Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Մենք այն հայկական կազմակերպութիւնն ենք, որ կը մղէ հաւասար չափով թէ՛ ազգային ազատագրական եւ թէ՛ քաղաքական պայքար», Կը Յայտնէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

$
0
0

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը կատարուած Լիբանանի («Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.») մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Հ.- Այսօրուան մեր հարցազրոյցը դուրս կու գայ իր ընթացիկ օրակարգէն եւ կը ներառէ այնպիսի կէտեր, որոնք ընդհանրապէս այսօր ուշադրութեան կեդրոն են` թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ դաշնակցական մեր զանգուածին եւ թէ՛ առհասարակ մեր ժողովուրդին համար: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անցեալ շաբաթ զանազան հարցազրոյցներով արտայայտուեցաւ  ՀՅԴ հայաստանեան  եւ արցախեան գործունէութեան մասին Դաշնակցութեան կատարելիք գործին, ունեցած մտահոգութիւններուն եւ առաջադրանքներուն մասին: Այսօր ՀՅԴ 130-ամեակին ընդառաջ, մենք պիտի խօսինք այլ օրակարգերու մասին, որոնք վստահաբար կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին համար: Առաջին առիթով օգտաշատ կը գտնէք անդրադառնալու Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն կացութեան մասին: Այս գաղութները, որոնք կազմաւորուեցան անմիջապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն ետք, ապրեցան հոլովոյթ մը, հիմնական դերակատար դարձան հայ կեանքի պատմութեան ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ եւ այդ տուեալ երկիրներու ապրած ցնցումներուն հետ դիմագրաւեցին մեծ դժուարութիւններ, երբեմն նաեւ ապրեցան նօսրացում, սակայն մնացին ուշադրութեան կիզակէտ: Այս իմաստով ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Պ.- Նախ շնորհակալութիւն, որ անգամ մը եւս Լիբանանի մեր քոյրերուն, եղբայրներուն եւ ընկերներուն հետ հաղորդուելու այս առիթը կ՛ընծայուի: Լրիւ համաձայն եմ այն հասկացողութեան, որ միջինարեւելեան մեր համայնքներու գոյութիւնը յետցեղասպանութեան, առաջին անկախ հանրապետութեան անկումէն ետք կազմաւորուած այդ համայնքներուն մէջ ղեկավար դերակատարութիւն ստանձնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ շեշտած է, եւ այսօր ալ կ՛ուզենք շեշտել այդ շրջաններու ռազմավարական կարեւորութիւնը սփիւռքի պարագային: Նախ` ռազմավարական, որովհետեւ սահմանամերձ գաղութներ են, եւ այդ համայնքները վերջի վերջոյ կազմաւորուած են` հիմնական նպատակ ունենալով վերադարձի գաղափարը, որ օր մը մեր հիմնական նպատակի` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի վերջնական կերտումով հայրենիքն է, որ պիտի վերամիաւորէ ամբողջ հայութիւնը, բայց մինչեւ այդ հանգրուանը` միջինարեւելեան հայ գաղութները ունին հսկայ դերակատարութիւն: Դժբախտաբար տագնապներէ անցաւ այս շրջանի հայութիւնը, եւ դժբախտութիւնը այն է, որ 60-ական թուականներէն սկսեալ այդ տագնապները նախ Սուրիոյ մէջ, ապա Լիբանան, Իրաք, որոշ չափով` Իրան, ապա` կրկին Լիբանան, ունեցան իրենց ցնցիչ ազդեցութիւնը, ճիշդ է թիւով նօսրացան, բայց որակական իմաստով բարեբախտաբար կը պահեն իրենց կենսունակութիւնը: Բախտը ընծայուեցաւ ինծի, որ վերջերս այցելեմ Սուրիա այս ամրան ընթացքին, եւ այնտեղ, հակառակ բազում դժուարութիւններուն, տեսայ կենսունակ գաղութ, որ ամէն գնով ինքզինք վերականգնելու աշխատանքին նուիրուած է: Ահա այսօր կը գտնուիմ Լիբանան` իր այս տնտեսական տագնապի շրջանին, ինչպէս կ՛ըսեն, մենք տագնապի ժամանակ պէտք է հասնինք եւ ձեռք երկարենք մեր այլազան համայնքներուն եւ ատոր համար հոս եմ` տեսնելու, միասնաբար ծրագրելու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ, թէ ինչպէ՛ս այս պայմաններու տակ մենք կրնանք այդ օժանդակութիւնը հասցնել Լիբանան, որպէսզի պահէ իր կենսունակութիւնը եւ առաջնորդողի դերը` ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

Բոլորս ալ պիտի ուզէինք տագնապներէ հեռու մնան Միջին Արեւելքի գաղութները, բայց դժբախտաբար աշխարհագրական իր դիրքը եւ պատմութիւնը եկած է ցոյց տալու, որ շարունակաբար այդ տագնապները տեղի կ՛ունենան շրջանին մէջ, բայց բարեբախտաբար մեր ժողովուրդը միշտ գտած է իր ներքին կենսունակութիւնը եւ վճռական կամքը` դիմագրաւելու այդ տագնապները եւ այդ ամէնէն դուրս գալու ամուր, պինդ եւ նոյն նուիրումով:

 Հ.- Պիտի խնդրէի, որ անդրադառնաք Եգիպտոսի հայ գաղութի մասին, որ մինչեւ այսօր, հակառակ նօսր թիւին, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:

Պ.- Այո՛, Եգիպտոսի, նոյնիսկ Իրաքի պարագային, եւ կամ` փոքրաթիւ այլ շրջաններու մէջ, որոնք անցեալին ղեկավարի հանգամանք ունեցած են, ինչպէս` Եգիպտոսի պարագային, ուր ՀՅԴ Բիւրոն կեդրոն ունեցած է անցեալին, բայց իր նօսրացած թիւը պատճառ չէ հանդիսացած, որպէսզի ինք կազմալոյծ վիճակ ունենայ եւ չմասնակցի մեր համատարած պայքարին: Ունին այնտեղ աշխուժ Հայ դատի յանձնախումբ, աշխուժ գործունէութիւն` կրթական, կուսակցական, մշակութային. ուրախ եմ, որ ծանր հարուած ստացած Իրաքի մէջ ալ կը գործեն կորիզներ, որոնք պատնէշի վրայ են:

Հ.-  Ձեր այս այցելութիւնը ինքնին զօրակցական բնոյթ ունի լիբանանահայ գաղութին եւ անոր մաս կազմող ՀՅԴ ընտանիքին. անցնող քանի մը օրերուն ականատես եւ ականջալուր դարձաք իր ապրած մտահոգութիւններուն եւ այդ գծով նաեւ` գաղութի տարած աշխատանքներուն կամ ծրագիրներուն: Այս իմաստով, մեր ժողովուրդին մէջ տեսաք ակնկալութիւններ, որոնք տեղականէն աւելի համահայկական զօրակցութեան բնոյթ ունին: Այս բոլորին մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Պ.- Ես կոչ կ՛ուղղեմ մեր սիրելի Լիբանանի հայութեան, որ ամուր եւ պինդ մնայ, ըսեմ նաեւ, որ իմ կոչիս պէտք չունի լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ, նոյնիսկ պատերազմի թէժ տարիներուն կրցած է պահել իր կենսունակութիւնը եւ միասնակամութիւնը. հետեւաբար այս բոլոր հարցերը դիմագրաւելու ուղղութեամբ վստահ եմ, որ նոյնութեամբ պիտի մօտենայ այս տնտեսական տիպի տագնապին, որ իսկապէս քանդիչ է, որովհետեւ պատերազմի տարիներուն անգամ այսպիսի կացութեան առջեւ չէր գտնուած: Այս բոլորը բնական է, որ մեր ուշադրութեան առարկան են եւ հոգածութիւնը պէտք է դառնան համայն հայ ժողովուրդին, որովհետեւ լիբանանահայութեան դերը չի սահմանափակուիր ո՛չ Լիբանանով, ո՛չ Միջին Արեւելքով, այլ ունի համահայկական, համասփիւռքեան տարողութիւն, ասոր լաւագոյն վկաներն են մեր սերունդի բոլոր այն ներկայացուցիչները, որոնք այսօր պատնէշի վրայ են, որոնց մեծ մասին արմատները ըլլան հաւանաբար լիբանանահայ 60-ական, 70-ական թուականներու գաղափարական, կազմակերպական, քաղաքական հնոցի որպէս արդիւնք: Այդ ուղղութեամբ ուրախ եմ նշելու, որ այդ համահայկական հոգածութիւնը արդէն իսկ ցոյց կը տրուի, եւ առաջին նշոյլները մենք կը տեսնենք այս օրերուն: Բնական է, որ իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` կը փորձեմ տեսնելու Կեդրոնական կոմիտէին հետ, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմենք մենք, որպէսզի Լիբանանի տագնապին աջակցութիւնը ըլլայ անմիջական, ըլլայ կարճ կամ միջին հասողութեան վրայ, ըստ պայմաններուն եւ յոյս ներշնչէ մեր ժողովուրդին, որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն բարոյապէս եւ տեսականօրէն կողքին է հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ իր նիւթական եւ այլ աջակցութիւններով պիտի զօրակցի եւ Լիբանանի կողքին կենայ: Ուրախ եմ նաեւ ըսելու, որ այդպիսի մտադրութիւն կայ մեր հայրենի ժողովուրդին եւ առհասարակ մեր բոլոր շրջաններուն մէջ գտնուող հայութեան, ըլլան անոնք հայապատկան հողերու վրայ, թէ սփիւռքի տարածքին: Ասոր համար ալ ողջունելի է, որ համահայկական հիմնադրամի ճամբով որոշ յատկացումներ պիտի ըլլան Լիբանանի, մանաւանդ` ընդհանուր ընչազուրկ խաւի եւ կրթական կարիքներուն համար, ուրախ եմ ըսելու, որ Արցախը` որպէս առանձին միաւոր, կը մասնակցի այդ օժանդակութեան նախագահի ճամբով եւ ուրախ եմ ըսելու, որ Արամ Ա. վեհափառը ինքնին յայտարարած է որոշ ծրագիրներ, որոնք գործնականացման ընթացքի մէջ են, եւ վստահ եմ, որ ուրիշ համահայկական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ պիտի յաջորդեն ասոր, որպէսզի մեր այս կոչը չսահմանափակուի միայն մեր կուսակցութեան ընելիքով, որ պիտի ըլլայ պայմաններուն համաձայն, ակնկալուած տարողութեան չափով, բայց նաեւ լիբանանահայութիւնը միշտ մնայ համայն հայութեան գուրգուրանքի առարկայ: Լիբանանահայութիւնը իր այս ապրած ճգնաժամին մէջ ոչ մէկ ատեն պէտք է զգայ առանձին, ոչ մէկ ատեն ընկրկի, իր յատուկ տոկունութեամբ պէտք է շարունակէ իր դերը:

Հ.- Շուտով պիտի դիմաւորենք ՀՅԴ 130-ամեակը: Այսօր տարբեր առիթներով եւ տարբեր միջավայրերու մէջ շատ կը խօսուի մեր անցեալը իբրեւ դրամագլուխ նկատի ունենալու եւ այսօրուան պայմաններուն մէջ այդ անցեալի դրամագլուխով ապրելու, զարգանալու կամ խօսք ըսելու եւ հեղինակութիւն պարտադրելու մասին, երբ անդին` ներկային մէջ Դաշնակցութիւնը նաեւ իր դերակատարութեան մէջ է, պատնէշի վրայ է, սակայն մարդիկ այս մէկը, հինի եւ նորի խնդիրը միշտ չէ, որ առարկայական մօտեցումով կ՛արժեւորեն, այսօր առիթն է այս մասին ձեր արժեւորումը եւ տեսակէտը փոխանցէիք:

Պ.- Հետաքրքրական է, որ մեր ընդդիմախօսները երբեմն կ՛արտայայտուին` ըսելով, որ Դաշնակցութիւնը համաhայկական արժէք է` իր ունեցած փառաւոր պատմութեան եւ անցեալին շնորհիւ, իսկ ուրիշ առիթներով նոյն ընդդիմախօսները կ՛անդրադառնան, որ միայն պատմութիւն է, եւ այսօրուան Դաշնակցութիւնը հինի եւ նորի, սեւ ու սպիտակ հարց ունի եւ նախկինը չէ: Պէտք է ճշդուի մեր ընդդիմախօսներուն քով, թէ ո՞ր պատկերին վրայ կ՛ուզեն կեդրոնանալ: Անկախ իրենցմէ` ես կ՛ուզեմ կեդրոնանալ  մեր պատկերացումին եւ մեր ընելիքներուն վրայ: Հիմնականին մէջ մեզի համար մեր անցեալը հպարտութեան աղբիւր է, մեր անցեալը անսահման ակունք է ներշնչման, որպէսզի մենք այնտեղ բիւրեղացած իտէալներով, այնտեղ ունեցած յաջողութիւններով մենք կարենանք սնուցանել սերունդներ, անոնց տալ գաղափարական ամուր հիմք եւ վճռակամութիւն, Հայաստանի եւ հայութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնը մեր երիտասարդութեան մտքին ու սրտին մէջ դրոշմել եւ անոնցմէ ներշնչուելով` նայիլ ներկային ու ապագային, որովհետեւ զիս հետաքրքրողը մեր փառապանծ անցեալի, մեր հոյակապ էջերէն անդին, այսօրուան մեր գործունէութեան հսկայական դաշտն է եւ մեր ապագայի տեսլականը:

Ներկան կը յատկանշուի այն իրողութեամբ, որ մենք այն հայկական կազմակերպութիւնն ենք, որ կը մղէ հաւասար չափով թէ՛ ազգային ազատագրական պայքար եւ թէ՛ քաղաքական պայքար: Այդ քաղաքական պայքարը մենք կրցած ենք մեր կառոյցի շնորհիւ հասցնել այնպիսի մակարդակի մը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տարբեր ձեւերով իր քաղաքական եւ կազմակերպական աշխուժութիւնը կը բացայայտէ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր կայ հայ շունչ, կը շեշտեմ` թէ՛ կազմակերպական, թէ՛ քաղաքական մօտեցումներով: Ուրախ ենք ըսելու, որ աշխարհի չորս կողմի երկիրներուն մէջ մենք ունինք դաշնակցական ընկերներ եւ ընկերուհիներ, որոնք ընտրուած են տարբեր երկիրներու մէջ` որպէս քաղաքական ներկայացուցիչներ, եւ դեռ չենք խօսիր Հայաստանի եւ Արցախի մասին, ուր ներկայութիւն ենք, քաղաքական հզօր շարժում ենք եւ այդ ուղղութեամբ ալ ունինք այս հասկացողութիւնը, որ մեր պայքարը մէկ է, բայց մեր միջոցներէն իւրաքանչիւրը կը յարմարին տեղական պայմաններուն` ըլլան անոնք հայրենիքի պարագայի, ըլլան արտերկի այն երկիրներու մէջ, ուր քաղաքականօրէն հասած ենք բաւական բարձր դիրքերու: Ասիկա կը պահանջէ նախ ամուր հաւատք, հաստատ կամք եւ հասունութիւն, ճկունութիւն, որպէսզի կարենանք մեր այս հսկայ կազմակերպութիւնը գաղափարականօրէն պահել յստակ, ուղիղ գիծի մէջ, բայց նոյն ատեն վարչականօրէն թոյլատրել մեր շրջաններուն` տեղական պայմաններուն համեմատ ծաւալել իրենց գործունէութիւնը, որպէսզի ծառայենք մեր նպատակներուն, ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտումին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան ծառայելու մեր ընդհանուր մօտեցումին: Ուրեմն, 130-ամեակի ընդառաջ ես կը կարծեմ, որ մենք ունինք մեր առջեւ հսկայական նոր դաշտեր: Դաշնակցութիւնը երբեք չէ խրտչած ինքզինք վերանորոգելէ, այս ուղղութեամբ ալ կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ այս այն կուսակցութիւը չէ, որ կը զբաղի պահպանողական մօտեցումներով, այն կուսակցութիւնը չէ, որ միայն սովորամոլութեամբ կը զբաղի. մարդիկ կը շփոթեն երբեմն մեր անցեալին հանդէպ մեր ունեցած յարգանքը, մեր յեղափոխական նկարագրի հարցերը, մեր ազգային հերոսներու հանդէպ ունեցած յարգանքը` աւանդապաշտութեամբ: Այսօր մենք ունինք այլազան տիպի մարտահրաւէրներ, Հայաստանի պարագային, անցեալ շաբաթ լայնօրէն անդրադարձայ նիւթին. Արցախի պարագային քաղաքական որպէս գործունեայ միաւոր հիմա մեր առջեւ կը ծանրանայ 130-ամեակի տարուան ընթացքին ընտրութիւններու խնդիր` թէ՛ Ազգային ժողովի, թէ՛ նախագահի, որոնք տեղի պիտի ունենան մարտ 2020-ին: Սփիւռքի մէջ վերաթարմացման անհրաժեշտութիւն կը զգանք, որուն համար պիտի կազմակերպուի սփիւռքեան խորհրդաժողով`  համահայկական ճիգերով եւ միացեալ ջանքերով. ասոր կողքին ունինք յատուկ նշում` Սեւրի 100-ամեակին, որովհետեւ մեզի համար Սեւրը պարտամուրհակ է, որ համաշխարհային հանրութիւնը ունի հայութեան հանդէպ, եւ որքան ալ առարկութիւններ ըլլան, թէ անիկա թէեւ ստորագրուած, բայց չվաւերացուած դաշնագիր է, սակայն մենք կը հաւատանք, որ անիկա հիմքն է մեր պահանջատիրութեան. առաւել` կայ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի խնդիրը, որ կարեւոր ձեռքբերում է հայութեան համար, եւ երկուքի պարագային ալ յատուկ նշումներ տեղի պիտի ունենան Սեւրի մէջ, այսինքն կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսա, Սեւր: Սփիւռքի նուիրուած գիտաժողովն ալ հաւանաբար տեղի ունենայ Լիբանանի մէջ: Նշեմ նաեւ, որ Քրիստափորի մահուան 115-ամեակի նշում ալ տեղի պիտի ունենայ Պուլկարիոյ մէջ:

Ասոնք մեր միակ նախաձեռնութիւնները չեն յառաջիկայ տարուան ընթացքին, մենք նաեւ պիտի ունենանք համահայկական երիտասարդական բանակում, մենք պիտի ունենանք նաեւ ՀՅԴ եւ իրեն յարակից կառոյցներու, ուղեկից միութիւններու, Հայ դատի յանձնախումբերու, երիտասարդական, ուսանողական, պատանեկան կառոյցներու հաւաքական խորհրդաժողով մը Հայաստանի մէջ, որպէսզի Դաշնակցութիւնը ներկայանայ իր լրիւ դիմագիծով: Բնականաբար ունինք այն հսկայական դաշտը, որ կը կոչենք Հայ դատ, որուն համար մենք կը կազմակերպենք այլազան նախաձեռնութիւններ` հիմնական չորս ոլորտներու մէջ, քանի մը անգամ նշած եմ եւ կ՛ուզեմ յիշել` առանց մանրամասնելու. առաջինը հայրենի պետականութեանց օժանդակելու խնդիրն է, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման, երկրորդը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիրն է, երրորդը հայապատկան հողերու` Պոլսոյ, Թիֆլիսի հայութեան իրաւունքներու խնդիրն է` որպէս ազգային փոքրամասնութիւններ անհատական թէ հաւաքական, չորրորդը երիտասարդութեան քաղաքականացումն է, այս բոլորը մաս կը կազմեն այն բազմամակարդակ աշխատանքներուն, որ Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ:

 Հ.- Անդրադարձաք Հայ դատի բազմաբնոյթ եւ ծաւալուն գործունէութեան, եւ մեր ժողովուրդն ալ իրազեկ է մամուլի ճամբով, թէ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը օրէ օր ինչպէ՛ս կը ծաւալի, թէ՛ հոն կայ ամբողջականօրէն մասնագիտական մօտեցում եւ մասնագիտական աշխատանքի ուղղուածութիւն, հետեւաբար այս իմաստով ձեր ըսելիքը ունենաք եւ անդրադառնաք նաեւ այն նուիրահաւաքին, որ ի գործ դրուեցաւ Հայ դատի կառոյցը միշտ կենսունակ պահելու:

Պ.- Նախ կ՛ուզեմ նշել, որ մենք վերջին տարիներու ընթացքին անցած ենք զուտ սիրողական մակարդակէն արհեստավարժ մակարդակի, ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ունենանք մասնագիտական մարդուժ, որպէսզի կազմենք մեր Հայ դատի բանակը, որ դիւանագիտական պաշտպանուածութիւն ունենանք թէ՛ Հայաստանի դիւանագիտութեան կողմէ, թէ՛ Հայ դատի բանակի կողմէ, որոնք ամբողջ աշխարհի տարածքին կը փորձեն տեղւոյն հայ համայնքին խօսքը հասցնել միջազգային շրջանակներուն: Այս խօսքը հասցնելու գործընթացը կը կազմեն կեդրոնական գրասենեակները: Գրասենեակ հասկացողութիւնը մեզի համար այն կառոյցներն են, որ ունինք: Մենք ունինք օրն ի բուն, 24 ժամ, տարին 365 օր Հայ դատով ապրող արհեստավարժ զինուորագրեալներ, որոնք կ՛աշխատին հինգ գլխաւոր կեդրոններու մէջ` Հայաստան` որպէս կեդրոնական խորհուրդի գրասենեակ, Ուաշինկթըն` իր շատ աշխուժ եւ բեղուն գործունէութեամբ, Պրիւքսել` իր համատարած ազդեցութեամբ եւ ունեցած յատուկ ծրագիրներով` Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ, միջինարեւելեան գրասենեակը, որուն կեդրոնը Լիբանանն է, Մոսկուայի գրասենեակը, որ ոչ միայն կը զբաղի Ռուսիոյ հարցերով, այլ` ամբողջ ԱՊՀ-ի մէջ որոշ աշխատանք ծաւալելու աշխատանքներով: Ուրեմն մեր այս բոլոր գրասենեակները ուղղակիօրէն կապուած են ՀՅԴ Բիւրոյին: Ասոնց կողքին, մենք ունինք աւելի քան 30 այլազան շրջանային յանձնախումբեր, որոնք սիրողական մակարդակ ունին եւ նոյնքան նուիրեալ անդամներով կազմուած միաւորներ են, որոնք կը գործեն ամէնուրեք: Ահա կը խօսինք բազմահազարանոց բանակի մասին, որոնք ամէնուրեք կ՛աշխատին այդ չորս հիմնական նպատակներու իրագործման համար: Հայ դատի բանակի իրագործումներէն կ՛ուզեմ միայն երեք օրինակ տալ` հոկտեմբերէն ետք տեղի ունեցած. Առաջինը հոկտեմբերին փրօ-Արցախ համագումարի մեծ յաջողութիւնն է, որ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով հոն կրցանք հաւաքել 150-էն աւելի ոչ հայ քաղաքական մտաւորական եւ մամլոյ գործիչներ, որոնք քաջաբար ներկայ գտնուեցան Արցախի մայրաքաղաքին մէջ` քաջ գիտնալով, որ իրենք պիտի անցնին Ազրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ, եւ բարձրացուի աղմուկ իրենց դէմ: Այս բոլորը իրենց աչքին առջեւ ունենալով` ուզեցին շեշտել իրենց աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին, մանաւանդ` Արցախի հատուածին: Ժողովի ընթացքին հնչեցին գաղափարներ, առաջարկներ, զօրակցական կոչեր, որոնք այսօր պատմութեան անցած են, որոնք կը մնան մէկ կարեւոր փաստ` այլազան ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու այդ հաւաքի որպէս հիմնարար կորիզ: Այդ համագումարին ընթացքին նաեւ յայտարարուեցաւ ստեղծումը Արցախի բարեկամներու ցանցի մը, որ մնայուն երեւոյթի վերածուեցաւ, եւ այդ կորիզը, որ սկսանք 150 հոգիով, արդէն սկսած է ընդարձակուիլ: Ամէն տարի պիտի աշխատինք այդ ցանցը ընդարձակել, այդ ցանցի անդամները իրարու հետ հաղորդակից պահել եւ այդ ցանցին շարունակաբար տեղեկութիւն փոխանցել, մինչեւ որ Արցախի յաղթանակը, որ արեամբ ու քրտինքով վաստակեցանք, վերածուի վերջնական յաղթանակի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ, եւ գայ օրը, երբ Արցախը միաւորուի Հայաստանի հետ: Ասիկա մէկ կարեւոր նախաձեռնութիւն էր, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբերին:

Երկրորդ հիմնական յաջողութիւններէն մէկը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ անցած բանաձեւն է, որուն համար տարիներով կ՛աշխատինք: Ուրիշ երկիրներու մէջ ալ յաջողութիւններու հասած ենք վերջին 20 տարիներու ընթացքին, բայց յատուկ նշանակութիւն ունէր մեզի համար Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան մէջ այս բանաձեւի անցնիլը, որովհետեւ ոչ թէ առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, այլ կը վերահաստատէին իրենց ճանաչումը եւ զօրակցութիւնը, որովհետեւ Ամերիկան այն առաջին երկիրներէն էր, որ 1951 թուականին յատուկ յանձնաժողովով ուսումնասիրած է Հայկական հարցը եւ այդ օրերուն իսկ գործածած է Ցեղասպանութիւն բառը, սակայն վերջին շրջանին Թուրքիոյ ճնշումով եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան պատճառով Թուրքիա շարունակաբար յաջողած էր սանձել Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան այլազան մակարդակները, որպէսզի չարտայայտուին Ցեղասպանութեան մասին: Այդ լռութեան պատն ալ քանդուեցաւ, այս պարագային Ներկայացուցչական տունը եկաւ հաստատելու այնպիսի յստակ բառերով, այնպիսի ելոյթներով, որ ասկէ առաջ տեղի չէ ունեցած: Երբ 435 հոգինոց Ներկայացուցչական տան 405-ը ի նպաստ կը քուէարկէ, ատիկա միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւ է. այս ալ` երկրորդ օրինակը:

Մենք որեւէ ժամանակ պիտի չուզէինք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Հայ դատի ցանցը ունենան նիւթական աղբիւրներ, որոնց հանդէպ պարտական զգանք մենք: Ատոր համար մենք միայն դիմած ենք մեր ժողովուրդին, միայն դիմած ենք մեր ընկերներուն, որպէսզի մեր Հայ դատի պիւտճէն գոյացուի մեզի աջակից, մեզի զօրակից կանգնող շրջանակներէն: Շատ ուրախ ենք յայտարարելու, որ հակառակ տնտեսական տագնապին, որ Լիբանան ապրեցաւ, Լիբանանէն բաւական ներկայութիւն կար Հայ դատի Պրիւքսելի հանգանակային ճաշկերոյթի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 9-ին, Պրիւքսելի մէջ: Հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող վախի ու սարսափի մթնոլորտին, որ կարգ մը հանգանակութեան հաւանական մասնակցողներու սանձեց եւ ակնկալուած գումարները չյայտնաբերուեցան, բայց աշխուժութեամբ տարբեր երկիրներէ եկած մեր համակիրներն ու կողմնակիցները գոցեցին այդ բացը, եւ մենք կրցանք մեր պիւտճէն ապահովել մօտաւորապէս 2,5 միլիոն տոլարի հանգանակութեամբ, որ մեզի պիտի պահէ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին` ապահովելով նոյն կենսունակութիւնը եւ նուիրուածութիւնը, որպէսզի մեր կեդրոնական գրասենեակները եւ շրջանային յանձնախումբերը աշխատին իրենց լուրջ առաքելութիւնը իրականացնելու ճամբուն վրայ:

Հ.- Այս նուիրահաւաքի ընդհանուր գործընթացին մէջ տակաւին ամերիկեան ցամաքամասին վրայ նոյն տարողութեամբ նուիրահաւաքներ կը կազմակերպուի՞ն տեղւոյն ուժերով:

Պ.- Այո՛, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ պարագային նկատի առնուած է, որ ամբողջացուին այդ գումարները, որովհետեւ մեր կարիքները միայն երկու միլիոնի շուրջ չեն: Արդարեւ, ամէն տարի չէ, որ կը կազմակերպուին այս նախաձեռնութիւնները, այս գումարները քանի մը տարուան համար են, արդէն իսկ նախատեսուած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ տարբեր ձեւաչափի, տարբեր միջոցներով հանգանակային արշաւ մըն ալ տեղի ունենայ 2020-ին:

Հ.- Անդրադառնանք կարեւոր նիւթի մը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը միշտ ալ վայելած են յատուկ գուրգուրանք, կարեւորութիւն եւ հոգածութիւն: Նաեւ կանոնագիրով ամրագրուած է, որ ուսանողական միութիւնները իրենց լիազօր ներկայացուցիչներով կը մասնակցին նաեւ Դաշնակցութեան գերագոյն ընդհանուր ժողովներուն` իրենց ձայնը ուղղակիօրէն լսելի դարձնելու: Մեր կազմակերպութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր ուսանողութեան տեղը միշտ յստակ եղած է, անոր դերն ու ընդհանուր պարտականութիւնը սահմանուած է իր իսկ կողմէ: Այսօր, այս իմաստով, բնական է, համաշխարհայնացման այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ կան որոշ մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, զանոնք հեռու պահելու գաղափարական, քաղաքական ոլորտէն եւ նետելու այնպիսի օրակարգերու մէջ, որոնք չեն նպաստեր մանաւանդ մեզի նման տակաւին բազում նպատակներ հետապնդող ազգի մը, այս պարագային` ՀՅԴ-ին: Այս մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Պ.- Մեզի համար էական նշանակութիւն ունին մեր երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները: Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ զգացած է անհրաժեշտութիւնը, որ իր երիտասարդութեան տայ ինքնակազմակերպման լայն կարելիութիւններ, որպէսզի անոնք դառնան ինքնիշխան միաւորներ, ուր պիտի թրծուին մեր երիտասարդները բառին ամբողջական առումով` իրենց ընտրեալ վարչութիւններով, իրենց յատուկ երիտասարդական խանդով ու յանդգնութեամբ աշխատող միութիւններ: Ուսանողականները ունին նաեւ յատուկ առաւելութիւն մինչեւ ընդհանուր ժողով պատգամաւոր ղրկելու, իսկ պատանեկան միութիւնները մատղաշ տարիքի սերունդ կը պատրաստեն, որպէսզի իրենք ալ դառնան նուիրեալներ` Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին: Ասիկա հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է Դաշնակցութեան, որ այո՛, երիտասարդութիւնը մեր մէջ է, բայց երիտասարդութիւնը նաեւ ինքնակառավարող է, այն վայրն է, որ տարբեր միութիւններու ճամբով պէտք է ունենայ թռիչք, պէտք է ունենայ յանդգնութիւն, այսպէս կոչուած, սովորամոլութեան դէմ պայքարելու, բայց երկու հիմնական պայմաններով: Առաջինը այն է, որ ասոնք Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններ են. ինչ կը վերաբերի մեր վախճանական նպատակին, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի մեր հիմնական սկզբունքին, մեր գաղափարական հիմքին, մեր ընկերվարական մօտեցումներուն, յեղափոխական նկարագիրին եւ հայրենքի ու հայութեան ծառայելու անաչառ մօտեցումին, այս բաժինները անկարելի է, որ փոխուին: Այս բոլորը կը դառնան ընդհանուր ուղղութիւններ, որոնց սահմաններուն մէջ պէտք է գործեն այդ մեր երեք կազմակերպութիւնները, մնացեալները լրիւ կը մնան իւրաքանչիւրին ստեղծագործական ոգին եւ յանդուգն երիտասարդութեան յատուկ ոճին, որովհետեւ մենք կը քաջալերենք, որ մեր երիտասարդները ունենան հարցերու քննական մօտեցում, ունենան նաեւ մեր գաղափարախօսութեան նոր ձեւերու որոնում, որովհետեւ մեր երիտասարդները եւ ուսանողները մեզի պիտի բերեն նոր աւիշ եւ նոր մտածելակերպ: Մենք յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք մեր երիտասարդութեան, որովհետեւ անցեալի տարազը, որ կու տայինք, որ անոնք մեր ապագան են, պէտք է փոխենք քիչ մը, որովհետեւ անոնք նաեւ մեր ներկան են: Անոնք պէտք է այս ժամանակուան ղեկավարութեան ալ մաս կազմեն, չսպասեն անպայման, որ իրենց միութիւններուն մէջ սպասարկութիւնը վերջացնեն, ապա ծառայեն մարմիններուն մէջ: Մեր ղեկավար մարմիններուն մէջ ընդունելով երիտասարդներ, մենք հոն կը ստեղծենք այն միջավայրը, ուր նոր միտքեր, նոր մօտեցումներ գան, եւ մենք շարունակաբար վերաթարմանանք:

Հ.- Այս ծիրին մէջ կ՛արժէ անդրադառնալ Դաշնակցութեան համահայկական երիտասարդական-ուսանողական կառոյցի նախաձեռնութիւններուն, որոնք իրենց ընդգրկուածութեամբ կը ներառեն գործունէութեան բազմաթիւ բնագաւառներ` արտաքին-յարաբերական եւ հայրենիքի հետ ուղղակի կապի: Այս իմաստով ալ վերջերս գումարուեցաւ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովը, որուն արժեւորումը, խնդրեմ, կատարեցէք:

Պ.- Ճիշդ այդ համահայկական նկարագիրի արտացոլացումն էր գումարումը այդ խորհրդաժողովին,  որ ունէր 55 մասնակից` շուրջ 20 երկիրներէ, ինչ որ ինքնին լաւ թիւ է, մանաւանդ որ այդ ժողովներուն մասնակցութիւնը բոլորին համար բաց չէ, անոնք ներկայացուցչական բնոյթ կը կրեն, իւրաքանչիւր շրջան իր ներկայացուցիչը կ’ուղարկէ, այլապէս հարիւրաւոր-հազարաւոր երիտասարդներ պիտի ունենայինք այդ ժողովին: Բայց եւ այնպէս ունինք այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք մեծաթիւ երիտասարդներ կը համախմբեն, անոնցմէ մէկը, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, յառաջիկայ տարի կայանալիք համահայկական բանակումն է, որ կը յուսանք, յաջողութեամբ կը պսակուի:

Իսկ այդ խորհրդաժողովին քննուեցան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին մեր «Դէպի Երկիր» կարգախօսի գործնականացման, մեր երիտասարդութեան դաստիարակչական ծրագիրներուն, ուսանողական այլազան շրջանակներու մէջ տանելիք աշխատանքին, պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմիններու գործերու համադրումի, աշխատանքի բաժանումին եւ պատանիներուն համար գրաւիչ մթնոլորտ ստեղծելով` կապելու հայութեան, Հայ դատին եւ մեր ընդհանուր գաղափարախօսութեան: Բնականաբար խօսուեցաւ նաեւ մեր երիտասարդութիւնը շահագրգռող ընկերային շարժումներու, ընկերային գաղափարախօսութեան մասին: Նման խորհրդաժողովներու անպայման կը խօսուի նաեւ Հայ դատին մասին, որուն աշխատանքներուն երիտասարդութիւնը եւս մասնակից է, մենք ունինք մեծ թիւով ուսանողներ ու երիտասարդներ, որոնք մաս կը կազմեն տարբեր երկիրներու մեր Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ կառոյցներուն: Շատ յաջող նախաձեռնութիւն էր, ուրախ ենք, որ մենք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կողքին, ուր կը գործեն երկու երիտասարդ պատասխանատուներ` մէկը Հայաստանէն, միւսը Եւրոպայէն, ունինք Երիտասարդական խորհուրդ, որ բաղկացած է վերոնշեալ տարբեր բնագաւառներու վերաբերող պատասխանատուներէ: Ուրախ եմ ըսելու, որ 60-100 հոգի արդէն կ’աշխատի այդ համադրումի համակարգին մէջ, եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ունինք ուսանողականի, երիտասարդականի եւ պատանեկանի բազմահարիւր անդամներ, որոնք աշխարհի տարածքին կը հասնին տասնեակ հազարաւորի եւ կը հանդիսանան, Հայ դատի բանակին կողքին, մեր երիտասարդական բանակը:

Հ.-  Վերջին տասը տարիներուն բոլոր շրջանները համակեց զանազան բնագաւառներու մէջ հայրենիքի հետ կապի ուղղակի ստեղծման եւ գործնական աշխատանքի գաղափարը, որ յատկապէս իր դրսեւորումը գտաւ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուող երիտասարդական-ուսանողական-պատանեկան ճամբարներով: Կը կարծեմ, որ ասոնք օրինակելի նախաձեռնութիւններ են, որոնց, սակայն, հայաստանեան մամուլը պատշաճ կերպով չ’անդրադառնար, թէեւ անոնք ազգը միաւորող եւ մատղաշ այդ երիտասարդութիւնը հայրենիքին կապող, անոր հետ փոխյարաբերութիւնները սերտացնող են: Այս իմաստով, ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Պ.- Անկասկած այդպէս է: Այդ պատճառով ալ քիչ առաջ մենք անդրադարձանք «Դէպի Երկիր»-ին, որ կը նշանակէ` դէպի Հայաստան, դէպի Արցախ, դէպի Ջաւախք, բոլոր կազմակերպուած աշխատանքներուն մէկ երեսը այդ ճամբարներն են, բանակումներն են, որոնք տեղի կ’ունենան հետեւողական կերպով: Բարեբախտաբար մենք կարողացած ենք երիտասարդութեան կամ ուսանողական միութիւնները մղել, որ իւրաքանչիւրը որդեգրէ շրջան մը` մէկը Արցախի մէջ, միւսը` Գորիսի, ուրիշ մը` Վանաձորի, չորրորդը` Գիւմրիի, հինգերորդը` Ջաւախքի, եւ այսպէս` տարածել: Այսպիսով, մասնակից երիտասարդին համար ասիկա կը շրջանցէ պտոյտի սահմանը եւ կ’ըլլայ իսկապէս ուխտագնացութիւն, եւ անոնց մէջ կը կերտուի այնպիսի նկարագիր, զոր տասնեակ հարիւրաւոր դասախօսութիւններով կարելի չէ կոփել եւ լրացնել այն բացը, զոր կը լիացնեն այդ ճամբարները, որոնք կու տան այն աւիշը, որ իրենց հետ կը մնայ ամբողջ իրենց կեանքին ընթացքին, նոյնիսկ եթէ անոնք բախտը չունենան քանի մը անգամ վերադառնալու: Ասիկա մէկ ուղղութեամբ եղած առաւելութիւնն է, այսինքն` մասնակիցի, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ յիշել, որ տեղւոյն վրայ անոնք կապ կը հաստատեն իրենց Հայաստանի ընկեր-ընկերուհիներուն հետ, Հայաստանի երիտասարդական եւ համալսարանական շրջանակներէ եկած անձերու հետ, եւ այս բոլորը կամրջումի հոյակապ դեր կը խաղան, որպէսզի մեր ջատագոված «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ դատ» հասկացողութիւնը իրականութիւն դառնայ: Այսպիսով, պէտք է ջնջուին կայսրութիւններուն կողմէ անցեալին գծուած անընդունելի պատերը, որոնք մեր ժողովուրդին զարգացումը բաժնած են երկու-երեք ճիւղերուն, որոնք այսօր պէտք է վերամիանան, որպէսզի հայ ժողովուրդը գտնէ իր ամբողջական միասնականութիւնը:

Ուրախ եմ նշելու, որ ասոնց կողքին, կան նաեւ պատանեկան  ճամբարներ, որոնց մեծագոյն առաւելութիւնը եւ երիտասարդական-ուսանողականէն տարբերութիւնը այն է, որ սփիւռքէն Հայաստան հասնող մեր երիտասարդները իրենց շուրջ կը համախմբէր 3-4 հարիւր, երբեմն 5 հարիւր պատանիներ, իւրաքանչիւր միութիւն, եւ այդ պատանիները կը թրծուին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնական գաղափարներով, անոնց նոյնիսկ կը տրուի ուսում, ամրան արձակուրդին անոնք անգլերէն, ֆրանսերէն կը սորվին: Այս բոլորին կողքին, այդ պատանիները այս ճամբարներուն ընդմէջէն կը զգան, որ իրենք առանձին չեն, քոյրեր եւ եղբայրներ ունին Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի, Սուրիոյ, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի զանազան շրջաններու մէջ, նոյնիսկ` երբեմն Ափրիկէ եւ Չինաստան, ուր հիմա կորիզներ ունինք: Նաեւ մեր Հայ դատի ու պահանջատիրութեան հասկացողութեան փոխանցում տեղի կ’ունենայ, որպէսզի հայաստանցի պատանիները եւս լաւապէս գիտնան, որ սփիւռքի մէջ ապրող պատանին որքան լրջօրէն զբաղած է թէ՛ ներկայ հայրենիքով եւ թէ՛ իրեն պատկերացուցած ապագայ միացեալ Հայաստանի հողերուն վրայ հայութեան ներկայութեամբ եւ կենդանի գործով:

Ասոնք մեծ եւ շատ յաջող նախաձեռնութիւններ են, ունինք առնուազն 7 այսպիսի ճամբարներ, որոնք կանոնաւոր կերպով տեղի կ’ունենան` անկախ երիտասարդականէն եւ ուսանողականէն: Ասիկա անհատ միութիւններու կազմակերպածներն են, իսկ համակուսակցական առումով կը գումարուին խորհրդաժողովներ, սեմինարներ, կը կազմակերպուին բանակումներ, իսկ երբեմն ընդհանուր Հայ դատի խորհրդաժողովներուն  եւ ՀՅԴ-ի ընդհանուր կազմակերպական ժողովներուն մէջ եւս երիտասարդութիւնը ներկայութիւն է:

 Հ.- Անդրադառնանք ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններուն` ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինին եւ ՀՕՄ-ին, որոնք գրեթէ դար մը ամբողջ կենսափորձ նուաճած են, ոմանք` աւելի, եւ բոլորը այսօր հայրենիքի հետ լայն յարաբերութիւններ ունին, այս երեքին գործակցութեան ոլորտը շատ ընդարձակ է, ինչ որ կ’ապրեցնէ, կը վերանորոգէ այդ միութիւններուն գործն ու դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ: Աւելի՛ն. վերջերս բոլորն ալ նախաձեռնած են իրենց գործունէութեան արդիականացման ոճերու որդեգրման: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս երեք ուղեկից միութիւններու գործին կարեւորութեան մասին` այս փուլին:

Պ.- Մեր ուղեկից միութիւնները` ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինն ու ՀՕՄ-ը մեր հարստութիւնն են. կարճ բանաձեւումը այն է, որ էական անհրաժեշտութիւններ են, որոնք մեր ընդհանուր տեսլականէն բխած տարբեր ճիւղերու մէջ կ’իրականացնեն Դաշնակցութեան հիմնարար սկզբունքները, մէկը` մշակոյթի եւ կրթութեան մարզին մէջ, միւսը` սկաուտական շարքերու, մարմնակրթութեան եւ պատանիներու դաստիարակութեան գործին մէջ, որովհետեւ երբեմն կը մոռնանք, որ մեր երիտասարդականներու եւ պատանեկաններու կողքին, ՀՄԸՄ-ը մեր երիտասարդական եւ պատանեկան մեծագոյն միութիւնն է` իր բանակով, իսկ ՀՕՄ-ը, որ սկսած է բարեսիրական նպատակներով եւ այսօր ամուր կանգնած է ՀՅԴ-ին կողքին, կը հասնի նաեւ սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր շատ մը կարիքներուն` մեր ընկերուհիներու մեղուափեթակի նման տարուող աշխատանքներուն ընդմէջէն: ՀՕՄ-ը այսօր նաեւ կը ճիւղաւորուի, որպէսզի ունենայ վճռորոշ ըսելիք եւ դեր` հայ կնոջ իրաւունքներուն մասին:

Կասկած չկայ, որ երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նախաձեռնած է Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան, Համազգայինի հիմնադրութեան, զգացած է առկայ բաց մը, եւ իր նոյն մօտեցումով, գաղափարական կեդրոնացումով, բայց կազմակերպական ապակեդրոնացումով նախընտրած է, որ անոնք չըլլան յանձնախումբեր, այլ ըլլան ինքնավար, ամբողջական միութիւններ: Թէ՛ Համազգայինը եւ թէ՛ ՀՕՄ-ը կազմակերպուած են այդ ուղղութեամբ: Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ-ը ծնած է 1918-ին` ուղեկից դառնալէ ճիշդ առաջ, բայց ահա վերջին հարիւրամեակին, անիկա մեր կարեւորագոյն ուղեկից միութիւններէն է, որ միշտ աջակից եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Ուրախ ենք ըսելու, որ բոլորն ալ` թէ՛ ՀՄԸՄ-ը, թէ՛ ՀՕՄ-ը եւ թէ՛ Համազգայինը այսօր համահայկական կառոյցներ են, կար ժամանակ, որ անոնք շրջանային կառոյցներ էին, օրինակ, կար ժամանակ, երբ ՀՕՄ-ը ճանչցուած էր իբրեւ ամերիկեան կազմակերպութիւն, թէեւ մասնաճիւղեր գոյութիւն ունէին Միջին Արեւելքի մէջ, բայց կը գործէին իրարմէ անկախ, ՀՄԸՄ-ն ու Համազգայինը աւելի միջինարեւելեան կազմակերպութիւններ էին, թէեւ Ամերիկաներու եւ Եւրոպայի մէջ ու այլուր կը գործէին սկաուտական, մշակութային, մարզական այլ միութիւններ, բայց ՀՅԴ բիւրոներու գործադրութեամբ եւ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով անհրաժեշտութիւն ստեղծուեցաւ եւ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ  այն իրողութիւնը, որ բոլորն ալ պէտք է դառնան համասփիւռքեան կառոյցներ, իսկ հայրենիքի անկախացումէն ետք դարձան նաեւ համահայկական կառոյցներ, որովհետեւ բոլորն ալ ունին իրենց արմատները, մասնաճիւղերը, գործունէութիւնը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ:

Անոնք մեր գանձարանին անբաժանելի մասն են, շատ աշխուժ գործունէութիւն կը տանին, մենք շատ հպարտ ենք անոնցմով, որովհետեւ  անոնք նաեւ կը սնուցանեն այն երիտասարդները, որոնք նոյնիսկ եթէ ապագային չդառնան կուսակցական գործիչներ ու շարքայիններ, ինչ որ բնականաբար ընդունելի է, պիտի ուզեն դառնալ մշակութային գործիչներ, մարզական ղեկավարներ, բարեսիրական միութիւններու պատասխանատուներ եւ պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը մեր այդ երեք ուղեկից միութիւններու ճամբով:

Հ.- Արդիականացման ոճին գծով` ձեր տեսակէտը:

Պ.- Շարունակական մարտահրաւէր է. ես որեւէ ժամանակ չեմ կրնար ըսել, որ մենք հասած ենք այն իտէալին, որուն կ’ուզենք հասնիլ: Բնականաբար, կարգ մը միութիւններ ունին երիտասարդացման անհրաժեշտութիւն, ուրիշներու պարագային` յաւելեալ գործակցութեան հարց: Օրինակ, մեզի համար խնդիր է, եւ այդ խորհրդաժողովին պէտք է քննարկուի, թէ ինչպէ՛ս մենք պիտի կարենանք փոխանակում կատարել երիտասարդութեան այդ երեք միութիւններուն միջեւ, այսինքն` երիտասարդականները, ուսանողականները եւ այդ ուղեկիցները աւելի համադրելու աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի ճիշդ փոխանակում ըլլայ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր տարիքային իւրայատկութիւնը: Կան մեծաթիւ սկաուտներ, որոնք որոշ տարիքէ մը ետք չեն ուզեր զբաղիլ սկաուտութեամբ, եթէ խմբապետ չեն կամ չեն հասած վարչական պաշտօններու, ուստի կը ձգեն: Բայց հարցը այն է, որ այս երիտասարդութիւնը ո՞ւր կ՛երթայ, արդեօ՞ք զանոնք պէտք է մօտեցնենք երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու, Համազգայինին, ՀՕՄ-ին` իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութեան կամ նախասիրութեան համաձայն: Ահաւասիկ այդ փոխանակման վերաբերող պատկեր մը. ուստի այս փոխանակումը լաւապէս պէտք է համադրուի եւ ճշգրտօրէն սահմանուի, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի մեր այդ աշխատանքը:

Ուրեմն, շարունակական թարմացման, շարունակական ստեղծագործական ոգիի արտայայտման եւ նոր միջոցներու որոնման անհրաժեշտութիւն կայ, եւ այս ՀՅԴ Բիւրոն ջատագովն է, որ մենք միշտ նորութիւններ փորձենք` յաջողինք կամ չյաջողինք, հարց չէ, բայց գոնէ մեր խղճին հետ հանգիստ ըլլանք, որ փորձեցինք:

Հ.- Անդրադարձաք ՀՕՄ-ի գործունէութեան. Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովը յատուկ շեշտադրում կատարեց հայ կնոջ դերակատարութեան եւ մեր ընկերուհիներուն ունենալիք դերակատարութեան` անոնց կարողականութեան ամբողջական օգտագործումով: Այս գծով Բիւրոն ի՞նչ նախաձեռնութիւններու դիմեց:

Պ.- Նախ ըսեմ, որ այնպէս չէր, թէ ցարդ մենք չէինք գիտակցեր մեր ընկերուհիներուն եւ համակիր կիներուն դերակատարութեան, այլ ուզեցինք քայլ մը անդին երթալ եւ պարտադրել, որ այդ ընկերուհիները ո՛չ միայն պէտք է գնահատել իրենց տարած աշխատանքին համար, այլ նաեւ ներառենք ղեկավարական շրջանակի մէջ, որ, կուսակցութեան պարագային կը նշանակէ ժողովներու եւ մարմիններու անդամակցութիւն: Ճիշդ ըսիք, վերջին Ընդհանուր ժողովը պարտադրեց, իսկ Բիւրոն ալ կը գործադրէ այդ պարտադրանքը, որ ուր որ նոր ընտրութիւններ կը կազմակերպուին, ընդհանուր տոկոսային թիւին համեմատ ընկերուհիներ ստանձնեն ղեկավարի պաշտօն: Անոր առաջին արդիւնքը ունեցանք Հայաստանի Գերագոյն մարմինի պարագային, ուր պէտք էր նուազագոյնը երկու ընկերուհի ընտրուէր, իսկ այսօր մենք ունինք երեք ընկերուհիներ` Լիլիթ Գալստեան, Շաղիկ Մարուխեան եւ Արմենուհի Կիւրեղեան, որոնք լաւագոյն ներկայացուցիչներէն են այն ընկերուհիներուն, որոնք այլազան պատճառներով, բազմազբաղութեան բերումով երբեմն չէին հասներ ղեկավարութեան մէջ ըլլալու: Կը յուսանք, որ ներկայիս ստեղծուած քոթաներու դրութիւնը, որ պէտք է ժամանակաւոր ըլլայ, որովհետեւ ասիկա պէտք է դառնայ բնական երեւոյթ, խթան հանդիսանայ այս առումով: Մենք շատ լաւ օրինակներ ունինք աշխուժ ընկերուհիներու, ՀՕՄ-ը, ինչպէս նշեցինք, մեր ամէնէն աշխուժ, վազվզող անդամուհիները կը ներառէ, Համազգայինի մէջ ունինք մեծաթիւ ընկերուհիներ, նոյնն ալ` ՀՄԸՄ-ի  պարագային:  Ես չեմ ուզեր ստեղծել այն թիւր տպաւորութիւնը, որ մեծ խնդիր գոյութիւն ունէր մեր կուսակցութեան մէջ, այլ պարզապէս կար խթան հանդիսանալու հարցը, որպէսզի մեր ընկերուհիները մեղուափեթակի մէջ աշխատողներ չըլլան միայն, այլ նաեւ ղեկավարող միտքի, որոշումներ կայացնող մարմիններուն մէջ ալ ներկայութիւն ըլլան: Ատոր համար ալ ես մեծապէս կ՛ողջունեմ այդ որոշումը եւ ուրախ եմ, որ ատիկա արդէն սկսած է արդիւնք տալ:

Հ.-  ՀՅԴ-ին համար մտաւորականութիւնը յատուկ դեր եւ նշանակութիւն ունեցած է, մտաւորական խօսքը, գաղափարական խօսքը ղեկավարող դարձած է ու կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ մտաւորականութեան հետ իր յարաբերութիւնները ջերմ պահած է, այսօր ալ մենք կը գտնուինք այդ անհրաժեշտութեան դիմաց` ըլլայ հայրենիքի, ըլլայ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ինքնարժեւորման եւ ինքնաքննադատութեան կարգով պէտք է ըսենք, որ այսօր մեր կեանքին մէջ մտաւորական յանձնառու խօսքը սկսած է բացակայիլ` իր տեղը զիջելով այնպիսի ժամանակաւոր ու քմահաճ մեկնաբանութիւններու եւ արժեւորումներու, որոնք հայ կեանքը չեն հարստացներ եւ զայն կը մատնեն անորոշութեան: Այս բոլորէն մեկնած անդրադառնանք մտաւորականներու դերին ու նշանակութեան, նաեւ` մտաւորականութեան պատրաստութեան:

Պ.- Կը կարծեմ, թէ, ինչպէս ամէն կազմակերպութիւն, մենք ալ ունինք երկու մեծ մարտահրաւէրներ. մէկը մտաւորականութիւնը մեր շուրջ պահելն ու ներգրաւելն է, երկրորդը` երիտասարդութիւնը, որովհետեւ որքան ալ աշխատանք տանինք ու յաջողինք, մենք մեզի պէտք է ըսենք, որ բաւարար չէ, աւելին պէտք է ընենք, մանաւանդ համաշխարհային համատարած ապաքաղաքականացած մթնոլորտին մէջ, ուր ոչ յանձնառու երիտասարդներուն ու մտաւորականներուն թիւը կը բարձրանայ, եւ, դժբախտաբար, ընդհանրապէս մտաւորականութեան թիւը կը նուազի: Ասիկա միայն մեզի չի վերաբերիր, այլ կարծէք 21-րդ դարու երեւոյթ է, մանաւանդ որ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը կ՛ընտրէ այնպիսի նիւթեր, որոնք գործնական, գիտական են, եւ դասական մտաւորականութեան կերպարի կերտման չեն օժանդակեր: Բայց այս բոլորը ըսելէ անդին, կայ ժողովրդականութեան հանգամանքը, մարդիկ աւելի շատ զբաղած են երեւոյթով, քան` խորքով® այս հարցերը լուրջ աւերներ կը գործեն, որովհետեւ այլեւս համբերութեան չափանիշը շատ նուազած է, ամէն մարդ կ’ուզէ, որ տեղեկութիւնները իրեն փոխանցուին պատրաստ, դգալով, որպէսզի իրենք չունենան վերլուծելու, երկար ընթերցումներ կատարելու, վերլուծական աշխատանք կատարելու մօտեցում: Յոգնածութիւն մը կ’երեւի, ինչ որ յատուկ չէ միայն հայութեան, այլ ընդհանուր է:

Բայց այս բոլորին կողքին, ինչպէս նշեցիք, չափազանց կարեւոր է մտաւորականութեան դերը, որովհետեւ ան ունի երկու հիմնական պարտականութիւն. առաջին` ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ առօրեայ հարցերէն անդին կարողանան լուրջ, տեսլական ու խորք ունեցող նիւթերու քննարկումի դաշտ ստեղծել, որպէսզի երբեմն կարծիքներու բախումով ծնին նոր մօտեցումներ, որոնք կրնան օժանդակել ՀՅԴ-ին. որդեգրելի կամ ոչ, բայց պէտք է գոյութիւն ունենայ այն հնոցը, ուր այդ գաղափարները պիտի մշակուին, իրարու հետ բախին, մանաւանդ որ մտաւորականութեան յատկանիշներէն մէկն է նաեւ այն, որ հակասականութիւններ կը ստեղծէ եւ անոնցմէ կը ծնի նորը: Ատոր համար է, որ երբեք պէտք չէ վախնանք: Կը զարմանամ, որ Հայաստանի մէջ կայ մթնոլորտ, որ երբ քարացած մտայնութեան դէմ նորարար սկզբունք կամ ընդդիմութիւն ձեւաւորուի, անմիջապէս թշնամանքի կը վերածուի. ասիկա շատ խորթ հասկացողութիւն մըն է, որովհետեւ պէտք է հակառակը ընել, քաջալերել ատիկա:

Այդ ուղղութեամբ մենք յատուկ աշխատանք  տարած ենք, վերջին օրինակը Գերագոյն մարմինի կազմակերպած այդ մտաւորականներու հաւաքն էր, որ կը միտէր բացատրել Դաշնակցութեան տեսակէտները, իմանալու համար հոն ներկայ եղող մտաւորականութեան առաջարկները, նաեւ ընդհանրապէս շօշափել բազկերակը` տեսնելու համար, թէ այն մտաւորականները, որոնք կը զբաղին Հայաստանի ճակատագիրով, մտահոգ են Հայաստանի ապագայով, ի՞նչ տեսակի պատկերացումներ ունին մեր դերակատարութեան մասին` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:

Մենք ամէն գնով պէտք  է ունենանք մտաւորականութեան ստուար զանգուած մը` իբրեւ Դաշնակցութիւն, որպէսզի մեր ժողովներուն ընթացքին, մեր ղեկավար մարմիններուն մէջ անոնք ներկայ ըլլան, բայց մեր շուրջ եւս պէտք է ունենանք մտաւորականութեան ստուար թիւ, անոնք կրնան մեր շարքերուն անդամ չըլլալ, սակայն իրենց ազգային առողջ դիմագիծով եւ իրենց ունեցած համոզումներով ներկայացնել առաջարկներ, նորութիւններ, որոնցմէ մեծապէս կրնայ օգտուիլ այս կուսակցութիւնը:

Հ.- Յաճախ կ’ըսուի, որ Դաշնակցութեան գործը դժուար է, նաեւ` դաշնակցականին: Այսօր եթէ փորձենք տալ պատասխան մը` ո՞վ է դաշնակցականը այսօր, եւ ո՞վ պէտք է ըլլայ դաշնակցականը այսօր հարցումներուն, ի՞նչ կրնանք ըսել:

Պ.- Շատ լուրջ, երկար նիւթ է, դժուար է քանի մը նախադասութեան մէջ ամփոփել, սակայն գիտեմ, որ ժամանակի սահմանափակ ըլլալուն պատճառով չենք կրնար խորքային այդ քննարկումը կատարել հիմա: Ըսեմ, թէ դաշնակցականը այսօր այն անձն է, որ նախ ունի գաղափարական այն տեսլականը, որ արդէն իսկ արտայայտուած է մեր ծրագիրին ճամբով, ատոր լրիւ որդեգրումով կը պայմանաւորուի իր դաշնակցականի էութիւնը: Եթէ կան հիմնական տարակարծութիւններ այդ ծրագիրին վերաբերեալ, պէտք չէ այդ անձը դառնայ դաշնակցական, որովհետեւ դաշնակցական եղող անհատը պէտք է որդեգրէ մեր ծրագիրը իր ամբողջութեամբ` իր գաղափարական երեսով, քաղաքական առաջադրանքներով, ընկերային-տնտեսական մօտեցումներով եւ այն չորս հիմնարար սիւներով, որոնք հոն նկարագրուած են, այսինքն` որ մենք յեղափոխական, ժողովրդավար, ընկերվար եւ մեր ժողովուրդին ծառայող կուսակցութիւնն ենք: Բնականաբար, այդ առաջադրանքներուն հաւատացողը կ’ունենայ հիմնական պայմանը դառնալու դաշնակցական, բայց բաւարար չէ: Ասոր կողքին կու գան մեր կանոնագրային պայմանները, որոնց մէջ կայ շատ դժուար պահանջ մը` քու ես-դ հպատակեցնել ընդհանուր մենք-ին: Հոս է, որ երբեմն դաշնակցականները կը սայթաքին եւ կը մոռնան, որ իրենց համար տրուած է լայն ժողովրդավարութիւն. մեր ընդդիմախօսները կը ծաղրեն, կը ձաղկեն, բայց իրողութիւն է, որ եթէ այս կազմակերպութիւնը դիմացած ու տոկացած է ամէն տեսակի ցնցումներու եւ հասած է այսօրուան իր համասփիւռ, համաշխարհային, համահայկական, հայաստանեան, արցախեան կառոյցի ուժականութեան, այդ լաւագոյն փաստն է այն իրողութեան, որ էականը պահպանուած է: Իսկ էականը այն է, որ մենք կրնանք ունենալ բազում տարակարծութիւններ, բայց մեր ընդհանուր ժողովներու որոշումները, մեր շրջանային ժողովներուն որոշումները պարտադիր են բոլոր ընկերներուն, եւ այդ սահմաններուն մէջ պէտք է գործէ ամէն դաշնակցական, եւ երբ ղեկավար մարմինները որոշում կու տան, անոնք կը դառնան նաեւ մեր սեփականութիւնը, որովհետեւ մենք` իբրեւ դաշնակցականներ, ունինք այն դժուար պարտականութիւնը, որ երբեմն, չհամոզուելով անգամ, երբ հաւաքական որոշումը տրուած է, զայն պիտի դարձնես քուկդ եւ տարածես` իբրեւ այս կուսակցութեան դեսպան:

Ասոնք հիմնական սկզբունքներ են, ծրագրայինը` նպատակներու իմաստով, կանոնագիրի երկաթեայ կարգապահութիւնը մեր հաւաքական կեանքի իբրեւ ուղեգիծ երկու հիմնական սկզբունքներ են, որոնցմէ որեւէ շեղում կը նշանակէ, որ մենք կը պարպուինք դաշնակցականութենէ:

Հ.- Այս միացեալ հարցազրոյցը կ’ուզենք փակել լիբանանահայութեան ուղղուած ձեր սրտի խօսքով ու պատգամով:

Պ.- Ես միշտ նշած եմ, որ Լիբանանը յատուկ տեղ ունի իմ սրտիս ու մտքիս մէջ. ասիկա լոկ խօսք չէ, պատանեկութիւնս անցուցած եմ Լիբանանի մէջ, հոս է, որ թրծուած են իմ հիմնական նկարագրային գիծերս, այստեղ է, որ ստացած եմ այն ազգային արժէքները, որոնք ընկերակցած են իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ վստահ եմ, որ պիտի ընկերակցին մինչեւ վերջին հանգրուան: Ես լաւապէս ականատեսն ու վկան  եմ այն իրողութեան, որ լիբանանահայութեան ազդեցութիւնը միայն տեղական ու շրջանային չէ, համահայկական տարողութեամբ, իմ օրինակէս ներշնչուելով եւ բազմաթիւ ընկերներուս օրինակները աչքի առջեւ ունենալով, կրնամ ըսել, որ անիկա հասցուցած է այլազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու, մտաւորականութեան մէջ ղեկավարներ: Ատոր համար ալ պէտք է հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս ունենայ երախտագիտութեան զգացում լիբանանահայութեան նկատմամբ, եւ անշուշտ, ասիկա այն տեղն է, որ կը ճաճանչէր իբրեւ սփիւռքի սիրտ, հոս կան մեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ուղեկից կազմակերպութիւններու կեդրոնները: Ասիկա ինքնին խօսուն վկայութիւն է այն իրողութեան, որ Լիբանանի դերը միայն Լիբանանով չի սահմանափակուիր:

Տայ Աստուած, որ խաղաղ մնայ Լիբանանը, որուն համար բոլորս ալ պիտի աշխատինք, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ երբեմն միայն մեզմէ կախեալ չէ այդ ապագայի ճշդումը, սակայն մենք ամէն գնով պիտի աշխատինք, որ լիբանանահայութիւնը երբեք առանձին չզգայ, լիբանանահայութեան կողքին պիտի ըլլայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, եւ վստահ եմ, շատ մը համահայկական կառոյցներ եւս, բայց ես կրնամ խօսիլ միայն Դաշնակցութեան անունով` ըսելով. Ապրի՛ք տղաք, ապրի՛ք աղջիկներ, որ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, դուք ձեր նկարագրային գիծը պահած էք անաղարտ, ձեր կրթական կեանքը կը գործէ անսասան, եւ տակաւին ունիք այն կարեւոր դերը, որ շարունակաբար սերունդներ հասցնէք մեր համասփիւռքեան, համահայկական եւ հայրենի ղեկավարութեան համար: Եւ այդ դերին համար մենք շնորհակալ ենք եւ երախտապարտ, եւ կը յուսանք ու վստահ ենք, որ բոլորդ ալ կը մնաք պինդ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles