ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Ապրիլ 2014-ի բացառիկ
Այս գրութիւնը, առնուած է Գրիգոր Գրաճեանի »Վերադարձ Դէպի Անցեալ« գիրքէն, որ լոյս տեսած էր 2013-ին: »Վերադարձ Դէպի Ախթամար«ը գրուած է 2010-ին եւ այն օրերուն, երբ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումը պիտի կատարուէր
- Ախթամար Ս. Խաչ եկեղեցիի օծման արարողութեան պիտի երթա՞ս:
- Պիտի երթամ, որպէսզի ներկայութեամբս ցոյց տամ աշխարհին, թէ եկեղեցին մերն է. մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան եւ դատին անբաժան մէկ մասնիկն է:
- Պիտի չերթամ, որպէս քաղաքական ,աքթե, ցոյց տալու, թէ մեր պահանջքները չեն իրականացած տակաւին: Մենք մեր ուզած ժամանակ պիտի երթանք:
Պոլսոյ Սապիհա Կէօքչէն օդակայանին մէջ բարձրախօսը կը յայտարարէ, թէ Կարս մեկնող ճամբորդները պարտին ուղղուիլ դէպի թիւ 1125 սպասման սրահը: Նորակառոյց օդակայանին պատերը զարդարուած են Թուրքիոյ առաջին կին օդաչու Սապիհայի եւ Աթաթուրքի նկարներով: Անխուսափելիօրէն կը յիշենք Հրանդ Տինքը: Տինք կը բացայայտէ Սապիհա Կէօքչէնի հայ արմատներ ունենալը: Պոլսոյ նահանգապետը կ՛ազդարարէ Տինքը, որպէսզի դադրի այս տեսակ վնասակար յայտարարութիւններ կատարելէ: Հայորդին կը մնայ անդրդուելի: Կարճ ժամանակ մը ետք մութ ձեռքեր կը սպաննեն Հրանդ Տինքը:
Օդանաւին ճամբորդներուն իննիսունհինգ տոկոսը հայ է, մեծ մասամբ պոլսահայեր են, որոնք ուխտագնացութեան կ՛երթան Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին:
Միեւնոյն ,երկար սենեակինե մէջ փակուած, մօտ տասը հազար մեթր բարձրութեան վրայ օդէն ,կախուածե, իրարու մօտ նստած ուղեւորները կ՛ունենան իրենց առաջին շփումը: ,Ո՞վ ես, ուրկէ՞ կու գասե. թրքախառն հայերէնէ մը ետք, խօսակցութիւնը կ՛ընթանայ ամբողջութեամբ հայերէն լեզուով: Հայրենակիցներս հարցումներու տարափով մը կը մտնեն մտերմանալու գործընթացին մէջ. , ինչպէ՞ս է այնտեղի հայերուն վիճակըե, ,Հիմա խաղա՞ղ է, կռիւը վերջացա՞ւե: Իրենք ալ ունին անշուշտ իրենց հարցերը եւ մտահոգութիւնները, օրինակ` ինչպէ՞ս պահել Պոլսոյ մէջ գործող հայկական 33 եկեղեցիները եւ 17 վարժարանները: Մեծ ճիգ կը թափեն Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիները վերանորոգելու եւ վերաբանալու Սեբաստիոյ, Տիգրանակերտի եւ Ախթամարի օրինակով:
Պատմական եւ քաղաքական հետաքրքրութիւններ ունեցող Յակոբը բաղդատականներ կ՛ընէ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եւ պատմութենէն օրինակներ կը բերէ:
- Թուրք ղեկավարները առաջին համաշխարհային պատերազմի պարտութենէն ետք կրցան նոր պետութիւն ստեղծել շրջանին մէջ հզօր ներկայութեամբ մը: Երկրորդ պատերազմի նախօրեակին անոնք յաջողեցան ընդարձակել սահմանները, Ալեքսանտրէթի բարեբեր շրջանը միացնելով Թուրքիոյ: Իսկ մեր ղեկավարները չեն կրցած նոյնիսկ եղածն ալ պահել եւ կորսնցուցած են Կարսը, Արտահանը, Արարատը …:
Մէկ ու կէս ժամուայ թռիչքը արագ կ՛աւարտի եւ բարձրախօսով կը յայտարարուի թէ արդէն հասած ենք Կարս (Կարս, Կարս, Կարս, Հայրենի հարս …): Կը խնդրուի աթոռները գրաւել եւ կապել գօտիները:
Դաշտային Կարսի մէջ գտնուող օդակայանը, զինուորական օդակայան մը յիշեցնող կոկիկ կառոյց մըն է: Պատմութեան վերադառնալով կը մտաբերեմ իննիսուն տարիներ առաջ կատարուած թռիչքը, թերեւս հայ օդաչուի մը վերջին թռիչքը այս վայրէն դէպի Երեւան, գուժելու համար Կարսի անկումը:
Կարսը Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններուն ամենէն մօտիկ քաղաքներէն մէկն է: Ռուսական ոճով կառուցուած բնակարանները եւ շէնքերը, իրենց նորոգուած կամ հնամենի վիճակով, կարծես կ՛աղաղակեն թէ ներկայի բնակիչները, այս վայրին իսկական տէրերը չեն:
Կարսի հռչակաւոր բերդը կը գերիշխէ քաղաքին: Ինչպէս դարասկիզբին, ներկայիս ալ ան ռազմագիտական պատկառելի դիրքի մը վրայ կը գտնուի:
Ըստ մեր շրջապտոյտի յայտագրին` պանդոկ տեղաւորուելէ եւ կարճ հանգիստէ մը ետք պէտք էր ուղեւորուէինք դէպի Անի:
Կարսի նահանգին մէջ գտնուող այս մեծ եւ տարածուն քաղաքը ամայի է, երկա՜ր, շատ երկար ժամանակէ ի վեր: Մուտքի ամրակուռ պարիսպը ապացոյց է անցեալին քաղաքը պաշտպանելու համար թափուած ճիգերուն, ամէն տեսակ յարձակողներու դիմաց իսկ Արբաչայ-Ախուրեան կիրճը, Անիի անմատչելի բնական սահմանն է արեւելեան կողմէն: Սմբատ եւ Գուրգէն Բագրատունիներու հիմնադրած հազար եւ մէկ եկեղեցիներու քաղաքէն ներկայիս կիսականգուն կը մնան քանի մը եկեղեցիներ: Մայր տաճարը, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ մասամաբ կանգուն մնացած մի քանի շինութիւններ կը վկայեն հայ ժողովուրդի մտքի եւ քաղաքակրթութեան բարձր մակարդակին մասին: Վեհ եւ խորհրդաւոր են եկեղեցիները, մանաւանդ ամբողջական լռութեան մէջ: Սակայն այդ լռութիւնը կը խախտի մեր խումբին անդամներուն ներկայութեան: Բոլորիս մէջ անդիմադրելի մղում մը կայ աղօթք մը մրմնջելու, բան մը ըսելու, հետք մը ձգելու մեր նախահայրերէն սկսած եւ մեզմով շարունակուող կեանքի երկար շղթային վրայ: Հաւաքաբար , Հայր մերե ով մը, կարճ ժամանակի մը համար կը վերակենդանացնենք սրբատեղիները եւ անոնց կը մաղթենք մնալ կանգուն, յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:
Անիի եռուն եւ աղմկոտ շուկայէն մնացած են փոքր կրպակներու հետքերը: Անցեալին, մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող այս մեծահամբաւ քաղաքի վաճառականները, հայ ճարտար արհեստաւորներուն կաւէ, յախճապակիէ, մետաղներէ պատրաստած յարգի անօթները կը վաճառէին գնորդներուն: Ներկայիս անկենդան եւ ամայացած քաղաքէն կը լսուի Ախուրեանի միւս ափին, Հայաստանի քարակոփներուն տուֆ քարի պեղումները:
Անի քաղաքը պեղելու ու ճանչնալու համար երկար ժամանակի կը կարօտի մարդ: Ագահօրէն նկարելէ ու նկարուելէ ետք կը բաժնուինք Անիէն, ամէն մէկս խորասուզուած մտքերու մէջ:
- Ա՛յսքան մօտ Հայաստանի սահմանին, սակայն այնքան հեռու:
- Ամենայն հայոց բանաստեղծ` Յ. Թումանեանի հետազօտելու նախասիրած վայրն էր Անին: Ան մտաւորական իր բարեկամներուն հետ յաճախ կ՛այցելէր, պեղումներ կատարելու նպատակաւ եւ ծրագիրներ կը մշակէր վերականգնելու Անին:
- Կիլիկեցիներուս համար ,հայրենիքե էր, ուրկէ մեր նախնիները Սելճուքեան արշաւանքներէն ճողոպրած` Կիլիկիոյ լեռնային ու դաշտային շրջաններուն մէջ նոր հայրենիք մը ստեղծեցին:
Անիի մեռելային, ճնշիչ մթնոլորտը մասամբ մը կը փարատի երբ կը յայտարարուի, թէ նախքան ընթրիքը, գնումի պիտի երթանք Կարսի շուկան:
Կարսը նշանաւոր է իր մեղրով եւ պանիրով: Խումբին տիկինները անհամբեր են գնելու մեղրամոմով ,պալե, թրքերէնով` մեղր եւ ,կրավիւրե, պանիր: Ըստ երեւոյթին թուրքերը ռուսերէն սորված են ,կրիւյերե պանիրի պատրաստութիւնը, զոր մինչեւ օրս կը կիրարկեն:
Մէկական շերտ պանիրով պարենաւորուած, մտքերու փոխանակում մը կ՛ունենանք Ֆրանսայէն եւ Ամերիկայէն եկող երիտասարդներու հետ: Ամերիկայէն Բաբգէն կը խորհրդածէ `,Թրքական բանակը, իր արդիական կազմածներով կը հաշուէ մէկ միլիոնէ աւելի զինեալներ, իսկ, եթէ հաշուի առնենք պահեստիները, տասնհինգ միլիոնը կ՛անցնի. մեր հայկական բանակը ինչպէ՞ս կրնայ դէմ դնել այս տեսակ ուժի մը: Ինչո՞ւ չի մտածուիր սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար զինուորական ծառայութեան համակարգ մը ստեղծել Հայաստանի մէջ, փոխանակ զգացական եւ երեւակայական արտայայտութիւններով նոր սերունդները զբաղեցնելու կամ հակառակորդ փնտռելու ամէն մէկ հայու մէջ եւ անոնց հայրենասիրական դասեր տալուե: Ֆրանսայէն` Սիմոն կ՛ափսոսայ Էրզրումի, Կարսի, Վանի կորուստը եւ կը շարունակէ. ,Տարիներէ ի վեր կ՛երգենք, Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով, տարիներ ըսինք, թէ այս հողերը մերն են, ե՞րբ պիտի լրջօրէն նստինք եւ ծրագրենք, թէ տրամաբանօրէն ի՞նչ կուզենք եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի կրնանք հասնիլ մեր նպատակին: Ամէն բանին ժամանակը կայ. պատերազմի ատեն, եթէ լաւ կռուինք, խաղաղութեան ժամանակ կրնանք պաշտպանել արեան գնով շահուածըե:
Ընթրիքէն ետք մտքերու փոխանակումը կը շարունակուի, մինչ լուսինը կը սահի մեր իջեւանած պանդոկին` Simer-ի վրայէն, անցնելով բարձունքին վեհօրէն կանգնած Կարսի բերդին կռնակը:
Յաջորդ առաւօտ երկար օր մը կը սկսէր խումբին համար: Նախ պիտի այցելէինք Կարսի մէջ, ներկայիս մզկիթի վերածուած Առաքելոց հայկական եկեղեցին եւ անոր կից, բերդ ելլող Կարսի հին թաղամասերը: Ապա պիտի անցնէինք Վարդանի կամուրջէն, գետին եզերքը գտնուող հին լոգարանները մօտէն դիտելու:
Կէսօրուան մօտ, հրաժեշտ կուտանք Կարսին, ուղղուելով դէպի հարաւ-արեւելք: Վերջին անգամ ըլլալով մեր հայեացքը կը սեւեռենք Կարսի բերդին, որ իննիսուն տարիներ առաջ, այս օրերուն ապրած էր օրհասական վայրկեաններ: Հոկտեմբեր 30, 1920-ին, թրքական բանակը` հրամանատարութեամբ Քեազիմ Քարապեքիրի, առանց կռուի գրաւած էր ամրոցը եւ ամբողջ քաղաքը: Թուրքերը ամիսներով զէնք ու զինամթերք փոխադրած էին բերդէն, իսկ հայկական բանակի սպաներն ու զինուորները, թիւով մօտաւորապէս երեք հազար, յանձնուած էին թուրքերուն: Անոնք ենթարկուած էին անպատմելի չարչարանքի եւ անոնցմէ երեք հարիւր հոգին միայն կրցած էին վերադառնալ Հայաստան, Կարսի թուրք-սովետական դաշնագրէն ետք:
Երեք ,օթօպիւսեներու կարաւանը կը մօտենայ Արաքսի ափին: Ուխտաւորները ծափերով եւ բացագանչութիւններով կ՛ողջունեն Մայր Արաքսն ու Հայաստանը: Ամէն կողմէ կը լսուի ,ղուրպանդ ըլլամ Հայաստանե արտայայտութիւնը:
Յաջորդ հանգրուանը Նոր Պայազիտն է, Իսհակ Փաշային պալատը: Ճամբու ամբողջ տեւողութեան, մեզի կ՛ընկերակցին մեծ եւ փոքր Մասիսները: Մեծը` հպարտ եւ իր ձիւնածածկ գագաթը տեւապէս ամպերէն վեր, փոքրը` ամօթխած, ինքզինք կը բացայայտէ ատենը անգամ մը:
Նոր Պայազիտի լեռներուն վրայ հոյակապ պալատ մըն է Իսհակ Փաշային ամրոցը: Մուտքի թրքերէն եւ օտարալեզու ցուցատախտակները ոչ մէկ ակնարկութիւն ունին Իսհակ Փաշայի հայկական ծագումին կապակցութեամբ: Մզկիթի, ամրոցի եւ եկեղեցիի խառնուրդ այս շինութիւնը խումբին մէջ կը ստեղծէ զայրոյթ: Հայաստանէն եկող Վաչէն կառոյցին մէջ հայկական խորհրդանիշներուն ակնարկելով կ՛ըսէ. ,Պարզապէս մեր ճարտարապետական հարստութիւնները գողցած ենե: Պոլսէն Հերմանը ընդվզումով կը յայտնէ. ,Ու՞ր է ասոնց պատմութիւնը, որո՞նք են ասոնց շինութիւնները: Ասոնք միայն գրաւել եւ իւրացնել գիտենե:
Լուսնի լոյսով կը հասնինք Վան: Ոմանք կը նախընտրեն պանդոկը տեղաւորուիլ, ընթրել ու քնանալ, յաջորդ օրուան պատրաստ ըլլալու. իսկ ուրիշներ, կ՛իջնեն ծովու ափը ու լուսնի շողերով ողողուած արծաթագոյն Վանայ ծովը կը վայելեն:
Պատմական օր մը ապրելու հեռանկարով ճամբայ կ՛ելլենք առաւօտ կանուխ: Կը խօսուի հազարաւոր ուխտաւորներու ժամանման մասին: Կղզի տանող նաւերը բաւարար կրնային չըլլալ, ուրեմն պէտք էր որ վայրկեան առաջ հասնէինք նաւամատոյց: Բոլորին աչքերը յառած են դէպի ծով, հեռուէն, առաջին անգամ տեսնելու համար Ախթամար կղզին:
Կը հասնինք նաւամատոյց. շատ մարդ չկայ այնտեղ: Երկու նաւերու մէջ տեղաւորուելով ճամբայ կ՛ելլենք դէպի Ախթամար:
Ծովուն մէջ, հեռուէն երեւցող քարակոյտը կամաց-կամաց ձեւ կը ստանայ եւ ահա կը տեսնուին թրքական դրօշակը եւ եկեղեցիին գմբէթը: Քարափ ելլելով, կարծես հայկական հողի վրայ ենք արդէն: Կը փութանք բարձրանալու աստիճաններէն վեր եւ վերացած` կ՛ունկնդրենք պատարագի առաջին հնչիւնները:
Աջ կողմի բացատին վրայ զետեղուած են Վանի քաղաքապետութեան տրամադրած լուացարանները: Աւելի վեր շտապ օգնութեան վրաններն են, որոնց շուրջ նարնջագոյն տարազներով երիտասարդներ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են: Ձախ կողմի վրայ կ՛երեւայ կարմիր ուղղաթիռ մը, հաւանաբար Պոլսէն ժամանած պատրիարքական փոխանորդին եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերուն համար: Անոր մօտ կայ լրագրողներուն յատկացուած վրանը, ուրկէ պատմական այս օրուան նկարագրութիւնը կը սփռուի աշխարհի բոլոր լրատուական միջոցներուն:
Եւ ահաւասիկ հսկայ, տիրական Ս. Խաչ եկեղեցին: Պատարագը սկսած է արդէն եւ բազմահազար ջերմեռանդ ժողովուրդը անոր կը հետեւի երկիւղածութեամբ:
Այստեղ խմբուած են Պոլսոյ ,Մարալե պարախումբի երիտասարդները, կապոյտ շապիկներ հագած: Անդին` խումբ մը հաւատացեալներ, փայտէ փոքր խաչեր վեր բռնած, կը հետեւին արարողութեան: Հեռատեսիլային երկու հսկայ պաստառներ, զետեղուած` եկեղեցիէն դուրս, կը սփռեն պատարագը:
Մարդոց անսովոր եռուզեր մը նկատելի է կղզիին վրայ եւ եկեղեցիին շուրջ: Ոմանք եկեղեցիէն դուրս գտնուող մոմասեղաններուն առջեւ են, աղօթքով եւ մոմավառութեամբ զբաղած: Ուրիշներ կը մտնեն եկեղեցւոյ խորանին կից աւանդատունը, ականատեսի աչքերով տեսնելու խորանը: Քիւրտ տղաք կը շրջին բազմութեան մէջ Յիսուսի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նկարները վաճառելու` որպէս կուրծքի զարդարանք: Երբ կը հարցուի իրենց թէ այդ որու՚ նկարն է, կը պատասխանեն.
- Չենք գիտեր. Էրմէնի տըր, հայ ըլլալու է:
Հնախուզական աշխատանքի մը լծուած` կը շրջինք եկեղեցիին չորս կողմը, փորձելով մտովի վերակենդանացնել կղզիին անցեալը:
Ամբողջ քաղաք մը` մինչեւ վեց հազար հոգի պատսպարող, գոյութիւն ունեցած է կղզիին վրայ:
Արդեօք կարելի՞ է գտնել նաեւ ռմբակոծման հետքեր կղզիին արեւմտեան ծովափը: Արդարեւ, հարիւր վեց տարի առաջ, անզուգական Անդրանիկ փաշան խումբ մը ֆետայիներու հետ կղզի ապաստանած` ուզած էր ասպարէզ կարդալ Օսմանեան պետութեան: Թրքական բանակի միաւորներ նաւակներու վրայ հաստատուած թնդանօթներու օգնութեամբ փորձած էին կղզի հասնիլ, սակայն ամէն անգամ, որ մօտեցած էին ափին, ազատամարտիկներուն արձակած համազարկը արգելք հանդիսացած էր եւ մեծաթիւ զոհեր տալով հեռացած էին: Մի քանի օր այսպէս թրքական բանակը ահազանգային վիճակի մատնելէ ետք, ֆետայիները գիշերով ձգած էին կղզին եւ ապահով հասած` Վանայ ծովուն արեւելեան ափը, իսկ թուրք զինուորները, ֆետայիներուն մեկնումէն օրեր ետք, չէին համարձակած մօտենալ կղզիին:
Ախթամար կղզիին վրայ տեղի ունեցող այս պատմական օրուան նկարագրականը փոխանցող օտար թղթակից-լրագրողներ կը շրջին ներկաներուն մէջ, որպէսզի նոր բան մը ,որսանե եւ լուրը հաղորդեն աշխարհին: Կը հարցուի ամէն բան եւ կը պատմուի ամէն բան. հայոց ցեղասպանութիւնը, անմարդկային միջոցներով գործադրուած տեղահանութիւնը, կղզիին եւ եկեղեցիին պատմականը, ներկայի մեր պահանջքները, մեր իրաւունքներուն անժամանցելիութիւնը:
Հակառակ կարծիք չկայ այստեղ: Մեծ ոճիր մը գործուած է. պատասխանատուն պէտք է ընդունի եւ հատուցում կատարէ:
Այլեւս վախ կամ ընկրկում չկայ: Ընդհանուրին տեսակէտը այն է թէ թուրքը քանդած եւ աւերած է. հիմա ինք պարտաւոր է նորոգելու եկեղեցին, խաչը տեղադրելու գմբէթին վրայ եւ մեր կրօնական գանձերը վերադարձնելու իրենց իսկական տէրերուն:
Պատարագի աւարտին տեղի կ՛ունենայ առաջին նշանախօսութեան արարողութիւնը: Երիտասարդ զոյգը կ՛աղօթէ եւ կը խնդրէ մօտիկ ապագային, նոյն եկեղեցիին մէջ արժանանալ պսակադրութեան շնորհքին:
Հաւաքական խոստովանանքէն ետք, ներկաները` հայեր, քիւրտեր, նո՚յնիսկ թուրքեր հաղորդութիւն կը ստանան:
Պատարագիչ սրբազան հայրը կը խնդրէ առ Աստուած ընդունիլ ներկաներուն ուխտը եւ արժանացնել յաջորդ տարուայ Ս. Խաչի տօնին:
Եկեղեցական արարողութիւնը վերջ գտած է: Այժմ հայերէն երգեր եւ պարեղանակներ Ախթամար կղզին կը վերադարձնեն իր հին օրերուն:
- Սեղանն է առատ, դիմացն` Արարատ …:
Գեղջկական պարեղանակները կը խանդավառեն հայ եւ քիւրտ ներկաները, որոնք կը սկսին պարել, ծափերով եւ ,լիւ լիւե բացականչութիւններով:
Նկատելի է քիւրտերու ներկայութիւնը, որոնցմէ շատեր այս առթիւ հեռաւոր վայրերէ եկած` իրենց հայկական ծագումը կը բացայայտեն, երբեմն նոյնիսկ իրենց անունները` Սերոբ, Մուրատ, որպէս փաստ բերելով:
Աշխարհացրիւ հայութիւնը վերադարձած կը թուի ըլլալ իր պապենական հողերը: Ուխտաւորներ ամէն տարիքի, աշխարհի չորս ծագերէն եկած են բարձրաձայն աղաղակելու, թէ Ախթամարը մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան մէկ մասնիկն էր, ներկայիս մերն է ու այդպէս ալ պիտի մնայ առ յաւէտ:
Հասած է մեկնումի պահը. ժողովուրդը ծովափն է` ոմանք կը լողան, ամբողջ մարմնով օծուելու Վանայ ծովու սուրբ ջուրով` ուրիշներ իրենց երեսները կը լուան եւ կը խաչակնքեն: Դժուար է բաժնուիլը Ախթամարէն, որ դարէ մը ի վեր օտար ձեռքերու մէջ էր, իսկ հիմա հայութեան ,վերադարձուածե է:
Մինչեւ ցամաք, նաւուն կամրջակին վրայ ոտքի կանգնած, Պոլսէն Նազարէթն ու Օհաննէսը անցեալը կը վերյիշեն: Կը խօսին Գրիգոր Զօհրապի եւ Վարդգէսի սպաննութեան, Թալէաթի տրուած արդար պատժին, Հրանդ Տինքի յանդուգն պայքարին մասին: Զապէլ Եսայեանի Կիլիկիոյ 1909 –ի աղէտը նկարագրող
,Աւերակներուն Մէջե գիրքէն (վերահրատակուած Պոլսոյ ,Արասե հրատարակչատան կողմէ) մէջբերումներ կ՛ընեն:
Ահաւասիկ քաղուածք մը այդ գիրքէն:
, Երկու տղաք առանձնացած կը խօսակցէին:
- Հայր ունի՞ս:
- Ո՚չ:
- Մա՞յր:
- Ոչ:
- Ես ալ հայր-մայր չունիմ:
- Սպաննեց՞ին:
- Այո:
- Իմս ալ սպաննեցին:
Երկար, ցաւագին լռութիւն կը տիրէ ու քիչ յետոյ:
- Կուզե՞ս որ եղբայր ըլլանք իրարու:
Ու զիրար կ՚որդեգրենե:
Բարձր տրամադրութեամբ ցամաք կը հասնինք եւ մեր ,օթոպիւսեները կը տանին Վանի հոյակապ բերդը: Այստեղ, իննիսունհինգ տարիներ առաջ, մայիսի պայծառ առաւօտ մը, մէկ ամիս թրքական կանոնաւոր բանակին դէմ կռուելէ եւ զանոնք դուրս վտարելէ ետք, Վանեցիք ազատութեան դրօշը պարզած էին վանայ բերդին վրայ:
Երեկոյեան ընթրիքը կ՛ընենք Վանի շքեղ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ,կենացեներու, ,կեցցէե ներու ուրախ բացագանչութիւններով:
,Եկանք, տեսանք եւ յաղթեցինքե-ի տրամադրութիւնը ներկայ է բոլորիս մէջ:
Սակայն, ներողամիտ գտնուեցէք, հոս չէ որ կանգ կ՛առնէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան պատմութիւնը: Օրը տակաւին երկար է եւ անակնկալներ վերապահուած են մեզի:
Կիրակի իրիկուն, Վանի մարմնամարզութեան պալատին մէջ, կուսակալին, քաղաքապետին, հասարակական ներկայացուցիչներուն, Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդին եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի կ՛ունենայ երգի եւ պարի ելոյթ: Քառասուն հոգիէ բաղկացած Պոլսոյ ,Վարդանանցե երգչախումբը կը հմայէ ներկաները իր ժողովրդական երգերով: Տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Վանի մէջ կը հնչէ կոմիտասեան երաժշտութիւնը: Իսկ Պոլսոյ ,Մարալե պարախումբի պարմանուհիները, իրենց նազանքով եւ տղաքը իրենց առնական ճկուն շարժումներով կը դիւթեն հայ եւ քիւրտ հասարակութիւնը: Յայտագրին մաս կը կազմէ Ախթամարի պատմութիւնը փոխանցող պարային կենդանի պատկեր մը: Թէ ինչպէս սիրահարուած տղան, լողալով ճամբայ կ՛ելլէ կղզիէն դէպի ցամաք եւ խաբուելով աղջկան հօր մերթ ընդ մերթ ճօճած լապտերի լոյսէն, ասդին-անդին լողալէ ետք ուժասպառ, նախքան խեղդուիլը կը հառաչէ. ,Ա՜խ Թամար, ա՜խ Թամարե:
Ուրեմն, սիրելի ներկաներ, կղզին կը կոչուի Ախթամար եւ ոչ` Աքտամար:
Յաջորդ օրուան Van Times-ը, բացառիկ թիւով մը նկարագրականը կու տայ Կիրակի օրուան տօնախմբութիւններուն: Քառալեզու (անգլերէն, պարսկերէն, քրտերէն եւ թրքերէն) թերթը սկսած է լոյս տեսնել հայերէն բաժնով մըն ալ: Ս. Պատարագի օրը, Van Times-ի առաջին էջին վրայ գրուած է հայերէնով. ,Բարի եկաք Վանե: Քարտէզով մը կը ներկայացուի Վանայ ծովուն շուրջ գտնուող հայկական իննիսուն եկեղեցիներու պատմականը եւ խմբագրականին մէջ կը բացայայտուի թէ այսուհետեւ, գործակցաբար Պոլսոյ ,Ակօսեին, չորս լեզուներու կողքին պիտի աւելնայ նաեւ հայերէնը:
***
Վանի օդակայանին մէջ, հրաժեշտի ողջագուրումները, հասցէներու փոխանակումները, վերջին անգամ նկարուելու փափաքները յաւելեալ իրարանցում մը կը ստեղծեն: Ուխտաւորները, երկու տարբեր օդանաւներով պիտի փոխադրուին Իսթանպուլ: Պոլսահայերուն ,աղբարիկ- քոյրիկե արտայայտութիւնը գերակշռող է ամէն մէկ նախադասութեան մէջ:
Աղթամար կղզին եւ Ս. Խաչ եկեղեցին աւելի եւս մօտեցուցած են մեզ իրարու: Այսուհետեւ դարձած ենք եղբայր-քոյր, որդեգրած ենք զիրար:
Առաւօտեան ժամը մէկ ու կէսն է, Իսթանպուլի Մ. Ք. Աթաթիւրք օդակայանը:
Անցագիրս կը ներկայացնեմ սահմանապահ պաշտօնեայ ոստիկանին:
- Հա՞յ ես, կը հարցնէ:
- Էւէթ (այո), էֆէնտիմ:
- Ս. Խաչ եկար:
- Այո, էֆէնտիմ, պիզիմ քիլիսէէ կէլտիմ( մեր եկեղեցին եկայ):
- Ոշ կէլտին ( Բարի եկար):
2010