Շաբաթ Մարտ 8-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս (Օրօրա) Մարտիկանեանի, որուն գիրքը` “Բռնաբարուած Հայաստան“ (Ravished Armenia) մեծ հետաքրքրութիւն եւ աղմուկ ստեղծեց, այնքան մը որ թրքական “Փենճերէ“ հրատարակչատունը լոյս ընծայեց այս գործին թրքերէն թարգմանութիւնը:
Օրուան դասախօսն է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Տեմոյեան: Տեղւոյն հիմնարկին, Հայկական Ուսումնասիրութեան (NAASR) կեդրոնի եւ Հայ Տիկնանց Միջազգային ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ կը կատարուի այս ձեռնարկը, որմէ ետք տեղի պիտի ունեայ նաեւ հիւրասիորութիւն:
Արշալոյս Մարտիկանեան իր ընտանիքին հետ կ՛ապրէր Չմշկածագ գիւղը: 1915ին, ան 17 տարեկան էր ու ականատես եղած է իր հօրը, մօրը եւ եղբայրներուն սպանութեան, սահմռկեցուցիչ պայմաններու տակ: Գիրքին մէջ Արշալոյս Մարտիկանեանը` իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը, կը պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը:
Այսպէս, սկսած է անոր չարչարալից կեանքը: Ան հարուստ քիւրտերու եւ թուրք աղաներու ձեռքը սեռային չարչարանքներու ենթարկուած է ու իսլամանալու պարտադրուած: Ի վերջոյ, օր մը ան հայ հովիւի մը օգնութեամբ յաջողած է լեռներու մէջ ապաստանիլ: Ամիսներ շարունակ լեռներուն մէջ մնացած է: Այդ շրջանին, երբ Էրզրում քաղաքը ռուսական տիրապետութեան տակ էր, Արշալոյս Մարտիկանեան կրցած է հոն հասնիլ` օրեր շարունակ հետիոտն քալելով ու անցնելով Մալաթիայէն, Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն ու Տերսիմէն: Հոն, ռուսերու եւ ամերիկացիներու պաշտպանութեան տակ, նախ Ռուսիա անցած է, իսկ անկէ ալ` Ամերիկա:
Ամերիկա հասնելէ ետք, ան հայերու դէմ ի գործ դրուած չարչարանքներուն մասին խօսած է ամերիկացիներուն եւ լուսարձակի տակ առած է իսլամացած հայերուն հարցը: Այդ նպատակով, անգլերէն չգիտնալուն պատճառով` թարգմանի մը միջոցաւ Հենրի Կէյցին պատմած է իր ականատեսի վկայութիւնները: Գրագէտը դժուարութիւն ունեցած է հաւատալու իր լսածներուն, բայց այդ թուականներուն Անատոլու գտնուող Ամերիկայի եւ Անգլիոյ դեսպանները հաստատած էին Արշալոյսին խօսքերը:
Կէյց Արշալոյսի պատմածներուն հիման վրայ, 1918ին հրատարակած է “Բռնաբարուած Հայաստան“ խորագրեալ գիրքը: Գիրքը այդ թուականներուն մեծ աղմուկ ստեղծած է Ամերիկայի մէջ, իսկ 1919ին` Օսքար Ափֆելի կողմէ ժապաւէնի վերածուած: Ժապաւէնը կը կրէր “Ոգիներու Աճուրդը“ (Auction of Souls) անունը: Ժապաւէնէն միայն քսան վայրկեան տեւողութեամբ հատուած մը փրկուած է, երկու ժամի վրայ երկարող ժապաւէնի մնացեալ բաժինը կորսուած կը նկատուի:
Նշենք թէ Արշալոյս Մարտիկանեան մահացաւ 1994-ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Թրքերէն թարգմանութիւնը կատարած է Տիրան Լոքմակէօզեանը:
Պոլսոյ “Թարաֆ“ թերթի Փետրուար 18ի թիւի “Մշակոյթ եւ Արուեստ“ բաժինին մէջ, Էոզլեմ Արթան գրած է Արշալոյս Մարտիկանեանի դժնդակ կեանքին մասին: