Հարիւրամեակի խորհրդանիշն է անմոռուկ ծաղիկը, որուն վրայ գծուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ կարգախօսն է “Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ“:
Անմոռուկ ծաղիկը բոլոր լեզուներուն մէջ ունի նոյն իմաստը՝ յիշել, չմոռնալ:
Խորհրդանիշ ծաղիկը ունի չորս հիմնական գոյնի բաղադրիչ՝ մանիշակագոյն, բաց մանիշակագոյն, դեղին եւ սեւ: Ընտրուած գոյները, ըստ Սարգսեանի, նոյնպէս խորհրդանշական են եւ կը ներկայացնեն անցեալի, ներկայի ու ապագայի խորհուրդը: Սեւ գոյնը կը խորհրդանշէ Եղեռնի սարսափներն ու յիշողութիւնը ցեղասպանութեան մասին՝ անցեալ: Ներսի ճառագայթայ եւ բաց մանիշակագոյնը բոլորին հոգեհարազատ գաղափարին համամասնակից ըլլալն է՝ ներկայ: Որպէս խորհրդանշանի գերակշռող գոյն մանիշակագոյնը լայնօրէն տարածուած է հայկական ինքնագիտակցութեան հիմք հանդիսացող հայ եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ՝ ապագայ: Ծաղիկի կեդրոնը դեղին գոյնով պատկերուած է ապրելու եւ արարելու յոյս պարգեւող արեւի լոյսը՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը խորհրդանշող, շրջանաձեւ դասաւորուած 12 պատերու տեսքով՝ յաւերժութիւն:
Ծաղիկի հինգ թերթիկները այն հինգ ցամաքամասերն են, ուր հայ գաղթականները յայտնուեցան՝ ստեղծելով հայկական գաղութներ՝ ձեւաւորելով հայկական Սփիւռքը:
“Յատուկ ընդգծուած անհատականացուած կարգախօս է, որպէսզի այն արտասանելիս յիշենք մեր ընտանիքների պատմութիւնը, մեր վերապրած ողբերգութեան պատմութիւնը եւ այն պահանջը, որ տեսնում ենք այս համատեսքում, ներկայացնենք ամբողջ աշխարհին“, յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի աշխատանքները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը:
The post ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.