Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ նահանգներու 43-րդ շրջանային ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 8-10-ին, ` ֆիլատելֆիոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն մասնաճիւղին:
Ժողովին մասնակցեցան Շրջանի եօթ մասնաճիւղեր` Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Տիթրոյթ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Փրովիտէնս, Ֆիլատելֆիա եւ Շարլոթի միաւորը, իրենց լիազօր ներկայացուցիչներով: Ինչպէս նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` Վահէ Թանաշեան եւ Արեւելեան Միացեալ նահանգներու ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ եղբայր Արամ Գայսէրեան: Խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներու շարքին ներկայ էին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան մնացեալ անդամներն ու Շրջանային Մարզական յանձնախումբի եւ սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչները:
Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի շրջանային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի, Համազգայինի եւ Հ.Ե.Դ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները:
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով կատարուեցաւ ժողովին բացումը, «Սիրունեան» հայ կեդրոնէն ներս, ապա շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Արամ Գայսերեան բարի գալուստի իր խօսքէն վերջ, հրաւիրեց Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ներսէս Աւագ Գահանայ Մանուկեան, որ աղօթքով օրհնեց ժողովը եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց:
Յաջորդաբար խօսք առին ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Արամ Գայսէրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` Խաժակ Մկրտիչեան, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` Պերճ Աթոլիկեան, Հ.Օ.Մ.-ի շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց՝ Գարոլին Շմաւոնեան, Հ.Ե.Դ.-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդենի Քէշիշեան, Համազգայինի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Աղաճանեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` Վահէ Թանաշեան: Խօսքառնողները բարձր գնահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կարեւոր դերը հայ մատղաշ սերունդներուդաստիարակութեան մէջ եւ շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութիւնը լաւապէսծառայելու մեր ազգային վսեմ նպատակներուն:
Առաջին հերթին, ժողովը ընտրեց իր առժամեայ դիւանը՝ ատենապետ Արա Պարսումեան եւ ատենադպիր՝ Խաչիկ Քաֆաֆեան ինչպէս նաեւ լիազօրագրերու ստուգման յանձնախումբը: ժողովի օրինականութիւնը ստուգելէ եւ հաստատելէ ետք ընտրուեցաՆ մնայուն դիւան․- ատենապետներ՝ Արա Պարսումեան եւ Սեւակ Խաչատուրեան, ատենադպիրներ՝ Խաչիկ Քաֆաֆեան եւ Նանար Քէօրքիւնեան:
Ապա ժողովը ընտրեց բանաձեւերու, արխիւային, հաշուեքննիչ եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը։ Ժողովի յաջորդ օրակարգն էր լսելու մասնաճիւղերուն ու միաւորին միացեալ եւ ամփոփ տեղեկագրերուն ընթերցումը, որուն լուսաբանական հարցումներուն պատասխանեցին վարչութիւններու ներկայացուցիչները:
Երկրորդ նիստը բացուեցաւ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 9-ին: ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները լսելով ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթա-բարոյական տեղեկագիրը: Լուսաբանական հարցումներուն յաջորդեց, ըստ Էութեան ժողովականներու քննարկման արտայայտութիւնները:
Համաձայն տեղեկագրերու, Շրջանը ունեցած է բազմաբեղուն գործունէութիւն: Ներկայիս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը ունի.-
- 12 մասնաճիւղ-միաւոր
- 1,000-է աւելի անդամներ:
- Մօտ 400 Սկաուտ եւ 500 Մարզիկ:
- 75-է աւելի մարզական երկսեռ խումբեր՝ ոտնագնդակի, կողովագնդակի, վոլի-պոլի, լողի, աթլեթիզմի, եւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ճատրակի՝ ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան դասակարգերով:
Անցնող երկամեակին, Շրջանը կազմակերպած է հետեւեալ գործունէութիւնները.-
– 42-րդ շրջանային ներկայացուցչական արտակարգ Ժողով, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 8-ին հիւրընկալութեամբ Ալպընիի մասնաճիւղին:
Ժողովը քննարկեց Կ.Վ. առաջարկուած Ընդահուր Ծրագիր Կանոնագրի բարեփոխումները եւ ընտրեց չորս պատգամաւորներ՝ Վահէ Թանաշեան, Վիգէն Խաչատուրեան, Շանթ Ժամկոչեան եւ Յովիկ Աբգարեան, որոնք մասնակցեցան Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 12-րդ պատգամաւորական ժողովին Հոկտեմբեր 14-19-ին՝ Ծաղկաձոր (Հայաստան)։
– Առաջին երիտասարդական ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 10-ին, Նիւ Եորքի մէջ եւ Google Hangout-ի միջոցաւ: Ժողովին մասնակցեցան միայն երիտասարդներ 6 մասնաճիւղերէ, առաւել շրջանային վարչութեան անդամներ:
Մայիս 10-11-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը՝ Աթէնք, (Յունաստան): Շրջանային Վարչութիւնը նշանակեց հետեւեալ անդամները ներկայացնելու շրջանը սոյն Համագումարին՝
- Լոռի Փիլիպոսեան (Տիթրոյթ)
- Մկրտիչ Արսլանեան (Փրովիտէնս)
- Նանար Քէօրքիւնեան (Ուաշինկթըն)
– Նաւասարդեան 28-րդ Խաղեր՝ Յուլիս 2018-ին Ուաշինկթընի մէջ, որուն մասնակցեցան շրջանի 11 մասնաճիւղ-միաւորէ եկած 437 մարզիկներ, 57 խումբերով: Խաղերուն հիւրաբար մասնակցութիւն բերին Գանատայի շրջանէն, Թորոնթոյի մասնաճիւղի 55 մարզիկներ 4 խումբերով:
– Նաւասարդեան 29-րդ Խաղեր, Յուլիս 2019-ին Նիւ Եորքի մէջ, որուն մասնակցութիւնը բերին շրջանի 10 մասնաճիւղ-միաւորէ եկած 404 մարզիկներ, 59 խումբերով, ինչպէս նաեւ անհատական մարզերու եւ աթլեթիզմով 93 մարզիկներ:
– Շրջանային 31-րդ Ընդհանուր Բանակումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 14-18-ին Օհայօ նահանգի Pioneer Scout Reservation կեդրոնին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Տիթրոյթ մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ եւ մասնակցութեամբ 107 երէցներու, արիներու, արենոյշներու, գայլիկներու եւ արծուիկներու:
– Համա Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ Բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ Յուլիս 19-29-ին։ Շրջանը իր մասնակցութիւնը բերաւ 98 սկաուտներով: Բանակումի նախօրեակին, շրջանային խորհուրդը կազմակերպեց պատրաստական 3 սեմինարներ՝
- 2-4 Փետրուար 2018 – Փրովիտէնս
- 6-8 Ապրիլ 2018 – Նիւ Ճըրզի եւ 13-15 Ապրիլ 2018 – Տիթրոյթ
- 8-10 Յունիս 2018 – Պոսթըն
– Հոկտեմբեր 27, 2018-ին Շրջանային Խորհուրդը կազմակերպեց խմբապետական համագումար Պոսթընի մէջ:
– Մարտ 9, 2019-ին շրջանային խորհուրդը գումարեց մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու խորհրդաժողով, մասնակցութեամբ Շիքակօ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Տիթրոյթ, Փրովիտէնս եւ Ֆիլատելֆիա մասնաճիւղերուն:
– Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը խանդավառ եւ աշխոյժ ձեւով տօնեցին արեւելեան շրջանի մասնաճիւղերը, պարահանդէսներով եւ գաղութային հաւաքոյթներով: Իսկ շրջանային վարչութեան կազմակերպած 100-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 26-28, 2018-ին Պոսթոնի մէջ: Այս առթիւ զանազան մասնաճիւղերէ 22 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ մեծարուեցան «Ծառայութեան Շքանշան»-ով: Շրջանին մէջ աւելի փառաշուք տօնելու նպատակով հրաւիրուած էր կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Գառնիկ Մկրտիչեան Հոկտեմբեր 21-29, 2018-ին ընդառաջեց հրաւէրին եւ այցելեց Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճրզի եւ Պոսթըն, տեսակցելով տեղւոյն մանաճիւղերուն հետ: Ինչպէս նաեւ, ան այցելեց Հայ Դատի գրասենեակը, Հայաստանի դեսպանատուն եւ Արցախի դեսպանատուն, Ազգային Առաջնորդարան, Մասաչուսէց նահանգի ներկայացուցիչներու տուն, «Հայրենիք» շէնք եւ Հ.Յ.Դ.-ի արխիւները:
– Արհեստագիտական միջոցները լաւապէս օգտագործուած էին դիւրացնելու շրջանի աշխատանքները: Կարելի է նշել, “Google”-ը եւ Նաւասարդեան խաղերուն եւբանակումի մասնակցելու, համացանցի միջոցաւ մարզիկներու եւ սկաուտներուդիմումնագրերու կիրառումը, Կայքէջի այժմեականացումը:
Ժողովը ընդացաւարտ վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը համարեց «Յոյժ գնահատելի»: Ներկայացուցչական Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, մշակելով յառաջիկայ շրջանի մարզական եւ սկաուտական գործունէութեան ծրագիրները, 2020-ին Նաւասարդեան խաղերը, որ տեղի պիտի ունենան Պոսթընի մէջ, 2020-ին շրջանային բանակումը որ տեղի պիտի ունենայ Փրովիտէնսի մէջ: Ժողովը ընդունեց առաջարկներ եւ թելադրանքներ, բարելաւելու համար վերոյիշեալ գործունէութիւնները եւ դիմագրաւելու նոր սերունդի պահանջքները:
Ժողովը նաեւ կատարեց կարգ մը կանոնագրային բարեփոխումներ եւ յաւելումներ, ի նպաստ շրջանին գործունէութեան այժմէականացումին:
43-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովի յատուկ ուշադրութեան նիւթերէն մէկն էր
համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ընդհանուր Բանակումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ 2022-ի ամրան, ինչպէս նաեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները շրջանէն ներս եւ Հայաստանի մէջ:
Նկատելի եւ ուրախ երեւոյթ էր ներկայացուցիչներու շարքին մեծ թիւով երիտասարդ եւ երկար տարիներու վաստակ ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու ներկայութիւնը, հազիւ քսան տարիքը բոլորած անդամներու կողքին՝ կային 55 երկար տարիներ ծառայած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, այս երեւոյթը յաւելեալ յոյս կը ներշնչէ միութեան յարատեւութեան ու հզօրացման, եւ լաւապէս կը դրսեւորէ միութեանս նշանաբան՝ «Բարձրացիր Բարձրացուր»-ը:
Այս առթիւ Շրջանային Վարչութիւնը ընդառաջելով Ֆիլատելֆիո մասնաճիւղի առաջարկին, «Ծառայութեան Շքանշան»-ով պատուեց Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղէն Դաւիթ Քէօսէեանը, որ ծնած է Հալէպ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերը միացած փոքր տարիքէն որպէս սկաուտ եւ ապա մարզիկ: Պատանեկան տարիքին մաս կազմած է Պէյրութի ոտնագնդակի առաջին խումբին: Ամերիկա հաստատուած օրէն, ան անդամակցած է Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղին, 45 տարի եղած է ի վեր ոտնագնդակի խումբի անդամ է եւ ապա մարզիչ: Ան եղած է վարչական քանի մը տարեշրջաններ: 1992-1994 Դաւիթ եղած է շրջանային վարչութեան անդամ եւ ցայսօր գործօն անդամ է:
43-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր շրջանային վարչութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անդամներէ՝ Արամ Գայսերեան(Պոսթըն), Յարութ Խաչատուրեան (Նիւ Եորք), Շանթ Ժամկոչեան (Տիթրոյթ), Վրէժ Յակոբեան (Նիւ Եորք), Փօլ Քուքուզեան (Շիքակօ), Արա Պարսումեան (ՊոսթԸն) եւ Ռազմիկ Երեմեան (Ֆիլատելֆիա):
ժողովի փակման, դիւանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ յանձնախումբերուն, հիւրընկալ Ֆիլատելֆիա ՄասնաՃիւղին, շրջանաւարտ եւ նորընտիր շրջանային վարչութեան: Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խաժակ Մկրտիչեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Վահէ Թանաշեանի խօսքերով, ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ»-ով:
Բոլոր ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան ժողովասրահէն, տոգորուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարձրանալու եւ բարձրացնելու վսեմ նշանաբանի ոգիով, նոյն եռանդով ու աւելի կորովով շարունակելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յաղթական եւ պանծալի երթը: