Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի պայքարի պատմութեան վերջին հարիւրամեակին, “նահատակութիւն“ բառը ու անոր փորձառութիւնը բնութագրեցին մեր պատմութեան էջերն ու տարիները:
Կորուստն ու մահուան սարսափը դարձան ամէնօրեայ մտահոգութիւն, կարգ մը գաղութներու մէջ բարոյական իմաստով, իսկ այլուր` ֆիզիքական: Սակայն ինչեւիցէ, երկուքն ալ անբաղձալի եւ անթոյլատրելի են:
1915 թուականէն մինչեւ 2013 թուական – առանց հաշուելու նախքան 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը – արհաւիրքները յաջորդաբար հալածեցին հայկազնեան ազգի զաւակները, սկսելով Արեւմտահայաստանի ջարդերով… Կիլիկիոյ պարպում… Խորհրդային շրջանի անարդարութիւն ու անկրօնութիւն… Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդեր… Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմ… 1988ի աղէտալի երկրաշարժ… Արցախեան հերոսամարտ… Հրանդ Տինքի եւ այլոց ակնյայտ ահաբեկում… իսկ հիմա` Սուրիական արհաւիրք…:
Դժուար է հաշտուիլ այս բոլոր անարդարութեանց հետ, սակայն համայն աշխարհ շատ լաւ գիտէ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը, թէ ան չի յանձնուիր, անոր պատիւը չ՛ոտնակոխուիր, ան չի յաղթուիր, չ՛ընկճուիր ու չի տկարանար: Այս բոլորին փաստը հայ ժողովուրդի ներկայութիւնն է այսօր ամբողջ աշխարհով:
Այս տարի անգամ մը եւս կու գանք աշխարհին յիշեցնելու, թէ մենք թանգարանի մը մէջ չենք տեղադրուած, այլ մեր կեանքերը վերածած ենք հաւատքի եւ ամէնօրեայ պայքարի, որովհետեւ ասոնք են գրաւականը մեր գոյութեան:
Մեզ կը խրատեն թէ աշխարհը փոխուած է ու ժողովուրդներ պէտք է լեզու գտնեն իրենց դրացիներուն հետ… սակայն կու գանք հարց տալու թէ արդեօք մարդիկ փոխուա՞ծ են, ժամանակի պատմութեան հետ անոնց նկարագիրը որեւէ մէկ փոփոխութեան ենթարկուա՞ծ է, անոնց անմշակոյթ ու մարդասպան նկարագիրը արդեօք փոխուա՞ծ է: Ո՛չ, ո՛չ եւ ո՛չ: Փաստը ինքնին պատմութիւնն ու ներկան են: Ուրեմն ժամանակի փոփոխութիւնն ու նման արտայայտութիւններ երբեք չեն համընկնիր այստեղ եւ ընդհանրապէս հայ ազգին համար:
Ջարդարարին եաթաղանը անգամ մը եւս սկսաւ իր ոճրային թոյները սրսկել այս անգամ Սուրիահայոց վրայ: Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած արհաւիրքները, համայն հայ ազգին սրտերը կը յուզեն: Սակայն պիտի դիմանայ հայ ժողովուրդը, ինչպէս դիմացաւ ու պայքար մղեց պատմութեան ընթացքին:
Սուրիահայ եզակի գաղութը, որ արիւն եւ աւիշ կը հայթայթեր համասփիւռ հայ ազգին, այս օրերուն ինք կարիքը ունի այդ արեան եւ ուժին, որպէսզի կարենայ յաղթահարել անպատմելի ու աներեւակայելի դժուարութիւնները, որոնց միջով ամէն երեխայ, մայր ու հայր, մեծ մայր ու մեծ հայր կ՛անցնի ամէն օր: Մահուան սարսափը պատած է անոնց, սակայն այս կերպի մահը հայուն համար չէ եւ անընդունելի որեւէ մարդ արարածի համար, մանաւանդ երբ կ՛ապրինք այսպէս կոչուած “արդիականացած ու գիտականացած“ դարու մը մէջ, որ դժբախտաբար կը կառավարուի Աստուծոյ երկիւղն ու ներկայութիւնը չունեցող ղեկավարներով:
Յո՞ երթաս ո՜վ Աստուածաստեղծ աշխարհ…
Ջարդարարն ու անոր համախոհները թալանեցին Մշոյ Սուրբ Կարապետն ու անոր նման հազարաւոր կոթողներ, ու հիմա կը թալանեն Սուրբ Գէորգն ու Սուրբ նահատակացը, փլատակի կը վերածեն հայ ծերանոցը, ուսման ու մշակոյթի կեդրոնները, գործատեղիներն ու բնակարանները… կ՛արեւանգեն ու կը սպաննեն հայ ազգի զաւակները եւ կ՛ուզեն տեղահան դարձնել այնտեղ հաստատուած ժողովուրդը:
Ուրեմն դեռ ոչինչ փոխուած է պատմութենէն:
Սակայն երբ կը տեսնենք մեր ժողովուրդի կամքն ու ուժը, իսկապէս կը հիանանք մեր հերոսներով, որոնք օրն ի բուն կը պաշտպանեն հայու պատիւը, մեր ընտանիքները, կը հիանանք իրենց խիզախութեան եւ նուիրագործութեան վրայ, որոնք մեզի այսօր կը պատգամեն ըլլալու զօրաւոր, արժեւորելով հայու մեր նկարագիրը ու տէրը դառնալու այդ անգին գանձին:
Մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք Սուրիոյ մէջ կը պայքարին ի գին ամէն բանի, մեզի վստահութիւն կը ներշնչեն, թէ հայու կամքի ուժգնութիւնը չէ փոխուած, հայու նկարագիրը կը մնայ նոյնը, ինչպէս էր Մեծ Եղեռնի անգութ օրերուն ու անոր յաջորդող տարիներուն:
Հուսկ, այսօր համասփիւռ հայրեր մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուին, լաւ տեսնելու, գիտակցելու, արժեւորելու ու իրագործելու այն վեհ գործը, որ Քրիստոնեայ ու Հայ մնալու հրամայականն է:
Խունկ ու աղօթք մեր բոլոր նահատակներուն,
Յաւերժութիւն մեր Սուրբ եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ողջ հայ ազգին,
Օրհնեա՜լ ըլլան ու ապրին մեր հերոսները…