24 ապրիլին, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնական պողոտային վրայ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ասորի երեսփոխան Էրոլ Տորա, Անգարայի Մտքի ազատութեան նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Մահմութ Քոնուք, «Իսմայիլ Պեշիքչի» հիմնարկի պատուոյ նախագահ, ազգագրագէտ դոկտ. Իսմայիլ Պեշիքչի:
Հաւաքին մասնակիցները «Ճանաչում Հայոց ցեղասպանութեան» խորագրուած ցուցապաստառին առջեւ կարդացած են մամլոյ յայտարարութիւն մը: Հաւաքին մասնակիցները բարձրացուցած են Հրանդ Տինքի եւ 24 ապրիլ 2011-ին թրքական զօրամասի մը մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ընթացքին սպաննուած պոլսահայ Սեւակ Պալըքչըի լուսանկարները:
Հինգերորդ անգամն ըլլալով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն: Ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները ընթացք առին Հայտար փաշա երկաթուղային կայարանէն, ուր 24 ապրիլ 1915-ին մահուան կ՛առաջնորդուէին 220 հայ մտաւորականներ: Նստացոյցին մասնակիցները կը կրէին հայ մտաւորականներու նկարները: Խօսք առին Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութեան, «Ո՛չ ըսէ խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան» միութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Եւրոպական ժողովրդական հակացեղապաշտական շարժման ներկայացուցիչները:
Այնուհետեւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Սեւակ Շահին Պալըքճին յիշատակին, որ երեք տարի առաջ 24 ապրիլին սպաննուեցաւ բանակին մէջ: Ձեռնարկներուն շարքը աւարտին հասաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ` Իսթիքլալ պողոտային սկիզբը հաւաքուած էին Թուրքիոյ քաղաքացիներ, սփիւռքէն ժամանած հայեր: Կազմակերպիչները իրենց խօսքին մէջ մէկ առ մէկ նշեցին երկրի երեսէն բնաջնջուած հայկական շրջաններուն ու մահուան ուղիով քշուած հայ մտաւորականներուն անունները: Ձեռնարկը, որուն ամբողջ ընթացքին կը հնչէին հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր, տեւեց գրեթէ մէկ ժամ եւ աւարտեցաւ կազմակերպիչներուն կոչով` յաջորդ տարի նոյն վայրին մէջ հանդիպելու եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը նշելու:
Նախաձեռնութեան ընթացքին Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութեան շուրջ 2 տասնեակ անդամներ` դրօշներով, քիչ մը հեռուէն վանկարկումներով հանդէս եկան: Ոստիկանութիւնը թոյլ չտուաւ, որ երկու խումբերուն միջեւ բախում ըլլայ: