Image may be NSFW.
Clik here to view. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Այսօր ինչ որ տեղի կ՛ունանայ Քեսապի մէջ իր մէջը մեծ խորհուրդ մը ունի:
Քեսապի հարցը միայն հայկական հարց մը չէ,
Քեսապի հարցը միայն փոքր հողատարածքի մը հարց մը չէ,
Քեսապի հարցը կրնայ ըլլալ, որ պատմական ճակատագրական փորձաքար մըն է մեզի համար:
Ան փորձաքար մըն է մեզի համար որպէս ազգ, որպէսզի հասկնանք թէ այսքա՜ն տարիներու աշխատանքէ ետք ուր հասած ենք եւ ուր կը կենանք, ան յաջորդ Արցախեան պատերազմն է` այս անգամ մեր մեծ թշնամիին դէմ, եւ ան կրնայ ըլլալ այն շրջադարձային պահը, որ բեկում մը կրնայ յառաջացնել մեր ու մեր թշնամիին ուժերու յարաբերութեան դասաւորման մէջ:
Յայտնի Ամերիկացի քրիստոնեայ հրապարակախօս մը այս առիթով յօդուած մը գրած է ու մեր թշնամին կոչած է “հակաքրիստոս ժողովուրդ“, Antichrist Nation of Turkey, (http://shoebat.com/2014/03/27/antichrist-nation-turkey-wants-revive-genocide-christians/):
Այսօր քրիստոնեայ աշխարհի կարեւոր մէկ մասը կը խօսի Քեսապի մասին: Այդ մասին կը խօսի մանաւանդ Ուղղափառ Ռուսիան իր զանգուածային լրատուական միջոցներով, Թուրքիոյ դերը մատնանշող` արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեամբ եւ Մ.Ա.Կ.-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Քեսապի հարցը օրակարգի նիւթ դարձնել փորձելով, բան մը որ մերժուեցաւ Արեւմուտքին կողմէ: Վերջին օրերուն Ռուսիոյ մէջ նոյնիսկ ձայներ կը բարձրանան կամաւորական գունդեր կազմելու համար, առ ի պաշտպան Սուրիոյ քրիստոնեաներուն:
Այս պայքարին մէջ մեզի դաշնակից է նաեւ աւանդական եւ չափաւորական Իսլամը, որուն ներկայացուցիչները արդէն իրենց ձայնը բարձրացուցած են Քեսապի համար, ինչպէս որ այդ մէկը ըրաւ Չեչենիոյ ղեկավար Քատիրովը եւ ուրիշներ:
Բայց այս բոլորէն անդին ու առաջին Քեսապը մե՛ր հարցն է, պատմական Հայաստանէն մնացած վերջին բեկորը ու այս պատճառով ան ճակատագրական է:
Վա՜յ մեզի, եթէ այսօր պատմութեան մեզի նետած մարտահրաւէրին համապատասխան չըլլանք,
Վա՜յ մեզի, եթէ օտարներուն եւ նոյնիսկ մեր բարեկամներուն վրայ միայն մեր յոյսը դնենք,
Վա՜յ մեզի, եթէ քաղքենիանանք ու եթէ կարիքը հասնի` հրաժարինք հայկական հերոսական մեր բռունցքը ի գործի դնելէ:
Դեռ քաղաքական միջոցները օգտագործելու տեղ ու ժամանակ կայ, չնայած այն բանին որ այսօրուան դրութեամբ այնպէս կ՛երեւի, որ Քեսապի գրաւումը կատարուած է մեծերէն կանաչ լոյս ստանալով:Այսօր պաշտօնական անձինք ամէն բան կ՛ըսեն Քեսապի համար, կ՛ընդունին որ Քեսապը գրաւուած է Ալ-Քայիտայի հետ կապ ունեցող ոհմակներուն կողմէ, բայց կը խուսափին Թուքիոյ դերը մատնանշելէ, առանց որուն մանուկին անգամ հասկնալի է որ Քեսապի գրաւումը տեղի չէր կրնար ունենալ: Անկարելի է չտեսնել այն հանգամանքը, որ Թուրքիան` Սուրիոյ տագնապը եւ Ուքրանիոյ հարցէն ետք քաղաքական նոր իրավիճակը օգտագործելով, առիթը գտաւ հարուածելու նաե՛ւ մեզ, մեր ամենազգայուն ջիղին, պատմական Հայաստանէն մեզի մնացած վերջին բեկորը խլելով:
Յստակ է, որ հարցը պիտի լուծուի գետնին վրայ, ով որ զօրաւոր է ա՛ն է որ պիտի լուծէ այս հարցը:
Սուրիական պետական բանակը վճռական է ու անկեղծ Քեսապը վերադարձնելու իր ճիգին մէջ: Բայց եթէ հարցը երկարի, կրնայ ըլլալ որ անհրաժեշտութիւնը ծագի Քեսապցիին ու հայուն մասնակցութեան, որպէս խորհրդանշական ու օժանդակ ոյժ: Եթէ խորանանք` Քեսապը բացի սուրիական հող ըլլալէ, նաեւ եւ աւելի՛ հայկական հող է, պատմական Հայաստանի վերջին բեկորը` իր բարբառով ու բանահիւսութեամբ, եւ հարիւրամեակի սեմին մեր ամենամեծ ձախողութիւնը պիտի ըլլայ կորսնցնել զայն: Անհրաժեշտ է որ լաւ ըմբռնենք. եթէ իսկական տէրը բացակայ է, օտարն ու բարեկամը նոյն կորովով պիտի չպայքարին ատոր համար:
Ամենէն կարեւորը հողը վերադարձնելն է, որովհետեւ Մեծ Եղեռնի փորձառութենէն ելլելով կրնանք հաստատել որ մարդկային կորուստը ինչքան ալ ցաւալի ըլլայ` փոխարինելի է, հայը շինարար ըլլալով լաւ գիտէ արագօրէն ու աւելի գեղեցկօրէն աւերուածը կարուցել, կարեւորը հողը չկորսնցնելն է:
Խօսքը աննպատակ եւ չարդարացուած թիւերով զոհեր տալու մէջը չէ, խօսքը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին նման` ոչ մեծ թիւով ու մասնագիտացուած հայկական ուժին ներկայութիւնն է` ըլլա՛յ Սփիւռքէն, ըլլա՛յ Արցախեան պատերազմի փորձառութիւնը ունեցող մեր եղբայրներէն որոնք ցանկութիւն արդէն յայտնած են, ոյժ մը` որ պէտք է ունենայ յստակ դիրքորոշում ու նպատակ եւ այդ մէկը, սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մէջ կողմ չըլլալն է ու միայն իր ժողովուրդին ու տարածքին պաշտպանութիւնը ապահովելը, որովհետեւ կան պարագաներ երբ չէզոքութիւն պաշտպանելը ոյժ կը պահանջէ, կան պարագաներ երբ առանց ոյժի չէզոքը ոտնակոխ կրնայ ըլլալ: Այս մէկը կարելի է ընել առանց ցուցամոլութեան ու պոռոտախօսութեան:
Քեսապը հայու ու թուրքի պայքար է
Քեսապը բարու ու չարին պայքար է
Քեսապը քաղակակրթութեան եւ բարբարոսներու պայքար է
Ու վերջապէս Քեսապը ճակատագրական պայքար է, որ պէ՛տք է ու պիտի՛ վերջանայ զայն վերադարձնելով: