ՄՈՆՐԷԱԼ.- Նոյեմբեր 27- ին Քեպեքի Ազգային Ժողովը, մետալով մը պարգեւատրեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի երկարամեայ նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Քեպեքի Ազգային ժողովի անդամ Կի Ուելեթ եւ յայտարարեց, որ մետալը կը փոխանցուի Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին Քեպեք նահանգին մէջ իր երկարամեայ միջհամայնքային գործունէութեան, երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ անոր տարած աշխատանքին եւ Հայ դատի յանձնախումբի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած Համագործակցութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ֆորումին յաջողութեան մէջ ունեցած ներդրումին համար: