ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը քննադատեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու առաջարկին մերժումը։
Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հակադարձելու նպատակով, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հանրապետական, Թեքսաս) տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան Ծերակոյտին բեմէն` առաջարկելով միաձայնութեամբ հաստատել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը, սակայն, այս անգամ ծերակուտական Տէյվիտ Փըրտու (Հանրապետական, Ճորճիա) կասեցուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձը պնդելով, որ բանաձեւի քուէարկութիւնը կրնայ բացասաբար ազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:
Յիշեցնենք, որ նախագահ Թրամփի այլ դաշնակից մը` Լինզի Կրեհեմ վեթօ դրած էր բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու Մենենտէսի առաջարկին վրայ, Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպումէն ետք:
Ծերակուտականը Խոստովանած է, որ Սպիտակ Տունէն Խնդրած են Արգելափակել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը
Մենենտէս բաժիններ կարդալով Օսմանեան կայսրութեան մօտ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի եւ այլ դիւանագէտներու վկայութիւններէն, յայտնած էր, թէ․- «Այս բանաձեւը կը յստակացնէ փաստ մը, որ տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ վարչակազմեր փորձած են աղաւաղել: Այդ վարչակազմերը, թէ՛ հանրապետական եւ թէ՛ դեմոկրատական գլուխները աւազի մէջ պահած են, հակառակ անոր որ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներն էին, որ ականատես եղած են այս սարսափելի դէպքերուն։ 28 երկիրներ արդէն կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներառեալ` ՆԱԹՕ-ի անդամ 11 երկիրներ, որոնցմէ ոչ մէկուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խզուած են այդ պատճառով»։
Աջակցութիւն յայտնելով Մենենտէսի նախաձեռնութեան` ազդեցիկ հանրապետական ծերակուտական Քրուզ յայտարարած էր, որ ․- «Մենք երբեք պէտք չէ լռենք վայրագութիւններուն դէմ: Աւելի քան 100 տարի առաջ աշխարհը լուռ մնաց, երբ հայերը համակարգուած կերպով կը սպաննուէին: Մեր բարոյական պարտքն է ճանչնալ այն, ինչ որ պատահած է 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն։ Ամերիկայի պատիւ չի բերեր լուռ մնալ նման ոճիրի մը դէմ»:
Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայութեան, որ ծերակուտական Տէյվիտ Փըրտուին իր բողոքը արտայայտելու համար հեռաձայնէ․- (202) 224-3521 թիւին: