1978-ին Տիթրոյթի մէջ հիմնուած Հ.Օ.Մ-ի “Շաքէ“ մասնաճիւղը, ի յիշատակ իրենց ննջեցեալ մօր` Շաքէ Խաչիկեանի: Արդարեւ, Խաչիկ եւ Կարօ Խաչիկեան եղբայրներ եւ իրենց քոյրերը Սեդա Գարայեան եւ Այտա Թոփճեան, նիւթական նուիրատուութեամբ, բերին իրենց ներդրումը:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր է` այս մասնաճիւղը, այլ քոյր մասնաճիւղերու համագործակցութեամբ, սատար հանդիսացաւ Հ.Օ.Մ.-ի բարեսիրական, դաստիարակչական եւ այլ մարզերու մէջ: Տարիներէ ի վեր “Շաքէ“ մասնաճիւղը աւանդութիւն դարձուցած է Մեծ Պահոց երրորդ շաբաթը կանխող շաբաթ երեկոն կազմակերպելու “Միջինքի Երեկոյ“մը, որմէ ապահոված նիւթական եկամուտը կը յատկացնէ իր մշակած ծրագիրներուն: Շաբաթ, Մարտ 22-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ յարակից “Լիլիըն Առաքելեան“ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած “Միջինքի Երեկոյթ“ը: Այս առթիւ Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած էր մենախօսական թատրոնի վաստակաւոր դերասան` Վահէ Պէրպէրեան:
Ներկայ էր Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Ա.Մ.Ն-ի Արեւելեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-Ի Շրջանային Վարչութեան ատենապտուհի` Անի Աթթար, Հ.Յ.Դաշնակցութեան “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան եւ քոյր միութիւններու ընկեր-ընկերուհիներ եւ շուրջ 225 համակիր հասարակութիւն մը: Օրուան հանդիսավարն էր “Շաքէ“ մասնաճիւղի անդամուհի Երէցկին` Թամար Գէորգեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, շեշտեց մասնաճիւղին աւանդութեան վերածուած “Միջինքի Երեկոյթ“ը, որ մասնաճիւղի հասութաբեր ձեռնարկն է: “Վարչութեան եւ ընկերուհիներու կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին, որովհետեւ ձեր ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով է, որ մասնաճիւղս կրցած է ձեռք երկարել բոլոր անոնց որոնք բարոյական եւ նիւթական կարիքը ունեցած են: Անցեալ տարի եւս մասնաճիւղը կրցաւ հոգալ իր Արցախցի սանին համալսարանական կրթաթոշակը, նիւթական օժանդակութեամբ օգնեց Հ.Օ.Մ.-ի Սուրիահայ օգնութեան ֆոնտին, Հայաստան Ճամբարին եւ տեղւոյն Հ.Օ.Մ.-ի Միջ-վարչութեան “Զաւարեան“ միօրեայ վարժարանին“:
Ապա, յարգելի հանդիսավարուհին հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց Արդի թատերոնի մենախօսութեան տաղանդաւոր կատակերգակ դերասան Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիւնը: Վահէ Պէրպէրեան ծանօթ անուն է արուեստներու բնագաւառին մէջ, թէ, որպէս նկարիչ, թղթակից, թատերագիր, հեղինակ, բեմադրիչ, Արդի բեմի մենախօսութեան թատրոնի կատակերգակ դերասան:
Հայ գաղութներու մէջ, ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելէ իր հինգ մենախօսութիւնները` “Եւայլն“, “Նաեւ“, “Տակաւին“, “Սակայն“ եւ “Եթէ“, որոնք ներկայացուցած է տասնեակ քաղաքներու մէջ: Անոր թատրոնի նկատմամբ սէրը սկսած է Պէյրութէն: Ան հեղինակած ու բեմադրած է բազմաթիւ թատերախաղեր, որոնց կարգին.-“Գիշերուայ Այցելուն“, “Աւազախրում“, “Պարոն Կարպիս“, “Կեանք“ եւ “Վարդագոյն Փիղը“, որ թարգմանուած են անգլերէնի ու բեմադրուած Լոնտոնի եւ Էտինպարայի, Սաքրամենթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Վերջերս իր գործերը թարգմանուած են յունարէնի եւ բեմադրուած Աթէնքի քաղաքապետարանի թատերասրահին մէջ:
Պէրպէրեան հեղինակն է “Նամակներ Զաաթարէն“ եւ “Յանուն Հօր եւ Որդւոյ“ վէպերուն: Որպէս նկարիչ արուեստագէտ ունեցած է քառասունէ աւելի ցուցահանդէսներ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Վահէ Պէրպէրեանը:
Հաճելի է բեմին վրայ ունկնդրել զինք: Ան խորապէս կրցած է թափանցել ներկայ մարդկային ընկերութեան փտած եւ քմծիծաղելի երեւոյթներուն եւ անտրամաբանական մօտեցումները, որոնք կը հակասեն մարդկային ընկե-րութեան արժէքներուն եւ կառոյցներուն:
Պիտի փորձեմ կեդրոնանալ իր Շաբաթ օրուայ ելոյթի մէկ մենախօսական կատակերգութեան: Պէրպէրեան կրցած է խորաթափանցել մարդկային ընկերութեան նկարագիրը ու կենցաղը աւաղող երեւոյթներուն, եւ տարրական իրաւունքներուն բռնաբարման: Ներկայ ճարտարարուեստականացած եւ արդիականացած եւ կատարելագործուած ելեկտրոնային սարքաւորումները` համակարգիչ, բջիջային, դիմատետր, եւայլն, որոնց ընձեռնած դիւրահաղորդ մատչելի առաւելութիւնները ի նպաստ մարդկային կեանքի բարօրութեանց, ունին նաեւ ժխտական երեւոյթը: Պէրպէրեանի մենախօսական կատակերգութեան ելոյթէն ետք, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Գլխաւոր նուէրները յատկացուած Տէր եւ Տիկ. Արա Թէլպէլեաններու եւ Րապըն Մանուկեանի կողմէ, որոնց համար յարգելի հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց:
Քաջալերելի էր Հ.Օ.Մ.-ի “Շաքէ“ մասնաճիւղի վարչութիւնը, որոնք իրենց ժրա-ջան ատենապետուհի Սիրվարդ Թէլպէլեանի գլխաւորութեամբ եւ ընկերուհիներու նուիրեալ աշխատանքով աւանդութիւն դարձած “Միջինքի Երեկոյթ“ը գեղեցիկ եւ նպատակադրեալ ձեռնարկը յաջողապէս կրցած էին հասցնել իր աւարտին: Կը մաղթենք յաջողութիւն, հետեւողական կամք եւ յարատեւ աշխատանք իրենց ստանձնած առաքելութեան եւ յառաջկայ ծրագիրներուն յաջողութեան, որպէսզի կարենան իրենց ստանձնած Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութիւնը շարունակել գաղութի ազգային կեանքի վերելքին:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՈԼԵԱՆ