Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՄԱՅԻ ԵՒ ԱՒԵՐԱԿ ՀԱԼԷՊԸ

$
0
0

alep12 ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Քանի մը օր առաջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի աւարտի՝ Նորմանտիի (Ֆրանսա) ներխուժման եօթանասունամեակը: Ճառեր խօսուեցան եւ յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպուեցան: Նոյնիսկ, ժամացոյցը ետ տանելով, ծովափեայ կարգ մը շրջաններ ու գիւղաքաղաքներ փորձեցին այդ քարուքանդ պատկերը վերստեղծել յատուկ կեղծ բեմահարթակներ ստեղծելով:

Անոնք կը փորձէին գէթ, օրուան մը համար վերաքանդել…վերաշինուածը եւ ականատեսը փոխադրել Յունիս 6, 1944:
Հալէպ…Յունիս 6, 2014:
Կարիքը չկայ որեւէ “կեղծիք“ի, արդէն իսկ Բ. համաշխարհային պատերազմի, այդ քարուքանդ եղած քաղաքներու նմանօրինակն է Հալէպը:
Կարելի չէ բաղդատել այդ երկու թուականները, թէ՛ պատմականօրէն եւ թէ՛ ռազմականօրէն: Համաշխարհային չէ, Հալէպի մէջ պատահածը, այլ ընդհակառակը համա-ահաբեկչական: Ծայրայեղ ահաբեկիչ խմբաւորումներ որջեր հաստատած ահ ու սարսափ կը սփռեն եւ այնպիսի սաստկութեամբ որ բնիկ սուրիացիին համար շատ աւելի ահաւոր ու սադրիչ է, քան տարիներ շարունակ տեղւոյն իշխող ղեկավարութիւնը:
Կարկինը յաւելեալ սեղմելով, հայորդիին համար, այս գոյավիճակն ու ապրելավիճակը միեւնոյնն է, մանաւանդ որ այդ ծայրայեղ ահաբեկչական խուլիկաններուն մէջ շատ է թիւը թուրքերու եւ ազերիներու:
Այսպէս, Հալէպն ու յատկապէս հայահոծ Նոր Գիւղը այսօր աղէտալի շրջան կը նկատուին:
Անկարելի է շնչելը Հալէպի մէջ: Քաոսային է վիճակը, յատկապէս տարիքաւորներու, նորածիններու եւ մանուկներու համար: Թէեւ, շօշափելի թիւով ընտանիքներ հեռացած են շրջանէն եւ հաստատուած այլ ապահով մօտակայ քաղաքներ եւ երկիրներ, սակայն ցայսօր ներքնասրահներու մէջ ապաստանած են ընտանիքներ:
Կարելի չէ այլ ձեւով նկարագրել եւ պատահածը ներկայացնել:
Այո՛…ահաւոր է, յատկապէս հոգեբանական այդ լքուածութիւնը: Հալէպահայութիւնը առանձին ու մեկուսացուած կը զգայ ինքզինք այս վտանգին ընդառաջ: Հալէպահայութիւնը կը զգայ թէ պատահածը, ամէնադոյզն արձագանգն անգամ չունենար:
Աւաղ…Նոր Գիւղն ու Հալէպահայութիւնը կործանման վտանգի դիմաց են:
Ձայն ունինք հասցնելիք, բողոք ունինք արտայայտելիք եւ այս մէկը բոլոր գաղութներէն ներս, դիմելով քաղաքական, ընկերային, մարդասիրական թէ մշակութային, կառավարական թէ ոչ-կառավարական, կրօնական թէ աշխարհական բոլոր հիմնարկներուն անյապաղ եւ …անդադար:
Անհասկնալի եւ անընդունելի ձեւով լուռ են…լուռ ենք:

 

The post ԱՄԱՅԻ ԵՒ ԱՒԵՐԱԿ ՀԱԼԷՊԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles