Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

2015-Ը` ԱՆ­ԿԻՒ­ՆԱ­ԴԱ՞ՐՁ

$
0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

Երբ կը խօս­ուի Մեծ Եղեռ­նի մօ­տա­լուտ հա­րիւ­րամ­եա­կին մա­սին, մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ կը ցու­ցա­բեր­ուին ոմանց կող­մէ: Չ՛ըս­ուիր սա­կայն, թէ ին­չի՞ վրայ կը հիմն­ուին այդ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը:

Ոմանք կը դա­տեն, որ ան­կիւ­նա­դար­ձի մը առ­ջեւ կը գտնուինք, ու մեր պայ­քա­րի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կը բաց­ուին մեր առ­ջեւ: Բայց այդ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ուր­կէ՞ կը ծա­գին, եւ ի՞նչ են, դարձ­եալ շատ յստակ չէ: Կար­ծես միայն այն իրո­ղու­թիւնը, որ հա­րիւր տա­րի ան­ցած պի­տի ըլ­լայ հա­յոց դէմ գործ­ուած Մեծ Ոճի­րին` Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրայ, բա­ւա­րար է, ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար այդ յու­սադ­րու­մը:

Պարզ ակ­նարկ մը մեր պատ­մու­թեան վրայ, սա­կայն, ցոյց կու տայ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը սկսած էր 1915-էն շատ առաջ, սկսած էր բազ­մա­թիւ կող­մե­րէ, բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Հա­յե­րը մաք­րա­գոր­ծե­լու, Հա­յաս­տա­նը հա­յա­թա­փե­լու եւ Հայ­կա­կան բարձ­րա­ւան­դա­կին տի­րա­նա­լու նկրտում­նե­րը հի­նէն, շա՜տ հի­նէն կու գան, ու դա­րե­րու ըն­թաց­քին այն­տեղ մեր թիւի շատ­նա­լուն տեղ նուա­զած ըլ­լա­լը ար­դիւնք է այդ փոր­ձե­րուն: Ար­դիւնք է նա­եւ մեր ու­նե­ցած (կամ չու­նե­ցած) ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան, որ հո­ղին կառ­չե­լու, զայն ամէն գնով պաշտ­պա­նե­լու եւ անոր տէր կանգ­նե­լու փո­խա­րէն, սե­փա­կան գլու­խը ազա­տե­լու եւ սե­փա­կան գո­յու­թիւնը օտար եր­կինք­նե­րու տակ շա­րու­նա­կե­լու, ատով ալ հա­ւա­քա­կա՛ն գո­յու­թիւնը կորսնց­նե­լու վտան­գին են­թարկ­ուե­լու ընտ­րան­քին վրայ հիմն­ուե­ցաւ:

Ասի­կա շատ պար­զու­նակ ներ­կա­յա­ցում մըն է, ի հար­կէ, ու այդ ըն­թաց­քին, թէ­կուզ վեր­ջին հա­զար տար­ուան ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, այս­ուա­մե­նայ­նիւ Հա­յը շա­րու­նա­կեց նա­եւ պայ­քա­րիլ, ու փրկել իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը: Ապա, 1915-ին յա­ջոր­դեց 1918-ը, կորս­ուած հայ­րե­նի­քին փո­խա­րէն կերտ­ուե­ցաւ նա­եւ հո­գե­կան հայ­րե­նիք մը, որ Սփիւռք բնո­րո­շու­մը ստա­ցաւ:

Եթէ 2015-ը բան մը կրնայ փո­խել մե­զի հա­մար – եւ այդ փո­փո­խու­թիւնը մեզ­մէ՛ պի­տի գայ, այդ` պի­տի ըլ­լայ այն գի­տակ­ցու­մը, որ Եղեռ­նը կանգ չէ առած, որ աշ­խար­հի երե­սէն մեր տե­սա­կի վերջ­նա­կան բնաջն­ջու­մը կը մնայ տա­կա­ւին մեր “թշնա­մի“նե­րուն ու մա­նա­ւանդ մեր “բա­րե­կամ“նե­րուն օրա­կար­գին վրայ: Եթէ գի­տակ­ցինք ասոր, կը հասկ­նանք նա­եւ թէ ին­չո՛ւ չա­կեր­տե­ցի այդ եր­կու բա­ռե­րը, որոնք դիւ­րաւ կրնանք մէ­կը միւ­սին տեղ գոր­ծա­ծել առանց վա­րա­նու­մի: Մա­նա­ւանդ գի­տակ­ցիլ, որ “չկան յա­ւի­տե­նա­կան թշնա­մի­ներ ու յա­ւի­տե­նա­կան բա­րե­կամ­ներ, կան յա­ւի­տե­նա­կան շա­հեր“: Հռո­մը մեր բա­րե­կա՞մն էր, թէ` թշնա­մին: Բիւ­զանդի­ո՞­նը: Պարս­կաս­տա՞­նը: Պաղ­տա­տի խա­լի­ֆա­յու­թի՞ւ­նը…

Ու­րեմն, եթէ մեր ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւնը հիմն­ուած ըլ­լայ մե՛ր շա­հին վրայ, այն ատեն աշ­խար­հին կը նա­յինք տար­բեր աչ­քով: Յաղ­թո­ղի՛ աչ­քով, ո՛չ պար­տուո­ղի: Յաղ­թո­ղի‘ քա­նի որ բո­լոր ջար­դե­րէն ետք, բո­լոր նախ­ճիր­նե­րէն ետք, բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րէն ետք, բո­լոր ար­տա­գաղ­թե­րէն ետք, վե­րապ­րե՛ր ենք: Ո՛չ թէ 100 տա­րի, ո՛չ թէ 1000 տա­րի, այլ 10 000 տա­րի: Զար­մա­նա՞լ, որ այդ­քան նա­խանձ, այդ­քան ատե­լու­թիւն, այդ­քան սադ­րանք ու ոճիր, կը շրջա­պա­տեն մեզ…

Այս բո­լո­րին դէմ յան­դի­ման, մե­րը ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւն մըն է եղեր ցարդ, այն ալ` գու­ցէ ո՛չ այն­քան յա­ջող, փո­խա­նակ ըլ­լա­լու հա­կա­յար­ձա­կու­մի ռազ­մա­վա­րու­թիւն: Եւ խնդրարկ­ուի` փո­խա­նակ պա­հան­ջա­տէ­րի: Ին­կեր ենք թա­կար­դը: Թշնա­մի ու բա­րե­կամ, իրե՛նք որո­շեր են խա­ղին օրէնք­նե­րը, ու մենք իրե՛նց խա­ղը կը խա­ղանք: Որ­քա՜ն ուժ, շունչ ու դրամ կը ծախ­սենք, որ­պէս­զի պատ­մա­կան ան­հեր­քե­լի իրո­ղու­թիւն մը “փաստ­ուի“, ճանչ­նա՜ն մեր դէմ գոր­ծադր­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Մեզ­մէ ոմանք պի­տի ըսէ­ին` “ճիւե­րո՜ւս“: Պէտք ու­նի՞նք այդ­քան իրար անց­նե­լու, թէ ճանչ­ցե՞ր են, թէ՞ չեն ճանչ­ցեր: Սա կրա­ւո­րա­կան մօ­տե­ցում է, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մօ­տե­ցում է, որ սա­կայն մեր ու­ժե­րը քա­մե­լէ ան­դին մեծ ար­դիւնք­նե­րու չի հաս­նիր, նոյ­նիսկ եթէ ամ­բողջ աշ­խարհն ալ, դարձ­եալ թշնա­մի ու բա­րե­կամ, ըն­դու­նին, որ եղե՛ր է մարդ­կու­թեան դէմ այդ մեծ ոճի­րը: Հար­ցը ան­կէ ան­դին անց­նիլն է, ու ատի­կա չի կրնար մեր ներ­կայ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ իրա­կա­նա­նալ: Պի­տի դառ­նանք ներ­գոր­ծա­կան, պի­տի անց­նինք հա­կա­յար­ձա­կու­մի:

Պի­տի յար­ձա­կինք ա՛յն երե­ւոյթ­նե­րուն վրայ, որ աշ­խար­հը այս վի­ճա­կին հաս­ցու­ցեր են, մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւնը են­թար­կեր են շամ­բե­րու օրէն­քին, փո­խա­նակ “ազա­տու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան ու եղ­բայ­րու­թեան“ օրէնք­նե­րը դարձ­նե­լու ի զօ­րու: Եւ այս մեղ­քը միայն մէկ պե­տու­թեան, մէկ երկ­րի վզին չէ փաթթ­ուած: Հզօր­նե­րէն մին­չեւ տկար­նե­րը, նման կա­ցու­թիւն­ներ ստեղ­ծած են, կե­ղե­քե­լով թէ՛ ու­րիշ­նե­րը, թէ՛ ալ իրենք իրենց ժո­ղո­վուրդ­նե­րը:

Առանց հա­մաշ­խար­հա­յին անար­դար իրա­վի­ճա­կին լու­ծում գտնե­լու, չենք կրնար ակն­կա­լել որ Հայ­կա­կան հար­ցին լու­ծում գտնուի: Սա գի­տենք Պեր­լի­նի խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ի վեր, 1878-էն, որ­մէ վե­րա­դար­ձին Խրիմ­եան Հայ­րիկ Եր­կա­թէ շե­րե­փի իր պատ­մա­կան ճա­րը ար­տա­սա­նեց:

Եր­կա­թէ շե­րե­փը այն ատեն հրա­ցանն էր` մո­սին հրա­ցա­նը, որ ու­սե­րուն առած լեռ բարձ­րա­ցան հա­յոց մար­տիկ­նե­րը` ջա՜ն ֆե­տա­յի­նե­րը: Եւ եղեւ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւանք: Եղեւ Սար­դա­րա­պատ: Այ­սօր ան ձեւ փո­խած է, սա­կայն Հա­յոց Հայ­րի­կին պատ­գա­մին էու­թիւնը չէ՛ փոխ­ուած: Այ­սօր ռազ­մա­դաշ­տը նոյ­նը չէ, կռուե­լու զէն­քե­րը նոյ­նը չեն, բայց հա­կա­յար­ձա­կու­մի ռազ­մա­վա­րու­թեան կա­րի­քը կը մնայ նոյ­նը: Քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին թէ ըն­կե­րա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ է կռիւը: Ու մենք բա­ցա­կայ ենք: Մեր ձայ­նը լսող չկայ: Ձայն չու­նինք, որ լսուի: Ձայն, որ պի­տի հա­մո­զէր բո­լո­րը` թշնա­մի ու բա­րե­կամ, չա­կեր­տա­ւոր թէ ան­չա­կերտ, թէ մեր ներ­կա­յու­թիւնը կեն­սա­կան է աշ­խար­հի այդ երկ­րա­մա­սին վրայ, որ­պէս քա­ղա­քակր­թիչ ազ­դակ, որ­պէս հա­ւա­սարակշ­ռիչ գո­յու­թիւն: Որ­պէս խա­ղա­ղու­թեան երաշ­խիք: Հիւ­սի­սի ու հա­րա­ւի, արե­ւել­քի ու արեւ­մուտ­քի անշր­ջան­ցե­լի խաչ­մե­րուկ: Բայց բա­ցա­կայ ենք: Մեր ապ­րած եր­կիր­նե­րուն մէջ, թէ` հա­մաշ­խար­հա­յին առու­մով:

Բո­լոր հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը ի դե­րեւ հա­նե­լով վե­րապ­րած ժո­ղո­վուր­դի մը վա­յել չէ նման բա­ցա­կա­յու­թիւնը աշ­խար­հի բե­մե­րէն, ուր­կէ՛ պի­տի ըլ­լայ, պէ՛տք է ըլ­լայ հա­կա­յար­ձա­կու­մը բո­լոր անար­դա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ:

Եթէ ան­կիւ­նա­դարձ‘ ա՛յս իմաս­տով ան­կիւ­նա­դարձ թող ըլ­լայ 2015-ը:

Իսկ ին­չո՞ւ տա­կա­ւին եր­կու տա­րի եւս սպա­սենք…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles