
ՖԼՈՐԱՆՍ ԱՒԱԳԵԱՆ
Երախտապարտութեան այս եղանակին, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 17-ին, տեղի ունեցաւ տօնական ու ներշնչող ձեռնարկ մը՝ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ։ Անոր տօնական բնոյթը զուգընթաց էր անոր լրջութեան՝ ապագայ յանձնառութեան նկատմամբ։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր ծխականներուն, որոնք հաւատարմօրէն մեզի զօրավիգ կանգնած են վերջին վեց տասնամեակներուն, օգնելով որ իրագործենք մեր ծառայութեան առաքելութիւնը՝ հայութեան բարօրութեան ի խնդիր, Ամերիկայի մէջ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
Ահա այս էր Ազգային Առաջնորդարանի առաջին «Գոհաբանութեան Ճաշկերոյթ»ի հիմնական նիւթը։ Այս յատուկ ձեռնարկը մեծարեց «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան «25 + 1 տարեդարձ»ը՝ Ֆլաշինկի (Նիւ Եորք) Terrace on the Park համալիրի մէջ։ Ան կը յաջորդէր Գոհաբանութեան Ս. Պատարագին, զոր մատուցած էր Անուշաւան Սրբազան Հայրը Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Այս չափազանց գնահատելի առաքելութիւնը՝ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան, որ կը կրէ անունը մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան յայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի (353-373), իր ծագումը ունեցած էր 31 տարի առաջ՝ 1988ի երկրաշարժէն ետք, օրուան Առաջնորդ՝ Մեսրոպ արք. Աշճեանի գլխաւորութեամբ․ անոր առաջնահերթութիւնը՝ երկրաշարժի վերապրողներուն անմիջական օգնութիւն հասցնելն էր։ Շուտով որբերու հովանաւորութեան ծրագիրը երեւան եկաւ իբրեւ առաջնահերթութիւն՝ հազարաւոր մանուկներու նպաստելով։ Օշական արք. Չօլոյեանի առաջնորդութեան ընթացքին, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը երեւանեան սեփական գրասենեակով օժտուեցաւ։

Ծրագիրնեըը մեծապէս ընդարձակուած են, ու այժմ կ՚ընդգրկեն որբանոցներ, դպրոցներ, կրթաթոշակներ, տարեցներ, հաշմանդամ զինուորներ եւ ամառնային ճամբար մը։
Ճաշկերոյթէն առաջ, շուրջ 200 մասնակիցներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ զիրար ողջունեցին շքեղ հիւրասիրութեան ընթացքին, նորոգելով իրենց ծանօթութիւնը եւ նոր բարեկամութիւններ ստեղծելով։
Յայտագրի բացումին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի խորհրդածութենէն ետք, առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Ճէք Մարտոյեան, որպէս ձեռնարկին հանդիսավար, ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհին՝ Սիւզըն Չթճեան-Էրիքսըն, իր գնահատանքը յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին ձեռնարկի իրագործման։
Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հայրենիքի խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստան որբերուն հանդէպ Ազգային Առաջնորդարանին ցուցաբերած նուիրումին եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան միւս ծրագիրներուն համար։
ՄԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԵՆՔ
Գլխաւոր բանախօսը՝ դոկտ. Հրանտ Մարգարեան, նշեց. «Մենք՝ հայերս, զիրար լաւ կը ճանչնանք։ Նոյն տեսակն ենք։ Հայ իրականութիւնն ենք»։ Այս բառերը բացատրելով, ան յայտնեց, թէ հայերս Հայաստանի մաս կը կազմենք իր յատուկ ոգիով, «իր հայութեամբ եւ մեր կազմակերպութիւններով։ Բոլոր այս տարրերը իրարու միաձուլուած են»։ Բանախօսը աւելցուց. «Եւ ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեր ներկայութիւնը այսօր։ Այս գիտակցութիւնն է, որ մղած է Առաջնորդարանը՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի ղեկավարութեամբ, «Մեծն Ներսէս»ը հաստատելու։ Միեւնոյն գիտակցութիւնը մղած է իրերայաջորդ առաջնորդները՝ Օշական եւ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսները, գործունէութիւնը շարունակելու»։ Հայաստանի որբերու ծրագիրը առաջնահերթութիւն կոչելով, ան զանոնք կոչեց «զինուորները, որոնք դարձած են ղեկավարներ։ Որբերը ապագան են։ Միայն անոնց միջոցով մեր Հայաստանն ու մեր ապագան պիտի ունենանք»։
Հոգեցունց տեսերիզ մը ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան հովանաւորած բազմաթիւ ծրագիրները։ Արցախեան պատերազմը պատճառ եղած էր, որ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեան հիմնէ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը։
ՈՒԺԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Որբերու հովանաւորութիւնը, որ հաստատած է 1993-ին, սկզբնապէս օժանդակած է զոհուած Արցախի ազատամարտիկներու զաւակներուն։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր սիրտի խօսքը ըսաւ «հազարաւոր քաջարի ազատամարտիկներուն» մասին։
Անցնող 26 տարիներուն, անհատ նուիրատուներու նիւթական օժանդակութեամբ, 2500 մանուկներ ամսական յատկացում մը ստացած են տարիներու ընթացքին, եւ ներկայիս 700 մանուկներ կը շարունակեն օգնութիւն ստանալ։
«Ուրախ ընտանիք» ծրագիրը, որ կ՚օգնէ արցախեան պատերազմի հաշմանդամ վեթերաններուն, 2008ին սկսած էր՝ այժմ հանգուցեալ Սարգիս Արսլանեանի եւ իր ընտանիքի ջանքերով, եւ ներկայիս կ՚ընդգրկէ 15 ընտանիքներ։
Նուպարաշէնի մանկատունը՝ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան հսկողութեան տան, մտային ու ֆիզիքական անկարողութիւն ունեցող երեխաներու պատսպարան մըն է։ 2004ին Ազգ. Առաջնորդարանը յիսնամեայ շէնքի ծաւալուն վերանորոգման ծրագիր մը սկսաւ իրագործել՝ բարերար Էտուըրտ Մելքոնեանի հաստատած հիմնադրամին միջոցով։
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը լայն վերանորոգման ենթարկած է Երեւանի Եդուարդ Պոյաճեանի անուան դպրոցը, որ անկախութենէն ետք՝ լիբանանահայ բանաստեղծ ու արձակագիր Եդ. Պոյաճեանին (1915-1966) ի պատիւ վերակոչուած էր իր անունով։

Վերջին տասնամեակին, Արժ. Տ. Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեանի կողմէ կազմակերպուած ու ղեկավարուած՝ որբերու համար ամառնային ճամբարը կը ծաղկի՝ բազմաթիւ նուիրատուներու եւ Ազգ. Առաջնորդարանի ծուխերու նուիրատուութեամբ։
Երեւանի Նոր Մալաթիա թաղամասին մէջ, «Տաթեւ» երաժշտական դպրոցը անվճար երաժշտական կրթութիւն կը հայթայթէ շուրջ 40 պատանիներու։ Շատ մը օժտեալ աշակերտներ իրենց կրթութիւնը անկէ ետք կը շարունակեն պետական երաժշտանոցներու մէջ։
Ութսուն համայնքներու մէջ, որբեր, տարեցներ եւ կարիքաւոր ընտանիքներ սնունդ, դեղ եւ հագուստ կը ստանան տարբեր բարեգործական կազմակերպութիւններու նուիրատուութեամբ, շնորհիւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան բաշխումի աշխատանքին։
Հանդիսատեսները հաճոյքով ողջունեցին խումբ մը տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք քով-քովի եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի քաջալերանքով․- Քարինա Վարդանեան եւ Անահիտ Ինճիկիւլեան՝ կատարեցին ամերիկեան եւ հայկական օրհներգերը, ինչպէս եւ երկու սիրուած երգեր՝ Կոմիտաս Վարդապետի «Չինար ես» (Վարդանեան) եւ Աշոտ Սաթեանի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» (Ինճիկիւլեան)։ Ջութակահար Արէն Առաքելեան՝ Կոմիտասէն եղանակներու փունջ մը նուագեց, եւ Սիրան Չորպաճեան՝ երգեց «Քելէ, քելէ» (Կոմիտաս) եւ «Պճինկօ» (Չիթունի)։
ԱՃՈՂ ԿԱՆԱՉ ԾԻԼԵՐ

Օրուան հանդիսավար Ճէք Մարտոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց իր պատգամը տալու՝ զինք նմանցնելով «կանաչ ծիլերու, որոնք կ՚աճին ու կը բարձրանան, եւ կը սորվեցնեն»։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներշնչումով արտայայտուելով՝ յափշտակութեամբ հետեւող լսարանի մը առջեւ, իր գնահատանքը արտայայտեց բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն, որոնք միասնաբար կարելի դարձուցած էին այս խորիմաստ ձեռնարկը «իրենց տաղանդով, ոգիով, սրտով եւ նուէրներով»։
Իր հայերէն ու անգլերէն սրտաբուխ խօսքին մէջ, ան ընդգծեց, որ թէեւ դրամահաւաքի այլ ձեռնարկներ շատ եղած են, սակայն «շնորհակալութիւն յայտնելու» կոչուած այս ճաշկերոյթը առաջինն է իր տեսակին մէջ։

«Իբրեւ Արեւելեան թեմի հինգերորդ առաջնորդ, երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք ինծի, ինչպէս նաեւ թեմի Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան ուղեցոյց հանդիսացած են՝ այս Գոհաբանութեան ձեռնարկին հաստատման մէջ։ Յոյս ունիմ, որ աւանդութիւն պիտի դառնայ՝ մեր Առաջնորդարանի բոլոր բաղադրիչ տարրերուն երախտագիտութիւն յայտնելու», ըսաւ Սրբազան Հայրը իր սովորական համեստութեամբ։
«Այս իւրայատուկ տարեդարձին, շնորհակալ եմ մեր բոլոր մեծ թէ փոքր հովանաւորներէն, որոնց նուիրատուութիւններն ու ծառայութիւնները 1988ի երկրաշարժէն ետք սրբեցին որբերուն արցունքները, թեթեւցուցին այրիներու սրտի ցաւերը եւ յոյսով լեցուցին հազարաւոր ընտանիքներու հոգիները։ Փաստօրէն, այս սիրոյ արարքով ո՛չ միայն կ՚օգնենք որբերու, այլ աւելի՛ն՝ մեր տուրքը կը վճարենք մեր ազատամարտիկներուն, որոնք թափեցին իրենց արիւնը»։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ իր երախտապարտութեան խօսքը ուղղեց Առաջնորդարանի անձնակազմին եւ կամաւորներուն, ու պատմեց, թէ ինչպէ՛ս զանազան անձեր իրենց գործի ժամերէն ետք երկար ժամեր տրամադրած էին՝ տասնամեակներու ընթացքին Առաջնորդարանի անհաշիւ ծրագիրներուն անհրաժեշտ աշխատանքը վերջացնելու համար։

Աւարտելով իր խօսքերը, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ՝ յոտնկայս ծափահարութիւններու մէջ. «Դուք բոլորդ իմ սրտիս մէջ էք։ Կը ծառայենք ուրախութեամբ, սրտով ու սիրով, մեր աչքերը յառած Արարատին»։
Օրհնութենէն ետք, ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա», որմէ ետք զանազան մասնակիցներ իրենց զգացումները արտայայտեցին։ Իքա Գույումճեանի համար, երիտասարդներու լայն թիւով մասնակցութիւնը «օրհնութիւն մըն էր»։ Երիտասարդ երաժիշտ Սիրան Չորպաճեան «աւելի մօտ զգաց եկեղեցւոյ» եւ յոյս յայտնեց աւելի մասնակցութիւն ունենալու։ Ամերիկահայ Բժշկական Կազմակերպութեան հոգաբարձութեան փոխնախագահ տոքթ. Արթըր Գուպիքեան, նշեց, թէ «գնահատումը ամենաբարձր դրական զգացումն է։ Պէտք է շարունակենք օգնել Հայաստանի հայերուն»։ Ռոլընտ Թէլֆէեան «հիացած էր բոլորը միասին տեսնելով այս ճիգին մէջ՝ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր երեխաներու աջակցելու», իսկ Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սարկաւագ Ճոն Տաղլեան խորապէս երախտապարտ էր «վերջին տասնամեակներուն Առաջնորդարանի ունեցած յառաջդիմութեան՝ նման արժանի նպատակներու ի խնդիր»։
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԳՐՔՈՅԿ
Այս առիթով պատրաստուած գրքոյկը ցուցակագրած է որբերու այն հովանաւորներուն անունները, որոնք ծրագրի սկզբնաւորութենէն՝ 1993էն ի վեր ստանձնած իրենց յանձնառութիւնը պահած են անխափան կերպով։ Երկրորդ ցանկ մը կը ներկայացնէ անցեալ 26 տարիներուն ընթացքին ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր հովանաւորներուն անունները։