ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յունիս 13-ին, ամերիկահայութիւնն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը, սուրիահայերուն սատարելու կոչով բողոքի ցոյցեր կատարեց Սպիտակ տան դիմաց:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին նախագահ Պարաք Օպամային` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու դադրեցնելու համար կոյր ռմբակոծումները Հալէպի հայ բնակչութեան դէմ:
“Հալէպի բնակչութիւնը կը տառապի անողոք ռմբակոծումներու պատճառով, իսկ Նոր գիւղի հայկական համայնքը կը գտնուի թրքական կառավարութեան կողմէ օժանդակուող ծայչայեղական-ժիհատական խումբերու յարձակումներու ամբողջ ծանրութեան տակ:Ժամանակն է, որ նախագահ Օպամա արագ ճնշումներ գործադրէ Թուրքիոյ վրայ` ստիպելով դադրեձնել այս ռմբակոծումները“, յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Լիպարեան:
Բողոքի ցոյցերը շարունակութիւնն էին , օր մը առաջ, Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի նամակին` ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամային: Նամակին մէջ Խաչիկեան Սպիտակ Տան կոչ ուղղած էր “հարկադրաբար միջամտել` օժանդակելու Հալէպի արիաբար մաքառող եւ անպաշտպան բնակչութեան“:
The post Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱԼէՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՑՈՅՑ՝ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԴԻՄԱՑ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.