Խմբագրական
Քեսապցիին համար անմոռանալի սովորութիւններէն մէկն է “Չեմչը-Կելըն“ը, ուր խումբ-խումբ երիտասարդներ կը հաւաքուէին տուներու առջեւ, իրենց ձեռքը ունենալով փայտի երկար կտոր մը, որուն վրայ անցուցած կ’ըլլային լաթ մը եւ ձեւացուցած կ’ըլլային զայն իբր խրտուիլակ: Անոնք կ’երգէին քանի մը տողնոց յատուկ երգ մը եւ տանտէրը այդ փայտին վրայ կը թափէր գաւաթ մը ջուր: Այս ձեւով անոնք կը հաւատային թէ անձրեւ պիտի գայ: Ամէն անգամ որ անձրեւ չէր գար, անոնք այս սովորութիւնը կը կատարէին եւ այսպէս յաջորդ օրն իսկ անձրեւ կու գար:
…Գարնանային առաջին օրերուն, իւրայատուկ էր Քեսապը, ուր Տեառնընդառաջն ու Բարեկենդանը, ստեղծած էին տաքուկ արտասովոր սովորութիւն մը: Իւրաքանչիւր եկեղեցի այցելող փայտ կը բերէր, որոնք կը դիզուէին մօտակայ բակին մօտ: Մեծ էր խարոյկը, որուն կայծը կը տրուէր ժամերգութենէն ետք: Երիտասարդներ կը հաւաքուէին ու կը ցատկէին այդ կրակին վրայ:
Այդ ծխացած ճիւղէն` խենծուխէն մաս մը առնելով, Քեսապցին կը վառէր իր տան ճրագն ու լոյսը: Բարեկենդանն ալ հռչակաւոր էր Քեսապի մէջ: Յատկապէս չարաճճի պատանիներ, լաճ տնաւէրներ կը ծպտուէին ու երեսնին մրոտելով եւ զանազան բոյսերով ու պարապ խխունջներով կազմուած վզնոցներով օժտուած, տարօրինակ մեղեդիներ կը հնչէին, շարունակ վերապրեցնելով իւրայատուկ “local colour“ մը:
Արդէն իսկ, քանի մը տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ապահովական կացութիւնը, ազդած էր Քեսապցիին վրայ, ուր ժամանած էին այլ շրջաններէ հայորդի գաղթականներ: Այսպէս, այս տարուան Տեառնընդառաջեան ու Բարեկենդանեան ժամադրութիւնը նոյնը չէին, իսկ քանի մը շաբաթէ ի վեր…բոլորովին տարբեր ու այլանդակ:
Ոչ միայն փայտեր … այլ կառոյցներ կը մխան, իսկ եկեղեցիներ “խաչազուրկ“, բացի աղօթատեղիէն, կը ծառայեն ամէն բանի: Այդ համակրելի ծպտուած պատանիներուն փոխարէն, այլ անհամակրելի ծպտուած խուլիկաններ կ՛այցելեն հրոյ ճարակ դարձած բնակարանները, եւ այդ անվնաս վզնոցներու փոխարէն վիզերնին զանազան տեսակի հրացաններ կախած ահ ու սարսափ կը սփռեն: Իսկ անձրեւի փոխարէն, ռումբն է որ կը տեղայ:
Այդ խուլիկաններուն համար, վերոյիշեալ տօնական ծէսերը ո՛չ մէկ իմաստ ունին, ո՛չ ալ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն:
Պատմութիւնը ինքզինքն է որ կը կրկնէ եւ այդ ալ` միեւնոյն տարաշածրջանէն ներս:
1909-ին եւ 1915-ին ալ միեւնոյնը պատահած էր:
Այդ օրերուն ալ խենծուխը …այդ դարաշրջանի խուլիկաններուն համար նոյնքան անհասկնալի բառ մըն էր, որքան մշակոյթը, կրթութիւնը, ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆը:
Բան չէ փոխուած:
Ընդհակառակը, աւելի կատարելագործուած ոճով միեւնոյն ստորնութիւնն է որ կը կրկնուի:
Սուրիոյ հարաւային շրջաններէ ներս, ծայրայեղականներու կրած վերջին շաբաթներու պարտութիւններու եւ դեռ աւելին, Ուքրայինայի մէջ կատարուած եղելութիւններու արդիւնք, Խրիմի միացումը` Ռուսաստանի, սկսած էին գործի լծել Անգարան, որպէսզի դիմէ Քեսապի վրայով թափանցումին, մանաւանդ որ Էրտողան եւ դաշնակիցները կը գտնուէին ընտրութիւններու սեմին…
Մութ եւ սադրիչ հաշիւները կը կրկնուին:
The post ԾՈՒԽ, ԱՒԵՐ ԵՒ …ՄՈՒԹ ՀԱՇԻՒՆԵՐ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.