Յ. Պալեան
Անոնք որոնք կ’ընտրեն չարեաց նուազագոյնը, կը ձգտին մոռնալու որ ընտրած են չարիքը:
Հաննահ Արենտ
Վերջապէս հայկական Կոստանդնուպոլիսը յաջողեցաւ ընտրել իր Պատրիարքը, որուն անվերապահօրէն յաջողութիւն կարելի է մաղթել, որպէս հովիւ մնացորդացի: Միաժամանակ մաղթել, որ հասկնալի դժուար եւ անբաղձալի պայմաններու մէջ գործող Պատրիարքը իր դիւանագիտական ընտրանքներուն մէջ չընէ բաներ եւ չըսէ խօսքեր, որոնք հայ ժողովուրդի պատմական եւ ընդհանուր շահերուն եւ ըմբռնումներուն դէմ ըլլան:
Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի խօսքերը, որոնց արձագանգեցին հայկական լրատուամիջոցները, ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ եւ գնահատել: Թուրքիոյ հայերուն դժուարութիւնները եւ հալածանք խնայելու կեցուածքը չ’արդարացներ պատմական իրողութիւնները սահմանափակել, անտեսել հետեւանքները, եւ մանաւանդ՝ հայ ազգային համապարփակ իրաւունքը: Այս մասին մտածեցի, ուզեցի հայրենահանուածի եւ իրաւազրկուածի ժառանգի անհանգստութիւնս յայտնել նորընտիր Պատրիարքի խօսքերուն առիթով: Թող ինծի չվերագրուի նորընտիր Պատրիարքին գործը դժուարացնելու եւ Թուրքիոյ հայերու կեանքը խանգարելու միտում:
Ուշադրութեամբ կարդացի Պատրիարքին խօսքը:
«Իբրեւ Թուրքիոյ հայեր` մեզի ցաւ կը պատճառէ, որ 100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կ’օգտագործուին իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման միջոց։ …Մենք կ’ուզենք, որ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած խնդիրին մասին այս հողերուն վրայ ապրող մարդիկ խօսին»։
«100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքեր»… Այսինքն հինցած եւ միայն ցաւալի դէպքեր: Ի՞նչ հասկնալ: Քանի մը հոգիի քի՞թը արիւնած են: Ո՛չ ջարդ, ո՛չ տեղահանութիւն, ո՛չ հայրենահանում: Կը հասկնամ, որ Պատրիարքը խուսափի նման բառերու գործածութենէն, բայց նաեւ չըսէ հարիւր տարի առաջ պատահած ցաւալի դէպքեր, զորս հիմա կարելի է անգիտանալ, որպէս անցեալի մանրուք: Ինչ որ փորձած է ընել եւ ըսել, դիւանագիտական ճապկում չէ: Չեմ ուզեր որակում տալ:
Իսկ յիշուած «այս հողերը», ուր պատահած են «ցաւալի դէպքեր»ը աշխարհագրական եւ պատմական անուն ունէին եւ ունին:
Թէ այդ ցաւալի դէպքերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կ’օգտագործուին իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման միջոց, բացատրութեան կարօտ հաստատում մըն է: Ցեղասպանութեան զոհերուն յաջորդները եւ հայրենահանուածներու սերունդները ինչպէ՞ս կրնային եւ ո՞ւր կրնան, Պատրիարքին թելադրած ձեւով, այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած խնդիրին մասին այս հողերուն վրայ այլեւս չապրող մարդիկ խօսիլ:
Ցեղասպանութեան զոհերը եւ հայրենահանուածները զրկե՞նք իրենց ցաւին եւ կորուստին մասին խօսելու իրաւունքէ:
Պատրիարքը մտահոգուած է, քանի որ «այս նպատակով ասպարէզ բերուած ’’հայկական թեզը’’ այնպիսի զգացողութիւն կ’առաջացնէ, որ մենք պարզապէս կ’օգտագործուինք։ Ասիկա բարոյական չեմ համարեր։ Հարցը քաղաքական կողմ ունի։ Անիկա մեկնաբանելու հարցը քաղաքական գործիչներուն գործն է։ Ես քաղաքական գործիչ չեմ»։ Պատրիարքը անուն չի տար հայկական թեզին, հայ չեղող ընթերցողը ինքնիրեն հարց պիտի տայ, թէ ի՞նչ է այդ հայկական թեզը: Լաւ պիտի ըլլար որ այդ թեզը սահմանուէր, նոյնիսկ եթէ նոյնիսկ ապա պիտի քննադատուէր: Թէ պարզապէս օգտագործուած ըլլալու զգացողութիւն յառաջացած է, պէտք է այդ օգտագործման ալֆան եւ օմեկան ճշդել: Օրինակ, հեռաւոր Ուրուկուայը ի՞նչ շահ ունի մեզ օգտագործելէ, ի՞նչ ընելու համար, որո՞ւ դէմ:
Եթէ ճիշդ է, որ Պատրիարքը քաղաքական գործիչ չէ, ինչո՞ւ ան հրապարակ կու գայ պատմական ծանրակշիռ իրադարձութիւնները նսեմացնելու եւ փոքրացնելու ճապկումով, զանոնք համարելով ցաւալի դէպքեր, այսինքն մանրուքներ՝ բաղդատած կարեւորին: Ո՞ր կարեւորին: Ի՞նչ եղած է ծաւալը այդ ցաւալի դէպքերուն, ո՞ւր պատահած են անոնք:
Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, իր ստեղծուած օրէն, սոսկ ծիսական կեդրոն չէ եղած, եղած է քաղաքական կառոյց, զայն ստեղծած Սուլթանին կամքով:
Պատրիարքի խօսքին մէջ պարբերութիւն մը կայ, ուր իրարու հետ չառնչուող հարցեր կողք կողքի դրուած են:
Կարդանք՝ հոն եղած միտքերը թուագրելով.
- Իբրեւ հայ համայնք՝ մենք ընդելուզուած ենք Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ։
- Մենք 100 տարի առաջ տեղի ունեցածը յիշելով մոռցանք, մոռնալով կը յիշենք։ Ասիկա Պոլսոյ հայ համայնքին ընտրութիւննէ։
- Մենք ընտրած ենք այստեղ ապրիլը։ Եւ այդ հանգամանքը մեզի Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր կը դարձնէ։
- Քաղաքական հարցերը, որոնք կը ծաւալին Թուրքիոյ հայ համայնքէն դուրս, կամայ թէ ակամայ մեր վրայ ալ ազդեցութիւն կը ձգեն։ Նման հարցերու հրահրումը Թուրքիոյ մէջ, կ’աւելցնէ ատելութեան խօսքը։
Ի՞նչ պէտք է հասկնալ «ընդելուզուած»ով. համա՞յնքը ընդելուզուած է, թէ ընդելուզուած են անհատները որպէս երկրի քաղաքացի: Որո՞ւ եւ որո՞նց համայնքը: Պետութիւնը տարբերութիւն կը դնէ՞ Թուրքիա բնակող հայերուն եւ երկրի միւս բնակիչներուն միջեւ, ինչ կը վերաբերի ընկերային, կրօնական, քաղաքական եւ համայնքային իրաւունքներու եւ ազատութեանց: Այս մասին պէտք է լսել Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի անդամ Կարօ Փայլանի յայտարարութիւնները, օրինակ, երբ ան կ’ըսէ, որ Հանրապետութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր ո՛չ մէկ նոր եկեղեցի կամ դպրոց կառուցուած է:
«100 տարի առաջ տեղի ունեցածը» ի՞նչ բան է, ան անուն ունի՞: Ինչպէ՞ս ընդելուզուիլ. ինքնապարտադրուած, կամ պարտադրուած, մոռացումո՞վ, երբ այդ մոռացումը յիշել օրէնքով նախատեսուած յանցանք է: Այս մոռացումը «Պոլսոյ հայ համայնքին ընտրութիւնն է» ( ՞ ՞), թէ՞ մոռնալու պատադրանք:
Ինքնատիպ միտք է, այն՝ որ հայը տարբեր կը դառնայ ըստ իր աշխարհագրական ապրած վայրին: Ուրեմն Թուրքիա ապրող հայը «Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր» հայ է… Եթէ այդպէս մտածենք, աշխարհասփիւռ հայերը իրարմէ բազմահազար մղոններով հեռու, բազմապատիկ տարբեր են:
Այս պարագային ի՞նչպէս պէտք է սահմանել հայը եւ հայ ազգը, անոնք իրականութեան մը կը համապատասխանե՞ն, թէ տիեզերական միգամածի կը նմանին:
«Թուրքիոյ հայ համայնքէն դուրս» ծաւալած հարցերու հրահրումը ինչո՞ւ պիտի աւելցնէ ատելութեան խօսքը, եթէ անոնք հետամուտ են ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի վերականգնման: Ընդհակառակն, իբրեւ ընդելուզուած համայնք, նախանձախնդիր պէտք է ըլլալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ անցեալի սխալներու սրբագրութեան, որպէսզի ընդելուզուած համայնքի եւ զայն ընդունող համայնքի յարաբերութիւնները ըլլան անկեղծ, ազատ, պայծառ միտքով եւ դէմքով:
Ի՞նչ ըսած էր Հրանդ Տինք, ի՞նչ կ’ըսէ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի անդամ Կարօ Փայլան:
Ի հարկէ, քաղաքական դժուար եւ անցանկալի պայմաններու մէջ ապրող պոլսահայութիւնը եւ դեռ Թուրքիոյ տարածքին ասդին-անդին գոյատեւող «մնացորդաց»ը Հայաստանի, Ֆրանսայի, Ամերիկաներու, եւ այլ երկիրներու հայերու ազատութիւնը չունին: Բայց այդ չի նշանկեր, որ ան կոչ պէտք է ընէ յիշելով մոռնալու եւ մոռնալով յիշելու, այսինքն ընդունելու ստեղծուած կացութիւնը որպէս վերջնական… Այն ատեն ինչո՞ւ Պատրիարքութիւն, լեզու, եկեղեցի, դպրոց եւ թերթեր պահել, եւ ընդելուզուիլը չհասցնել իր տրամաբանական եւ գործնապաշտական եզրայանգումին:
Պատրիարքը կ’ըսէ, որ ինք քաղաքական գործիչ չէ:
Բայց որպէս եկեղեցիի եւ համայնքի գլուխ, պէտք է ունենայ իր չըսելիքը գիտնալու իմաստութիւն:
Եւ մանաւանդ չընել այնպէս, որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր ըլլլայ հայ ազգային պատմամշակութային փառայեղ անցեալ ունեցող եւ հովի ու փոթորիկի դիմացած հայկական Պոլիսը եւ ընդհանրապէս՝ մնացորդացը:
Այս ընել՝ վասն մէկութեան, ո՛չ տարբերութեան, եկեղեցիի եւ ազգի: