Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐՃԵԱՆ -ԽՈՆԱՐՀ ՀԱՅՈՒ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԿԵԱՆՔԸ -

$
0
0

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան
Յունիս 6, 2014, Քանկըրս, Նիւ Եորք

OLYMPUS DIGITAL CAMERA  Եթէ փորձեմ Անդրանիկ Գարճեանի կեանքի խտացումը ընել, ապա պիտի ըսեմ, որ ան կը պատկանէր մեր ազգի այն խաւին՝ որուն համար հետեւեալ արտայայտութիւնը իր ամբողջական իմաստով բնորոշման պսակը կը հանդիսանայ- գլխագիր ԽՈՆԱՐՀ մարդն էր։
Խոնարհները ինքնուրոյն հոգեբանական առանցքային յատկութիւն մը ունին։ Քիչ կը խօսին բայց շատ կը գործեն։ Ներքին անքակտելի հաւատամք մը ունին՝ թէ՛ իրենց անձնական կեանքին, թէ՛ իրենց ազգային ըմբռնումներուն նկատմամբ։
Անդրանիկ ծնած էր Դամասկոս, Յուլիս 1, 1922ին։ Մայրը դեռ իրմով յղի, հայրը կը սպաննուի։ Չծնած՝ արդէն որբ էր։ Մայրը հազար զրկանքներով իր որբ զաւակը եւ մեծ քոյրը կը մեծցնէ, Մարաշցի թրքախօս ըլլալով հանդերձ, իր զաւակները հայկական դպրոց արձանագրել կու տայ։
Անդրանիկի մեծ քոյրը կ՛ամուսնանայ եւ բախտը զիրենք Իրաք կ՛առաջնորդէ։ Իրաքի հիւսիսային քրտական բանուկ Սուլէյմանիա նահանգը։
Անդրանիկ կը յաճախէ տեղւոյն պետական միջնակարգ վարժարանը։ Յառաջադէմ աշակերտի մը բոլոր յատկութիւնները կը դրսեւորէ։ Սակայն կեանքի պարտադրանքին հետեւանքով եւ ընտանիք պահելու բեռան տակ կքած, ան կը ստիպուի կէս թողուլ իր այնքան սիրած ուսումը եւ կը մտնէ կեանքի ասպարէզ՝ ինքնաշարժերու նորոգութեան արհեստին։ Իր ուսման ընդհատուիլը մեծապէս կ՛ազդէ պատանի Անդրանիկին վրայ։ Երբ ան այնքան գեղեցիկ հեռանկարներ կը յուսար իրագործել։ Սակայն խառնուածքով ինքնավստահ, ան չընկրկեցաւ եւ իր միւս յատկութիւններուն կառչեցաւ։
Ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնավստահ, ան կրցաւ գնահատել կեանքի ուղիները։ Գիտակից իր ընդունակութիւններուն, ան ընդլայնեց իր աշխատանքի ասպարէզը, դարձաւ շարժանկարի ցուցադրող ապա գտաւ իր մէջի արուեստագէտը եւ նուիրուեցաւ նկարչական բարդ արուեստին։ Սուլէյմանիոյ միջավայրը նեղ կուգար երիտասարդական իր ձգտումներուն համար, հետեւաբար փոխադրուեցաւ նախ Քերքուկ, ուր հաստատեց իր նկարչատունը, ապա՝ աւելի լայն մարտահրաւէրի ընդառաջելով, եւ զաւակները համալսարան ղրկելու միտումով հաստատուեցաւ Պաղտատ, ուր կեդրոնական հրապարակին վրայ հաստատեց իր նոր նկարչատունը, ու եղաւ Պաղտատի փնտռուած նկարչատուներէն մին։
Անդրանիկի մէջ կը բնորոշուէին քանի մը զուգահեռ յատկութիւններ- Նախ ընտանիքի հայր ըլլալու հսկայ պարտականութիւնը։ Սրբագրեցէք այս նախադասութիւնը։ Այնտեղ զետեղեցէք՝ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ բառակցութիւնը։ Անդրանիկ ամուսնացաւ Ալիս Մուրատեանին հետ։ Բախտաւորուեցան չորս դուստրերով՝ Շողիկ, Սօսի, Լուսին եւ Հուրի։ Ալիս, այս գիտակից հայուհին, կը սեռէր հայկական տոհմական ընտանիքէ եւ եղաւ ամուսնոյն ոչ միայն կողակիցը, այլեւ անոր զօրակիցն ու քաջալերողը՝ դիմագրելով կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ միասնաբար ու գիտակցօրէն կերտեցին Հայկական տոհմիկ ընտանիք մը։
Անդրանիկ որբ էր։ Որբերը տարբեր կը մեծնան։ Իրենց զրկուածութիւնը միշտ դրական արարքներով կը լեցնեն։ Անդրանիկի ուսումը կէս մնացած էր։ Սակայն այդ կէս մնացած ուսման զրկանքի լուծումը ան գտաւ իր զաւակները ուսման մղելով։ Տեսաւ անոնց ընդունակութիւնները եւ ճիգ չխնայեց բարձրագոյնին հասցնելու իր զաւակները։ Շողիկ աւարտեց Պաղտատի Գիտութեանց Քոլէճը, Սօսին՝ Պաղտատի ապա Ա.Մ.Ն.-ի դեղագործութեան քոլէճը, Լուսին՝ Գոլոմպիա Համալսարանի Մագիստրոսի վկայականը ստացաւ, Հուրին Նիւ Ճըրզիի Հաշուապական քոլէճը։ Ուսման այս յաջողութիւնները իր կիսաւարտ ուսման դարմաններն էին։ Ինք չկրցաւ իր փափաքած ուսման հասնիլ, բայց իր զաւակները այդ «բացը» լեցուցին։ Ինքն ու Ալիս ուրախ էին, արդարօրէն հպարտ եւ երջանիկ իրենց զաւակներու յաջողութիւններով։
Անդրանիկ նաեւ գիտակից էր ազգային իր պատկանելիութէնէն թելադրուած Հայ Դատի պահանջատիրական բնոյթին։
Դեռ երիտասարդ, ան մասնակցեցաւ ՀՅԴին։ Եղաւ պատասխանատու Սուլէյմանիոյ կուսակցական միաւորին։ Այդ միջոցով, խիստ գործօն մասնակցութիւն բերաւ Սուլէյմանիոյ մէջ Հայկական ամենօրեայ վարժարանի հաստատման։ Այդ փոքրաթիւ գաղութին մէջ, անհրաժեշտ էր հայեցի դաստիարակութիւնը։ Շրջանակի ազդեցութիւնը պէտք եր հակազդուէր մաքուր ազգայինով։ Մեր մատղաշ սերունդին մտքերուն մէջ պէտք էր սերմանել հայ մշակոյթի տարրերը։ Եւ յաջողեցաւ։
Երբ Համայնավարութիւնը Իրաքի յեղափոխութենէն ետք տիրական ուժ դարձաւ, Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականները թիրախ եղան։ Դաշնակցականներ ձերբակալուեցան ինչ-ինչ հերիւրանքներէ թելադրուած։ Ձերբակալուածներուն մէջ էր նաեւ Անդրանիկ։ Այս համեստ, խրոխտ, գիտակից երիտասարդը ենթարկուեցաւ տաժանակիր խոշտանգումներու։ Սակայն մնաց իր դաշնակցականի գաղափարաբանութեան գիտակից գաղտնապահութեան մէջ։ Ծեծի խոշտանգումի ահաւորութեան տակ, իրեն ուղղուած հարցաքննութիւններուն իր միակ պատասխանը մինչեւ վերջ՝ «ես բան մը չեմ գիտեր» եղած է։ Երբ քննիչները արդէն ձեռք ձգած էին իրենց հարցումներուն պատասխանները, կրկին կը մօտենան Անդրանիկին եւ թուղթ մը ցոյց տալով կ՛ըսեն՝ «մեղք ես այսքան ծեծի կ՛ենթարկուիս, ահա ձեր տեղեկութիւնները։ Պարզապէս վկայէ»։ Անդրանիկ կը պատասխանէ՝ «ես բան մը չեմ գիտեր»։ Ահա ԻՍԿԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ։

Անդրանիկ երջանիկ էր իր ընտանեկան կեանքով. տունը ազգային հնոց մը եղաւ։ Իր կինը Ալիս՝ Նիւ Ճըրզիի՝ ՀՕՄի Շաքէ մասնաճիւղի անդամ ապա ատենապետուհին էր։ Սօսին՝ Նիւ Եորքի Համազգայինի թատերականի ապա ԱՄՆԻ Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, Լուսին՝ Նիւ Եորքի ՀՕՄի Մայր մասնաճիւղի անդամուհի, Հուրին՝ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի մասնաճիւղի անդամ եւ ներկայիս ատենապետուհին։ Թոռները՝ Թամար, Սամուէլ, Արա, Լորի ՀՄԸՄի աշխոյժ սկաուտներ են, որոնք այս տարի Հայաստան պիտի երթան ՀՄԸՄի բանակումին մասնակցելու։
Ամերիկա հաստատուելէն ետք, առողջապահական պատճառներով չկրցաւ վերամիանալ շարքերուն, սակայն մնաց նոյն անխախտ հաւատքի տէրը։ Ղարաբաղի եւ Հայութեան գլխէն անցածներուն մասնակից եղաւ։ Քանի մը տարի առաջ երբ Ղարաբաղ պիտի երթայինք Ժանէթն ու ես, համեստօրէն մօտեցաւ եւ ըսաւ «այս դրամը տարէք զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն»։ Տարինք, ստացականնրը բերինք։ Գոհ էր իր ընձեռած օժանդակութեան համար։ Տեղեկացայ նաեւ որ իր մահէն առաջ, իր զաւակներուն նորէն գումար յատկացուցած էր որ՝ «տանին Ղարաբաղ»։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 6ին առաւօտեան ժամը 11ին, Նիւ Ճըրզիի՝ Սրբ. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Խօսք առին Լուսին Գարճեան ընտանիքին կողմէ, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան եւ Տէր Յովնան Պօզոյեան։ Դագաղը կը ծածկէր իր պաշտած Եռագոյն դրօշակը։ Թաղումը կատարուեցաւ Ֆերվիւ գերեզմանատան մէջ ձեռամբ Տէր Յովնան Պօզոյանի։ Դագաղին շուրջ հաւաքուած ընկերները հողին յանձնելէ առաջ երգեցին՝ «ահա հանգիստ հող կը մտնեմ…»՝ դաշնակցականի՝ «մնաք բարով»ի ծանօթ երգը։ Եռագոյնը պատշաճօրէն ծալլուեցաւ իր ՀՄԸՄական թոռներուն կողմէ։
Վերը նշուածները կը վկայեն արդէն Անդրանիկի մէջ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ վեհ յատկութիւնները։
Բարի էր, օգնող, երբէք գանգատող, միշտ դրականին հաւատալով եւ մասնակցելով։
Իր մահէն շաբաթ մ՛առաջ այցելութեանս առթիւ, ինծի տուաւ իր կեանքի փիլիսոփայութեան խտացուած արտայայտութիւնը։ Իրեն համար կեանքի երջանկութեան չափանիշը հետեւեալն էր՝ ըսաւ. «Երբէք չզղջաս»։ Բարդ, խորունկ իմաստալից արտայայտութիւն մը արդարեւ։ Չզղջալ՝ կեանքի մէջ իրագործած արարքներուն համար։ Հպարտութեամբ ետ նայիլ իրագործումներուն… Արդարեւ երջանիկ է այն մարդը, որ չի զղջար իր կտրած ճանապարհին համար։
Սիրելի Անդրանիկ, աչքերդ փակեցիր առանց զղջումի… Շրջապատուած՝ կեանքիդ ընկերոջ՝ Ալիսի, չորս զաւակներովդ, փեսաններովդ՝ Տիգրան, Օհան եւ Նազարէթ եւ ԵՕԹԸ թոռներովդ։
Անարատ կեանք մը վարեցիր։ Հարազատներուդ, բարեկամներուդ, ծանօթներուդ, ազգիդ՝ ԽՐՈԽՏ, ԳԻՏԱԿԻՑ, ԽՈՆԱՐՀ հայու կերպար մը եղար։
Կը խոնարհինք՝ ԽՈՆԱՐՀ յիշատակիդ առջեւ, սիրելի Անդրանիկ։

 

 

The post ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐՃԵԱՆ -ԽՈՆԱՐՀ ՀԱՅՈՒ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԿԵԱՆՔԸ - appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles