Image may be NSFW.
Clik here to view. ԵՐԵՒԱՆ. Երեքշաբթի, Մայիս 27ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Նախագահը վեհափառ հայրապետներուն եւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ քննարկեց պետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքին եւ սփիւռքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձան հայոց ազգային կեանքին մէջ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հայապահպանման կարեւոր դերակատարութեան եւ համահայկական խնդիրներու լուծման գործող բոլոր նուիրապետական աթոռներու, թեմերու եւ կառոյցներու ամէնօրեայ ջանքերուն: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Նախագահը եւ վեհափառ հայրապետներն ու ամենապահիւ հոգեւոր տէրը քննարկեցին նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով այդ երկրին մէջ ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայերու ներկայ վիճակին եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ դրուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակել եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ՝ Մայիս 26ին սկիզբ առաւ 100ամեակի շրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաքհանդիպումը:
Մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին: Հաւաքհանդիպման բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, պետական յանձնաժողովի անդամ, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող Վիգէն Սարգսեան, որ ընդգծեց, թէ նախաձեռնութիւններու ընդգրկումները տպաւորիչ պիտի ըլլան: Հրապարակուեցաւ պետական ձեռնարկներու խորհրդանիշը՝ Անմոռուկ ծաղիկը, որուն վրայ գծուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, եւ ծաղիկի 5 թերթիկները կը խորհրդանշեն այն ցամաքամասերը, ուր ջարդերէն մազապուրծ հայերը բնակութիւն հաստատած են: Նախաձեռնութիւնները ունին նաեւ կարգախօս՝ “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ“:
Ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ 100 տարի առաջ օսմանեան Թուրքիոյ նպատակն էր մէկ հայ ձգել եւ այն ալ թանգարանին մէջ: Բայց, ըստ Յակոբեանի, այսօր հայերը ունին երկու պետութիւն եւ օտար ափերուն մէջ հիմնադրուած եւ հայանպաստ գործունէութիւն իրականացնող հայահոծ հզօր համայնքներ: Հաւաքին ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան եւ ուրիշներ: Անոնք ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած՝ շրջաններուն մէջ կատարուած ձեռնարկները եւ յառաջիկայ աշխատանքները:
Նախարար Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը վերջին երեք տարիներուն Ցեղասպանութեան նիւթով կազմակերպած է 18 համաժողովներ եւ գիտաժողովներ, որոնց մասնակցած են շուրջ երեք հարիւր գիտնականներ, իրաւաբաններ եւ փորձագէտներ:
Նշենք թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան հարիւրամեակի հաւաքներուն համար, պաշտօնապէս Հայաստան հրաւիրած էր Թուրքիոյ նախագահը: Միաժամանակ, Սարգսեան ընդգծեց, որ այս բոլորով հանդերձ՝ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ թշնամանք չկայ, Երեւան կը փորձէ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ կապեր հաստատեն ու գտնեն հաշտեցման ուղին:
“Ճիշդ այդ նպատակով կը փորձէինք եւ հիմա ալ հաւատարիմ կը մնանք Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման ու հայթրքական սահմանի բացման, թէեւ այսպիսի ցանկութեան մասին միայն յայտարարութիւններ կը լսենք թրքական կողմէն: Եթէ ցանկութիւնը իրապէս անկեղծ է, ապա Թուրքիա լաւ գիտէ Հայաստան Թուրքիա հաշտեցումը կեանքի կոչելու ուղին“, յայտնեեց Սարգսեան:
Թուրքիոյ նախագահին կողքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն շարք մը պետութիւններու նախագահներ հրաւիրած է յաջորդ տարի 24 Ապրիլին այցելելու Հայաստան: Նախագահը երէկ կրկին կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու այս աննախադէպ ոճիրը:
The post ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.