Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հոկտեմբեր 14-ին Պաքուի մէջ գումարուած՝ թրքախօս երկիրներու խորհուրդին նիստին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ յայտարարեց իր դժգոհութիւնը՝ Զանգեզուրը Հայաստանի սահմաններուն մէջ մնալու կապակցութեամբ, շեշտելով, որ կը խանգարէ համաթուրանականութեան ստեղծումը եւ կ՛առաջնորդէ թրքական աշխարհին աշխարհագրական պառակտման։
Ալիեւի այս յայտարարութենէն ետք է, որ քարոզչական բուռն պայքար մը շղթայազերծուեցաւ Զանգեզուրը անցեալ դարասկիզբին ոգի ի բռին պաշտպանած, տեղամասին հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը պահպանած, հայ կամաւորական շարժման առաջնորդներէն՝ Գարեգին Նժդեհի դէմ՝ զայն ներկայացնելով գրեթէ Հիթլէրի աջ բազուկը, որ իբրեւ թէ մեծագոյն թշնամին է նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ, Իսրայէլի, եւ այն բոլոր ազգերուն, որոնք «խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կը ձգտին»։
Եւ երբ Ռուսիոյ Արմաւիր քաղաքի հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած՝ Գարեգին Նժդեհի յուշատախտակը սեւ ներկով ներկուեցաւ տեղւոյն տումային պատգամաւորներէն մէկուն կողմէ, ատրպէյճանական լրատու աղբիւրները այս խուլիկանութիւնը համարեցին «արդարութեան յաղթանակը», թէ նացիականի մը յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակները եւ արձանները մերժելի են Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներու մէջ։ Յստակ էր, որ յաջորդ թիրախը պիտի ըլլար Հայաստանը, մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ Գարեգին Նժդեհի խրոխտ արձանին տեղադրման պատճառով։
Ատրպէյճանական լրատու աղբիւրները այնուհետեւ լծուեցան հակաքարոզչութեան եւ օրն ի բուն սկսան հրապարակել իրենց քարոզչական մեքենային լծուած ռուս, իսրայէլացի, ազերի եւ այլ ազգութիւններու պատկանող պատմաբաններու, քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու տեսակէտները եւ կարծիքները՝ Գարեգին Նժդեհի մասին, թէ Ֆաշիզմի զինուորագրեալ մըն է, որ պայքարած է խաղաղութեան ձգտող ազգերու դէմ։ Անշուշտ «խաղաղութեան ձգտող ազգեր» հասկացողութիւնը ատրպէյճանական տրամաբանութեամբ թուրքն ու ատրպէյճանցին են, որոնցմէ Զանգեզուրն ու Սիւնեաց աշխարհը մաքրագործելով՝ Նժդեհ պատմութիւն կերտեց եւ յաջողեցաւ պահպանել Պատմական Հայաստանի հարաւային դարպասները։
Հակա-Նժդեհեան այս քարոզչութեան մէջ սակայն ամէնէն ծիծաղելին այն հակասութիւնն է, որ ատրպէյճանցիք կը ջանան միջազգային հանրութեան մարսել տալ՝ Նժդեհը Ֆաշականութեան գործիչ մը ներկայացնելու իրենց ճիգին մէջ։ Եւ ինչպէս քաղաքական վերլուծաբան Միքայէլ Հաճեան տեղին եւ առարկայականութեամբ կը վերլուծէ ատրպէյճանական այս հալածախտին ամբողջ էութիւնը, ատրպէյճանցիք կ՛իյնան չափազանց աչքառու հակասութեան մը մէջ։ Երբ վայնասիւն կը բարձրացնեն, թէ կարելի չէ կանգնեցնել «Ֆաշականութեան խորհրդանիշ» Գարեգին Նժդեհի արձանը Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ, կը մոռնան, որ Ատրպէյճանի մէջ հերոսացուցած են Ֆաշականութեան գաղափարախօս, Հիթլէրի բանակներուն մէջ ատրպէյճանական լէգէոնի ստեղծման եւ կազմակերպման գործը ստանձնած՝ ,Մուսաւաթե կուսակցութեան հիմնադիր առաջնորդ Մամէտ Էմին Ռասուլզատէն, որուն դիմանկարը ատրպէյճանական դրամանիշ հազար մանէթ թղթադրամի վրայ պատկերուած է։
Ռասուլզատէի նման Ֆաշիստի մը հերոսացման զուգահեռ՝ Գարեգին Նժդեհի դէմ շղթայազերծուած այս խուլ պայքարը անշուշտ ոչ մէկ կապ ունի Ֆաշականութեան դէմ ըլլալու ատրպէյճանական շինծու դիրքորոշման մը հետ, որովհետեւ բոլոր յայտարարութիւններուն էութիւնը խտացուած է Ալիեւի Հոկտեմբեր 14-ին ողբին մէջ, թէ՝ «Զանգեզուրի Հայաստանի կցումը պատճառեց Թրքական աշխարհին աշխարհագրական խանգարումը»։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիայէն մինչեւ Ատրպէյճան եւ հոնկէ մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ հինգ թրքախօս երկիրները տարածուելու կոչուած Համաթուրանական Աշխարհի քարտէսը կողէն ստացաւ հարուածը՝ շնորհիւ Զանգեզուրը եւ Սիւնեաց աշխարհը թրքական մոլուցքէն փրկած Ազգային Հերոս Գարեգին Նժդեհի։ Եւ այս է, որ Իլհամ Ալիեւի հալածախտ պատճառած է։ Հիւանդագին հոգեվիճակ մը, որ տարածուած է ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներու հայեցակարգին մէջ, զանոնք վերածելով հականժդեհեան քարոզչական ամուլ մեքենաներու։
Մամէտ Էմին Ռասուլզատէի հերոսացմամբ Ատրպէյճան արդէն իսկ տուած է ապացոյցը, թէ ո՞վ է Ֆաշականութեան տխրահռչակ գործիչները փառաբանողը։
Իսկ Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ խրոխտ արձանը Գարեգին Նժդեհի՝ մնայուն զգուշացում – սպառնալիք մըն է թուրք- ատրպէյճանական ճակատին, թէ Հայաստան աշխարհը անտէր չէ։
Ա.Ա.
↧
ՆԺԴԵՀԵԱՆ ՀԱԼԱԾԱԽՏԸ ՀԱՐՈՒԱԾԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
↧