Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԳՈՀԱԲԱՆԵՆՔ «ԵՍ ԻՄ ԱՆՈՒՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»-Ն

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Ա՛յ պաղ ջրեր, զուլալ ջրեր, որ գալիս էք սարերից, գալիս անցնում հանդ ու չոլեր․․․»
Յովհաննէս Թումանեան

Յաջորդաբար 22-րդ տարին ըլլալով, Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28-ին, մեկնարկը պիտի տրուի դրամահաւաքի արշաւին՝ թելեթոնին: Այդ յիշատակելի օրուան կատարուող դրամահաւաքի միօրեայ արշաւը կ՛արժեւորուի հայ ժողովուրդի յարատեւութիւնն ու միասնականութիւնը` ազգային արժէքներու պաշտպանութեան, անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան շարունակական զարգացման ու հզօրացման:

«Հայաստան» հիմնադրամը միշտ ալ նկատի ունենալով Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու կարեւորութիւնը, բարգաւաճման ծրագիրները կեդրոնացուցած է այդ շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար աշխատանքներ իրականացնելով գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ջրամատակարարման, ճանապարհաշինութեան, վառելանիւթի մատակարարման, դպրոցի շինութեան, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական մարզերուն մէջ:
Իր միօրեայ խորհրդանշական իմաստէն դուրս եկած է արդէն, միօրեայ տեւողութիւն ունեցող «Հայաստան» Հիմնադրամի համահայկական ձեռնարկը եւ վերածուած է օրական պարտաւորութեան, թակելով ամէն մէկ հայորդիի տուն հեռաւոր Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, կամ Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Ովկիանիա։
Անգամ մը եւս բնութեան կենսական մասնիկներէն՝ ջուրն ու արեւը նկատի առնուած են իբրեւ մեկնակէտ, «Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներին» վերնագրով։ Աւելի յստակացնելու համար, այս տարուան հաւաքուած լուման պիտի յատկացուի ըմպելի ջուրի մատակարարման եւ արեւային ելեկտրուժի կիրառման ծրագրերու իրականացման, յատկապէս Արցախի եւ Հայաստանի Տաւուշ, Լոռի եւ Շիրակ շրջաններէն ներս։
Այս գծով, արդէն իսկ քանի մը տարիէ ի վեր ջրամատակարարման ծրագրի մը յղացումը կատարուած է, որուն շնորհիւ կարելի է ըմպելի եւ ոռոգման ջուր հայթայթել Արցախի տարածքին, աւելի քան երկու հարիւր գիւղերու՝ վերջ տալով բնակչութեան մէկ մեծ մասի ամէնօրեայ տառապանքին: Սակայն, դեռ կարելի յաւելեալ վերաորակաւորել եւ յատկապէս տարածել այս աշխատանքը, ի վերջոյՙ ներկայ ելեկտրոնային դարաշրջանին, անընդունելի է զրկուիլ ջուրէն ու լոյսէն:
Թէ՛ սահմանամերձ եւ թէ՛ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցումը պարզ նպատակ չէ, այլ հետեւողական աշխատանք եւ պայքար, լուրջ մարտահրաւէր եւ պահանջք: Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է սրտբացօրէն թիկունք կանգնիլ եւ շռայլօրէն մասնակցիլ այս դրամահաւաքին։
Կրկին անգամ լուսարձակի տակ է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման միահամուռ ու հաստատ գործընթացը, որ կ՛ընդգրկէ բոլոր բնագաւառները՝ տնտեսականէն մինչեւ մշակոյթ, արուեստ եւ անշուշտ՝ վերջերս մելան հոսեցնող ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles