մանկապատանեկան Նայիրի Պարախումբ: Վերջին պարը՝ լրիւ կազմով

Մանկապատանեկան Նայիրի Պարախումբ: Վերջին պարը՝ լրիւ կազմով

Ստացած է Վկայագիր՝ Նիւ Եորքի Ճուլիարտ Երաժշտական Հաստատութենէն: Անդամ է Ամերիկեան Երաժիշտներու Միութեան: Եղած է գլխաւոր մեներգիչը Երեւանի Օփերային: Ելոյթ ունեցած է Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք Օրքէստրայի հետ, Էվըրի Ֆիշըր Հոլի մէջ, ինչպէս նաեւ Ռուսական Սենեկայյին երգչախումբին հետ: Մեներգիչ է Նիւ Եորք Սիթի Օփերային մէջ: Վաղարշակ կը մասնակցի միջազգային հեղինակաւոր փառատօներու եւ օփերաներու՝ Եւրոպա, Ռուսիա, Հայաստան եւ ԱՄՆ: Համազգայինի Երգչախումբը այսօր, 25-30 հոգիէ կը բաղկանայ, միշտ փնտռուած ու հրաւիրուած է շատ մը հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ եւ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի մէջ:
Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի ՆԱՅԻՐԻ Պարախումբը դարձեալ հիմնուսծ է 2004-ին, հայկական պարի հարուստ մշակոյթը յաջորդ սերունդին փոխանցելու միտումով: Թէեւ փոքր թիւով սկսած է, սակայն այսօր մօտաւորապէս 70 հոգի, 4-20 տարեկան մաս կը կազմեն պարախումբին: 2010-էն իվեր, հմուտ ու փորձառու պարուսոյց՝ պրն. Թովմաս Յարութիւնեան կը ղեկավարէ ՆԱՅԻՐԻ Պարախումբը: Պրն. Յարութիւնեան ծնած է Թիֆլիս, եւ երկար տարիներ հռչակաւոր պարուսոյց Վանուշ Խանամիրեանի ուսուցումով մաս կազմած է Հայաստանի Պարի Պետականին: Ներկայիս Ն. Ճ. համազգայինի պարախումբէն զատ ան պարուսոյցն է Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի ՄԵՂՐԻ պարախումբին, եւ հինադիրն է Վանուշ Խանամիրեան Պարի Աքատէմիին՝ Նիւ Եորքի եւ Connecticut-ի մէջ:
Երեկոն սկսաւ ատենապետուհի՝ Հուրի Գարճեան-Սամուէլեանի հակիրճ խօսքով: Նշեց Համազգայինի ճիգերը՝ Նոր Սերունդին հայեցի դաստիարակութեամբ օժտելու համար: Շեշտեց որ՝ “Այս ձեռնարկը նուիրուած է եղեռնի 100-ամեակին: Մենք պարով ու երգով մեր ոսոխին կը յայտարարենք, որ մենք ՆԵՐԿԱՅ ենք հարիւր տարի ետք:“ Եւ վերջացուց Պարոյր Սեւակի անմահ խոսքով՝ “Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք:“
Յայտագիրը կը սկսի ու մենք կը վայելենք Պարախումբի ամենափոքր (4-8 ) տարու երեխաներու “Մատիկներ“ պարը: Պարողները թէեւ փոքր, սակայն պարին տիրապետած՝ մեզ կը հմայեն: Անմիջապէս ետք՝ Արեգակ երգչախումբի (4-14) տարեկան երգիչ -երգչուհիները բեմ կը մտնեն եւ կիսաբոլորակ կը կենան, անշարժ: Կարգապահութիւնը յստակ է, տպաւորիչ, ու բեմէն վար սահելով հանդիսատեսը կը վարակէ: Ազգային երգերը իրար կը յաջորդեն, (Հայաստանի երեխաներին, Մեր ազգի սիրտ Արարատ, Գարուն Երեւան, Տալւորիկ, Ազգ Փառապանծ, եւ վերջինը՝ Հոյ իմ նազանի եարը): Այս երեխաները կ՚երգեն սրտանց, կ՚երգեն ինքնավստահ ու անսխալ: Պրն. Վ. Օհանեան բեմահարթակին վրայ չէ: Բեմէն վար դաշնակ նուագելով խումբը կը ղեկավարէ :
