Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

“ՄԱՐ­ԶԻԿ`-Ի ԲԱ­ՑԱ­ՌԻԿ ԹԻՒԸ` ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՒ­ՇԱ­ՐԱՐ

$
0
0

 marzig  Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Ըն­թա­ցիկ երե­ւոյթ չէ շա­բա­թա­թեր­թի մը կամ ամ­սա­թեր­թի մը բո­վան­դա­կու­թեան հրա­պա­րա­կաւ ար­ձա­գան­գե­լը, սա­կայն եր­բեմն ըն­թեր­ցո­ղին կը տրա­մադր­ուին յա­տուկ կամ բա­ցա­ռիկ թիւեր, որոնք իրենց տես­քով ու բո­վան­դա­կու­թեամբ ըն­թեր­ցո­ղին կ՛ը­սեն, թէ զի­րենք պէտք է դի­տել տար­բեր աչ­քով, անոր յա­տուկ տեղ վե­րա­պա­հել սե­փա­կան գրա­դա­րա­նին կամ հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ:

Յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի նման հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ են, օրի­նա­կի հա­մար, մեր կարգ մը օրա­թեր­թե­րու ամա­նո­րի կամ յա­տուկ տօ­նե­րու նուիր­ուած “Բա­ցա­ռիկ“-նե­րը, որոնք ոչ միայն որոշ ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծի մը փոքր հա­յե­լին կը հան­դի­սա­նան, այլ նա­եւ կ՛ար­ձա­նագ­րեն հա­յու­թեան միտ­քի զար­գաց­ման տա­րեգ­րու­թիւնը, տու­եալ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին մէջ հա­յու­թիւնն ու աշ­խար­հը յու­զող հար­ցե­րու ան­մի­ջա­կան ար­տա­ցո­լա­ցու­մը. տա­րի­ներ ետք, նման հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու էջե­րուն վե­րա­դար­ձող­ներ ան­կաս­կած բարձր կը գնա­հա­տեն անոնց վա­ւե­րագ­րա­կան ու պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւնը, ար­ժէ­քը:

Այս ծի­րին մէջ, կ՛ար­ժէ պահ մը կանգ առ­նել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի “Մար­զիկ“-ին յա­տուկ թիւին առ­ջեւ, որ ըն­թեր­ցո­ղին, եւ ո՛չ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ակա­նին հրամց­ուե­ցաւ 2013-ի վեր­ջե­րուն, “Մի­աց­եալ թիւ“ ան­ուան տակ: Հա­մա­հայ­կա­կան 9-րդ խա­ղե­րուն նուիր­ուած եւ 160 էջե­րու վրայ տա­րած­ուած այս բա­ցա­ռի­կը ու­շագ­րաւ է բազ­մա­թիւ յատ­կա­նիշ­նե­րով, ու իր ար­ժա­նի տե­ղը պի­տի գրա­ւէ մեր մար­զաշ­խար­հի նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւնը վա­ւե­րագ­րող հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն շար­քին:

Ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ըսել, որ “Մար­զիկ“-ի իւ­րա­քան­չիւր թիւը ու­նի վա­ւե­րագ­րա­կան ու պատ­մա­կան ար­ժէք, իբ­րեւ ար­դիւնք` հա­մա­գա­ղու­թա­յին տա­րած­քով տա­րուող աշ­խա­տան­քի մը, որ խոր­քին մէջ հա­րա­զատ մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Բարձ­րա­ցի՛ր, բարձ­րա­ցո՛ւր նշա­նա­խօս­քին: Չենք ու­զեր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով խօ­սիլ բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին. կը բա­ւէ միայն ըսել, որ եթէ մար­զա­սէր ըն­թեր­ցո­ղը կ՛ու­զէ ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ անց­եալ ամառ տե­ղի ու­նե­ցած մար­զա­խա­ղե­րուն մա­սին, այս հրա­տա­րա­կու­թիւնը լի­ո­վին պի­տի գո­հաց­նէ զինք եւ, ինչ­պէս նշե­ցինք, պատ­մա­կան ու վա­ւե­րագ­րա­կան լի­ար­ժէք էջեր պի­տի աւելց­նէ անոր գրա­դա­րա­նին մէջ: Այս թիւը կը բո­վան­դա­կէ ող­ջոյ­նի խօս­քեր, հա­կիրճ թղթակ­ցու­թիւն­ներ` իւ­րա­քան­չիւր մար­զա­խա­ղի ըն­թաց­քին ու ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին, ինչ որ զայն կը վե­րա­ծէ 9-րդ մար­զա­խա­ղե­րուն նուիր­ուած մանր հան­րա­գի­տա­րա­նի մը:

Ար­դէն բնա­կան սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է, որ նման հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ կար­դա­լէ առաջ դի­մա­ւո­րենք աչ­քե­րով ու ըմ­բոշխ­նենք գե­ղա­տիպ ու գու­նա­ւոր մա­տու­ցու­մը: Յա­ճախ չենք անդ­րա­դառ­նար, որ տաս­նամ­եակ­ներ առաջ նմա­նա­պէս ահա­գին քրտինք խլող հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ նոյն­քան գրա­ւիչ չէ­ին իրենց մա­տուց­ման ձե­ւին մէջ, այ­սօր ալ մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ որոշ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ բա­րի նա­խան­ձով կը դի­տեն “Մար­զիկ“-ին գե­ղե­ցիկ տես­քը: Սա­կայն տես­քէն ան­դին, կան տե­սա­նե­լի եւ քիչ նկա­տուող ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, որոնց վրայ կ՛ու­զենք քիչ մը աւե­լի՛ լայն լու­սար­ձակ բե­րել այս տո­ղե­րով:

Մար­զա­խա­ղե­րը կազ­մա­կեր­պող վար­չա­կան­նե­րուն ու յանձ­նա­խում­բե­րուն հա­մար “Բա­ցա­ռիկ“-ը ու­նի իր տե­ղը: Մաս­նակ­ցող մար­զիկ­նե­րուն եւ բա­ժակ­ներ խլող­նե­րուն (նա­եւ անոնց մար­զիչ­նե­րուն ու հա­րա­զատ­նե­րուն) հա­մար, անոնք ըլ­լան ան­հատ­ներ թէ խում­բեր, “Բա­ցա­ռիկ“-ը ու­րիշ համ ու­նի: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու վաս­տա­կա­ւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­նե­րու, բայց մա­նա­ւանդ առ­յա­ւէտ մեկ­նած­նե­րուն հա­մար այս թիւին էջե­րուն մէջ կան հա­զիւ նշմա­րե­լի յու­շա­կո­թող­ներ, որոնք կերտ­ուած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ին կող­մէ. մեր ակ­նար­կու­թիւնը կ՛եր­թայ այն մրցա­նակ­նե­րուն ու բա­ժակ­նե­րուն, որոնք կը կրեն վաս­տա­կա­շատ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­նե­րու անուն­նե­րը. այդ մրցա­նակ­նե­րուն ար­ժա­նա­ցող պա­տա­նի ու երի­տա­սարդ մար­զիկ­նե­րը այս­պի­սով կ՛ի­մա­նան, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ու­նե­ցած է Վա­րու­ժան Մու­րատ­եա­նի, Կա­րօ Թիւ­թիւնճ­եա­նի, Վարդ­գէս Հայ­րա­պե­տեա­նի նման նուիր­եալ­ներ, որոնք իրենց կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան յա­ճախ գոր­ծած են ան­շուք կեր­պով, անոնց անու­նը աշ­խար­հա­տա­րած չէ եղած ինչ­պէս` մար­զաշ­խար­հի ախոյ­եան­նե­րուն անուն­նե­րը, եւ սա­կայն ար­ժա­նի են յիշ­ուե­լու, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը գի­տէ զա­նոնք ան­մա­հաց­նե­լու, անոնց կեան­քի վաս­տա­կը օրի­նա­կե­լի դարձ­նե­լու ձե­ւը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այ­սօր ալ հա­րուստ է անա­նուն նուիր­եալ ծա­ռա­յող­նե­րով, որոնք բարձր կը պա­հեն 1918-էն ի վեր ծա­ծա­նող դրօ­շը` զայն օր մը տա­նե­լու եւ կո­թո­ղե­լու հա­մար հայ­րե­նի բո­լոր լեռ­նե­րու կա­տա­րին…

Ըսինք, որ այս թիւը մանր հան­րա­գի­տա­րա­նի կը նմա­նի. անի­կա նա­եւ գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րա­գիրք է. ծա­նօթ խօսք է, որ յա­ճախ` մէկ նկար հա­զար բառ կ՛ար­ժէ: Իսկ երբ նման հրա­տա­րա­կու­թիւն մը կը ներ­կա­յա­նայ բազ­մա­հա­րիւր նկար­նե­րով, պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւնն ու ազ­նիւ մրցակ­ցու­թիւնը սա­ռե­ցու­ցած գու­նա­գեղ լու­սան­կար­նե­րով.. Այս թիւին կ՛ըն­կե­րա­նայ նա­եւ գե­ղե­ցիկ որ­մազդ մը, որ պի­տի զար­դա­րէ մար­զա­սէր­նե­րուն սեն­եակ­նե­րուն պա­տե­րը:

Խմբագ­րա­կան կազմն ու աշ­խա­տա­կից­նե­րը վստա­հա­բար երախ­տա­պարտ են ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռած բա­րիք­նե­րուն, ըլ­լա՛յ տպագ­րա­կան, ըլ­լա՛յ արագ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կալ­ուած­նե­րուն մէջ: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, “Մար­զիկ“-ի այս մի­աց­եալ թիւը տքնա­ջան աշ­խա­տանք կը բու­րէ, եւ այ­լա­պէս յար­գան­քի անուղ­ղա­կի ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է այն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­նե­րուն, որոնք աւե­լի քան 30 տա­րի­ներ առաջ, Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մի դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ մտա­ծու­մը ու­նե­ցան նա­խա­ձեռ­նե­լու նման խի­զախ քայ­լի մը, ապա նա­եւ ու­նե­ցան ար­ժա­նա­ւոր դրօ­շա­կիր­ներ: Անոնց­մէ մաս մը առ­յա­ւէտ բաժն­ուած է մեզ­մէ, ու­րիշ­ներ կը շա­րու­նա­կեն եր­թը, հպարտ են նման հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով ու այն մար­զա­կան նուա­ճում­նե­րով, որոնք կ՛ար­տա­ցո­լան անոնց էջե­րէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles