Նոյեմբերի ցուրտ: Քաղաքի երթեւեկը խանգարուած է բանթողներով: Արմենակ եւ Էլպիս եկան իրենց քաղաքի Ակոբի հայկական փիձձայով, լիբանանցիին՝ լէհմէճունը, որ Հայաստան գաղթելէ ետք եղած է լահմաջո…
Գործնապաշտի պէս, ան ալ անուն փոխած է:
Մակարուհին օղի բերաւ: Թէեւ Արմենակի բերանը առանց օղիի ալ կը բացուի: Կանայք, սուրճ բերին: Ճաշը պատրաստ էր, մեզի հետ մնացին:
– Մակարս, հայրենի Ազգային Ժողովը եւ նախարարութիւնները պէտք է փակել, խնայողութիւն կ’ըլլայ: Հոս մեծ թիւով հայ քաղաքագէտ եւ տեսաբան ունինք: Անոնք Հայաստանը, նոյնիսկ Չինաստանը կրնան կառավարել:
– Նորէն ի՞նչ տետրակ պիտի բանաս,- քրթմնջաց Էլպիս:
– Մեր դրացի Քրիստը, ծնունդով շաբաթավերջի տեսաբան է, լսածը կը կրկնէ այնպէս, որ դրացի եւ ժողովական կը խորհին, որ ան չծերացող իմաստուն է, բանգէտ, մեծ գաղափարներու կրող: Ան էսփերանթօ հայերէն կը խօսի,- շարունակեց Արմենակ:
-Լաւ է, Արմենակ, ազգը եւ համայնքը մտածողի պէտք ունին:
– Մտածող չըսի: Քրիստ իր լսածը եւ չհասկցածը որպէս գիւտ կը ծախէ: Հիմա Հայաստանի կրթութեան նախարարին բարեկարգումները կը պաշտպանէ: Ան ալ իրեն պէս հայերէնով չէ սնած: Հեղինակաւոր կերպով կ’ըսէ. «Ճիշդ է. բժշկութեան, դեղագործութեան, ճարտարապետութեան, քիմիայի եւ ֆիզիքայի ուսանողները հայերէն սորվելու պէտք չունին»:
– Սխալ չէ, Արմենա՛կ: Ուսանողները դիւրին կրնան օտար երկիր երթալ, հոն շարունակել իրենց ուսումը եւ հոն մնալ, հանգիստ կ’ապրին եւ դրամ կը շահին: Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ հայերէնը:
– Ուրեմն, եթէ լեզուէն եւ ազգային մշակոյթէն հրաժարին երբ դեռ Հայաստան են, դուրսը դիւրաւ կ’օտարանան, կ’իրականացնեն լաւ ապրելու երազը:
– Ճիշդ այդպէս, Մակա՛րս, այդ տեսակ մտածողները եւ խօսողները, Հայաստան գտնուին թէ Զանզիպար, ազգին գերեզմանը կը փորեն, որպէսզի կուշտ թաղուին:
Արմենակ պահ մը կանգ առաւ: Դիտեց երեքս, ապա.
– Յիշեցէ՛ք Հայոց Հայրիկը: Ան Թոռնիկին, կ’ըսէր, որ հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, կ’ըսէր՝ անհող չմնաք: Եթէ հիմա գայ, պիտի ըսէ, որ հայերէնը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, որպէսզի խառնածին չըլլաք, քամէոլոնի պէս գոյն չփոխէք ձեր կաշին փրկելու համար: Քալող մեռեալ չըլլաք:
– Արմենա՛կ, այս մեր դրան առջեւ կանգնած համաշխարհայնացում է:
– Փերեզակութիւն: Կրպակէն դուրս գանք եւ նայինք թէ ի՞նչ ըրին հրեաները. ազգային լեզու դարձուցին իրենց Թալմուտի լեզուն, ինչպէս մեր գրաբարը: Եղան քաջ, ունին հեռանկար: Մե՞նք:
Կանայք փուռին մէջ տաքցուած լահմաջոն բերին: Արմենակի այրած սրտին պէս պիտի այրենք մեր մատները եւ շրթները:
– Փոխ-նախարարը կոռուպցիայի պատճառով հրաժարեցուած է, Քրիստով կը փոխարինուի՞…,- հարցուցի:
– Ինչո՞ւ ոչ: Արեւուն տակ անկարելի ոչինչ կայ: Լաֆոնթէնի առակի Պոչատ Աղուէսը կ’ուզէր համոզել պոչաւորները, որ պոչը անպէտք է… եզրակացուց Կեդրոնականցին:
Մակար ի Գաղիա, 7 դեկտեմբեր, 2019