Տալւորիկ երգը՝ խումբի տղաքը միայն երգեցին, մեծ խանդավառութեամբ՝ ապշեցնելով եւ բուռն ծափեր խլելով ներկաներէն: Հոյ իմ նազանի եարը երգին մէներգի բաժինները կատարեցին երկու տարբեր զոյգեր, իրապէս զարմացնելով մեզ: Այս փոքրիկ մեներգիչները գիտէին դաշնակի ո՚ր զարկին հետ, բեմի հակառակ կողմերէն միաժամանակ պիտի քալեն դէպի բեմին կեդրոնը եւ բարձրախօսին մօտ տեղ պիտի գրաւեն: Յատուկ Շնորհակալութիւնններ եւ շնորհաւորութիւններ պրն. Վաղարշակ Օհանեանին որ այս երեխաներուն արհեստավարժ ձեւով դաստիարակած ու բեմ բարձրացուցած է:
Երգչախումբի ելոյթին յաջորդեց պարախումբը, ուր այս անգամ 8-12 տարեկան երկսեռ պարողները ներկայացուցին՝ Հարս Պար -Ուզունտարա (Ղարաբաղէն) : Ասոր յաջորդեց հետաքրքիր ու իւրայատուկ տարազներով կենդանիներու պարը՝ Մոկլի, ուր դարձեալ ելոյթ ունեցան ամենափոքրերը: Երկու պարերն ալ շատ հարազատ ու սահուն ներկայացուեցան մեծ հաճոյք պատճառելով հանդիսատեսին:
Եւ ապա ելոյթ ունեցաւ Զուլալ աքաբէլլա երրեակը : Թէնի Աբելեան, Անայիս Թէքիրեան եւ Երազ Մեսճեան: Զուլալ Երրեակը կազմուած է 2002-ին: Անհամար ելոյթներ ունեցած է զանազան վայրեր՝ հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ եւ համբաւաւոր սրահներու մէջ՝ Կէթթի Թանգարան, Գարնիկի Ուէյլ Րիսայթըլ Հոլ, Քէնէտի Սէնթըր ի Միլլինեըմ բեմայարթակ, Նիւ Եորքի Սիմֆոնի Սբէյս, Սիրք Տէ Սոլէլ եւ Սիլք Րոտ Բրոճէգդ:
Այս երիտասարդուհիները մեր գեղջկական, ժողովրդական երգերը, նրբօրէն ու բծախնդրօրէն՝ մշակած, դաշնաւորած ու արդիականացուցած են առանց աղաւաղելու երգին հարազատութիւնը: Իւրաքանչիւր երգէ առաջ, Անգլերէն բացատրութիւններով ոչ միայն երգին միտք բանին այլեւ գիւղական կեանքի սովորութիւնները, մթնոլորտը, պահպանողականութիւնը, գաղտնի սէրերն ու բամբասանքը կը փոխանցեն ունկնդիրներուն: Ու երբ կը սկսին երգել՝ նոյնիսկ օտար ունկնդիրը արդէն լիովին իրազեկ է երգի նիւթին:
Կարճ դադարէ մը ետք յայտագիրը կը վերսկսի Նայիրի պարախումբի երկու տարբեր խումբերու 8-12 եւ 14-20 տարեկան պարմանուհիներու եւ պատանիներու մէջ ընդ մէջ պարերով: Ազգագրական, Ջան Երեւան, եւ Ատանա Մենապար՝ Մէրի Աբգարեան: Վերջինը այս բաժնին, Համբարձում Եայլա, Անուշ Օբէրայէն: Միջին տարիքի եւ աւելի մեծերու այս երկու խումբերը, շատ տպաւորիչ ու հեզասահ պարեցին վարակելով հանդիսատեսը եւ մեծ հաճոյք պատճառելով: Այս պարերուն յաջորդեց՝ Զուլալի երկրորդ երգերու փունջը որը վերջացաւ արտասովոր ղափամայ երգով, ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով:

Զուլալ Երրեակ

Զուլալ Երրեակ

Յայտագրի աւարտին, Նայիրի պարախումբը իր լրիւ կազմով՝ ամենափոքրերը, քիչ մը մեծերը եւ պարման պարմանուհիները, բոլորը միասին, եւ միաժամանակ, եռանդուն պարերով սրահը թնդացուցին ազգային շատ խանդավառ երգ ու պարով: Իմ անունը Հայաստան է եւ Մենք ենք Մեր Սարերը: Սրահը ելեկտրականացած է: Ներկաներու երկարատեւ ու բուռն ծափերը լաւագոյն վկայականն էր այս սքանչելի ձեռնարկի արտակարգ յաջողութեան:
Սրտագին շնորհաւորութիւններ ղեկավարներ՝ Վաղարշակ Օհանեանին եւ Թովմաս Յարութիւնեանին: Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի Վարչութեան կազմին՝ (Արուս Իսախանեան, Անի Չաղլասեան-Մելքոնեան, Հրայր Պարոնեան, Սիմոն Պարսէմեան, Սոնիա Սեդրակեան,Վարդէվառ Քէշիշեան (որը նաեւ ձայնի թեքնիքի պտասխանատուն էր) եւ ատենապետուհի Հուրի Գարճեան- Սամուէլեանին): Պարախումբի պատսխանատու Սիլվա Պարոնեանին որը բոլոր պարի փորձերուն ներկայ եղած եւ աչալրջութեամբ հսկեր է պարողներուն: Տարազներու Յանձնախումբին (Սարա Անթապ, ֆլօրիա Արուշ, Սիլվա Պարոնեան, Կիւլիզար Տէմիրճեան, Նորա Ֆրէկէնթի, Հայկուհի Գասպարեան, Ռոզին Գուշակճեան, Սոնա Գուշակճեան, ՀիլտաԴաւիթեան) եւ բեմին ետեւ օգնութեան ձեռք երկարող ծնողներուն: nj4
Միայն խոնարհիլ կարելի է, Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի վարչութեան եւ զանազան յանձնախումբերու անսակարկ նուիրումին, որոնք այս անհնարին պայմաններուն մէջ շաբաթը երկու կամ երեք անգամ երգի ու պարի փորձեր կատարելով, այս մեծ թիւով, գրեթէ 100-ի հասնող մասնակիցները կառավարեցին, եւ այս անմոռանալի ձեռնարկը մեծ յաջողութեամբ հանրութեան ներկայացուցին: Չմոռնանք գնահատել ծնողները, որոնք կանոնաւոր կերպով իւրաքանչիւր փորձի համար զաւակները կը բերէին եւ համբերութեամբ կը սպասէին զանոնք տուն տանելու համար: Հաւաքական աշխատանք մը իրապէս: Յստակ է որ ծնողները կը հաւատան որ երգն ու պարը միայն հաճոյք չէ այլ հայեցի դաստիարակութիւն է:
Հոգեպարար երեկոյ մը՝ ուր Հայ երգն ու պարը թնդաց բեմէն երեխաներու եւ պատանիներու միջոցաւ, որոնք մեր ՎԱՂԸ կերտող հունտերն են :

Եւ ինչ լաւ յայտարարութիւն է թուրքին ուղղուած այս ձեռնարկը: Ահա Եղեռնէն գրեթէ 100 տարի ետք, հայրենիքէն դուրս, Հայաստան չտեսած, օտար ափերուն ծնած այս նոր սերունդը հայերէն կ՚երգէ եւ հայկական պար կը պարէ, ըսելով՝ “Մենք դեռ կանք դուն ձախողեցար:“
Պռաւօ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինին:
Ներկայ մը

 

The post ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ ԵՐԳԻ ԵՒ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles