Այս պատմական շէնքի պատշգամէն Արամ Մանուկեան ընթերցած է Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը 1918-ին։ Տարիներէ ի վեր, Հ․Յ․Դ․ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն աշխատանք կը տանէր, որպէսզի այդ կառոյցէն վերացուի երկար ժամանակէ ի վեր տեղադրուած «Տաշիր Փիցցա»-ի ցուցատախտակը։
Հ․Յ․Դ․ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան, ւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Տաշիր-Փիցցա» սնունդի սպասարկման ցանցի տնօրինութեան՝ իրենց նախաձեռնութեան ջերմօրէն արձագանգելու եւ Հանրապետութեան 37 հասցէին վրայ գտնուող երեւանեան սրահներէն մէկուն «Տաշիր-Փիցցա» վերտառութեամբ ցուցատախտակը հանելու համար:
«Երէկ մենք նոր նամակներով դիմած ենք ե՛ւ «Տաշիր Փիցցա»-ի տնօրինութեան՝ յայտնելով շնորհակալութիւն եւ Երեւանի քաղաքապետին, որմով կ՝առաջարկենք՝ Հ․Յ․Դ․ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին տալ արտօնութիւն, որպէսզի մենք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան շէնքին, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի արձանին դիմաց սեփական միջոցներով տեղադրենք համապատասխան ցուցանակներ։ Եւ այսպիսի յայտարարութիւններու հեղինակները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնց քաղաքական խումբի անդամները ամէն օր ոտնձգութիւններ կը կատարեն մեր ազգային արժէքներուն դէմ: Կրնա՞յ ոեւէ մէկը հաւատալ, որ այլասերում քարոզող ներկայ իշխանութիւնները կրնային իրենց թոյլ տալ այնպիսի «ճոխութիւն», ինչպիսին Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նիւթական արժէքներու արժեւորումն է», ըսաւ Գեղամ Մուշեղեան:
Հ․Յ․Դ․ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահը նաեւ տարօրինակ կը համարէ այն փաստը, որ վերջին շրջանին որոշ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ անհիմն գրառումներ կը կատարեն՝ յայտարարելով, որ նշեալ ցուցանակի հեռացումը կատարուած է սեփական քաղաքական ուժի նախաձեռնութեամբ: