Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Յաճախ ականատես կþըլլանք մեր ծնողներու մտահոգութեան եւ նախան-ձախնդրութեան՝ կապակցաբար մեր վարժարաններու ուսումնական եւ կրթա-կան մակարդակի իրավիճակին եւ անոնց յաջողութեան արդիւնքներուն։ Ծնողներ կը խօսին կարգ մը դպրոցներու յաջողութեան մասին եւ կը սահմա-նեն դպրոցի մը յաջողութեան նախապայմանները։ Անոնք լաւ կամ վատ վերագրումներ կ՛ընեն դպրոցներու հասցէին, բաղդատական եզրեր կը գտնեն անոնց միջեւ եւ յաջող կամ ձախող ըլլալը կը հաստատեն։ Մեր ծնողները կ՛ուզեն տեսնել իրենց զաւակները այսպէս կոչուած յաջող դպրոցի մը մէջ։
Բայց ո՞րն է յաջող դպրոցը։ Դպրոցի մը յաջողութիւնը կ՛առնչուի եւ կը բնորոշուի հետեւեալ բնագաւառներով.
Ա. Աշակերտութեան մտային, ֆիզիքական եւ հոգեկան իրավիճակով, ինչպէս նաեւ անոնց ուսման հետաքրքրութեամբ եւ սորվելու պատրաստա-կամութեամբ.
Բ. Ուսուցչական անձնակազմի մակարդակով եւ ուսուցման եղանակով.
Գ. Դասագիրքերու որակով.
Դ. Դպրոցի ֆիզիքական կառոյցով.
Ե. Դպրոցի կրթական եւ վարչական կազմակերպութեամբ եւ ներքին կեանքով.
Այստեղ պիտի խօսիմ վերոյիշեալ վերջին չորս բնագաւառներու մասին եւ զերծ պիտի առնեմ առաջինը, որուն մասին պիտի անդրադառնամ առանց-նաբար:
Ուսուցչական անձնակազմ.
Ուսուցիչը կորիզն է կրթութեան եւ աղբիւրը ուսումին. ան կը ցոլացնէ առողջ դպրոցին իրավիճակը եւ անոր ուսումնական մակարդակը։ Ուսուցիչին հիմնա-կան դերն է փոխանցել աշակերտին սորվելու գործելակերպը եւ արուեստը, որպէսզի աշակերտը մտնէ եւ ապրի ուսումնական մթնոլորտի մէջ ու սորվելով զարգանայ, յառաջանայ եւ յաջողի։
Սորվեցնելու գործընթացին մէջ ուսուցիչը կը հետեւի հետեւեալ երկու եղանակներուն՝
ա. Ճանաչողական եղանակ, որ առնչուած է ,ինչպէ՞սե- ին հետ: Այս պարագային աշակերտը կը սորվի այն ինչ որ իրեն կը մատուցուի եւ կը բացատրուի: Ան կ՛ամբարէ իր սորվածը կրկնութիւններով եւ իր մտապա-շարը կը զարգանայ նորանոր գիտելիքներով ու տեղեկութիւններով: Աշակերտը կը տեսնէ ու կը լսէ այն ինչ որ իրեն կը տրամադրուի եւ ան կը պատասախանէ վերարտադրելով համապատասխան իրեն մատուցուածին:
բ. Յղացական եղանակ, որ առնչուած է,, ինչո՞ւե-ին հետ եւ հիմնուած է տրամաբանութեան եւ իմացականութեան վրայ: Այս սկզբունքին համաձայն, աշակերտը կը սորվի հասնելու եզրակացութիւններու եւ լուծումներու: Ան կը սորվի ինքնաշխատութեամբ, պրպտումներով, ուսումնասիրութիւններով, հետաքրքրութեամբ եւ անձնական նախաձեռնութեամբ: Աշակերտին մտքի յղանցքը միշտ ,ինչո՞ւե-ով կը գործէ եւ մտային զարգացումը կ՛ըլլայ ինքնա-կերպ եւ ինքնադրոշմ. Ան հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կ՛ամբարէ իր սորվածը ու կը գործածէ զայն յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան միտումով: Ընդհանրապէս մեր վարժարաններուն մէջ ուսուցիչները կը կիրարկեն վերոյիշեալ երկու եղանակները միաժամանակ:
Յաջող դպրոցի մը իւրաքանչիւր ուսուցիչ, լաւ պատրաստուած մանկա-վարժ, մասնագիտութեան մը տէր, արդի ուսողութեան բոլոր տուեալներով ու գիտելիքներով զինուած տիպար ուսուցիչ է, որ կ՛ունենայ հետեւեալ յատկութիւնները.
-Կը դասաւանդէ միայն որոշ նիւթեր, որոշ դասարանային բաժանմունք-ներու մէջ՝ համապատասխան աշակերտութեան տարիքին եւ ըմբռնողութեան. Դասարան կը մտնէ ներկայանալի, քաղաքավար, հեղինակաւոր բայց եւ այն-պէս՝ ժպտադէմ եւ ընկերային.
-Դասարան կը մտնէ ուսումնասիրած իր դասաւանդելիք նիւթը.
-Կը դասաւանդէ իր նիւթերը կենդանի, գործնական եւ իմաստալից միջոց-ներով՝ գործածելով տեսնելու, լսելու, դպչելու եւ շօշափելու զգայարանքները.
-Կ՛ընդհատէ ընթացիկ դասաւանդութիւնը՝ ըստ յարմարութեան եւ իր հայեցողութեան, ու կը ստեղծէ հետաքրքրական մթնոլորտ՝ խօսելով որոշ դէպքի մը, նիւթի մը, լուռի մը եւ կամ հանդիսութեան մը մասին, ինչպէս նաեւ կը փորձէ մասնակից դարձնել աշակերտները խօսակցութեան.
-Կը զարգացնէ աշակերտին մօտ սորվելու փափաքը եւ արուեստը ու կը մղէ զինք ընթերցանութեան, պրպտումներու, արթնութեան եւ զգաստութեան՝ պզտիկ գնահատանքով մը եւ կամ քաջալերական խօսքով մը:
-Կը մատնանշէ աշակերտին թերութիւնը եւ սխալը՝ տեղին, զգուշութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ, ինչպէս նաեւ կը բացատրէ թերութեան եւ սխալին տարողութիւնը եւ ,ինչուե-ն.
-Կը հասկնայ աշակերտը իր ամբողջութեան մէջ. կը դիտէ եւ կ՛ուսումնա-սիրէ աշակերտին անհատականութիւնը, յուզումնական աշխարհը, երազները, հետաքրքրութիւնները, պէտքերը, փափաքները, մտային կարողութիւնը, մարմնական աճումը եւ ընկերային հոգեկան ու մտային զարգացումը.
-Կը դառնայ աշակերտին առաջնորդը, խորհրդատուն եւ մտերիմ ընկերը.
-Կը յարգէ աշակերտին կարծիքը եւ մտածումները.
-Կը ներշնչէ աշակերտին ինքնավստահութիւն եւ քաջութիւն.
-Կը կատակէ, կը խաղայ, կ՛ընկերանայ եւ կը մտերմանայ աշակերտին հետ միշտ չափաւոր եւ դաստիարակութեան հոգեբանութեամբ.
-Կը ցուցաբերէ հաւասար եւ լուրջ հետաքրքրութիւն ու գուրգուրանք բոլոր աշակերտներուն անխտիր.
-Կը գործէ նկատի ունենալով աշակերտութեան ամբողջութիւնը եւ անհատ աշակերտի ներկայութիւնը միաժամանակ.
-Կը լսէ բոլոր աշակերտները եւ առիթ կու տայ բոլորին, որ խօսին ու ար-տայայտուին առանձնաբար եւ անվախ.
-Կը վարուի աշակերտներուն հետ խոհեմութեամբ, քաջ գիտնալով, որ աշակերտները նոյնանման չեն եւ նոյն յատկութիւնները չունին, այլ անոնք կը նմանին իրարու կարգ մը յատկութիւններով եւ կը տարբերին իրարմէ շատ մը այլ յատկութիւններով.
-Կը քաջալերէ բոլորին մասնակցութիւնը՝ դասարանային որոշումներու պարագային, եւ հաւաքական աշխատանքը՝ դասարանէն ներս ու դուրս.
-Կ՛արժեւորէ աշակերտին աշխատանքը արդարացիօրէն եւ կ՛ըլլայ անա-չար ու անկողմնակալ.
-Կը գնահատէ աշակերտին արժանիքները եւ կը գովէ զինք տեղին եւ արդարացիօրէն.
-Կը յարգէ աշակերտին արժանապատուութիւնը, իմասնաւորի նկատի ունենալով մարմնական եւ մտային տկարութիւններ ունեցող աշակերտը.
-Կ՛ըլլայ ներողամիտ եւ բարեսիրտ.
-Համեստութեամբ կ՛ընդունի իր գործած սխալը եւ կամ յանցանքը աշա-կերտներուն հանդէպ.
-Կը ներմուծէ աշակերտին մտքին մէջ արդարութեան, ճշմարտութեան, գեղեցիկի, լաւի, բարիի եւ հայրենասիրութեան գաղափարներու իմաստը եւ կարեւորութիւնը.
-Իր մեծութիւնը կը տեսնէ իր դաստիարակի դերին մէջ.
-Իբրեւ պրպտող միտք՝ կը մնայ յաւիտենական ուսանող-ուսուցիչ եւ կը ձգտի կատարեալին իր մասնագիտութեան մէջ.
Գ. Դասագիրքեր
Յաջող դպրոցներէ ներս գործածուած դասագիրքերը կը գոհացնեն ներկայ դարու ուսումնական բոլոր պահանջները։ Անոնք կ՛ըլլան այժմէական, որա-կաւոր, նկարազարդ, մաքուր տպագրութեամբ, նիւթապէս մատչելի եւ համա-պատասխան պետական ու ազգային ուսումնական ծրագիրներուն։ Գիրքե-րուն հեղինակները ըլլալու են հանրածանօթ եւ հեղինակաւոր դէմքեր։
Լաւ դասագիրքը կ՛արթնցնէ աշակերտին մօտ կարդալու եւ սորվելու մար-մաջը ու կը դառնայ անոր անբաժան ու օգտաշատ ընկերը։ Աշակերտը հետա-քրքրութեամբ եւ սիրելով կարդալու է իր դասագիրքը։ Որոշ դասագիրքեր կը պատրաստուին եւ կը հրատարակուին զանազան հրատարակչական հաս-տատութիւններու կողմէ. դպրոցի կրթական պատասխանատու մարմինները հարկ է, որ քննեն եւ ուսումնասիրելէ ետք միայն որդեգրեն լաւագոյնները։ Իսկ դասագիրքերը տրամադրուելու են աշակերտին վերամուտի առաջին օրերուն. որեւէ ուշացում իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ աշակերտին մօտ։
Դ. Դպրոցի ֆիզիքական կառոյց
Յաջող դպրոցի մը ֆիզիքական կառոյցը կ՛արդարացնէ եւ կը գոհացնէ արդի դաստիարակութեան եւ առողջապահական բոլոր պէտքերը եւ պայմանները:
Յաջող դպրոցը կ՛ըլլայ աղմուկէ հեռու եւ միշտ՝ մաքուր. ան կ՛ունենայ՝
-Հականեխուած եւ մաքուր բաւարար բաղնիքներ եւ լուացարաններ.
-Հանգստաւէտ, մեծ, լուսաւոր եւ օդաւէտ դասարաններ, որոնք պաշտպան-ուած կ՛ըլլան ցուրտէն, տաքէն եւ խոնաւութենէն.
-Մարմնամարզանքի մեծ կարելիութիւններ.
-Բովանդակալից եւ գործածելի գրադարան.
-Արդիական եւ ամբողջական տարրալուծարաններ եւ համակարգիչներ.
-Բացօդեայ եւ գոց խաղավայրեր.
-Շտապ օգնութեան միջոցառումներ.
-Հրդեհի դէմ հարկ եղած միջոցառումներ, արդիական լսատեսողական սարքաւորումներով սրահներ եւ հաղորդակցութեան ամէն դիւրութիւններ.
Ե. Դպրոցի կրթական եւ վարչական կազմակերպութիւն եւ ներքին կեանք
Դպրոցի մը կրթական եւ վարչական կազմակերպութեան պատասխանա-տուն տնօրէնն է։ Յաջող դպրոցի մը տնօրէնը պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ՝
– Մնայուն ներկայութիւն է դպրոցէն ներս.
– Կը հետապնդէ ուսումնական ծրագրին ամբողջական կիրարկումը.
– Կը ղեկավարէ ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը.
– Կը կազմակերպէ դպրոցին վարչամեքենան եւ ներքին կեանքը.
– Կը հետեւի աշակերտութեան ուսումնական աշխատանքներուն.
– Կը հսկէ աշակերտութեան եւ անձնակազմի թղթածրարներուն եւ տոմարներու անթերի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցի ֆիզիքական կառոյցին, մաքրութեան եւ առողջապահական մակարդակին.
– Կը հետեւի ուսումնական եւ կրթական նոր ծրագիրներու եւ դասաւանդելու եղանակներու.
– Իրազեկ կ՛ըլլայ դպրոցի բոլոր հարցերուն եւ անցուդարձերուն.
– Կը ստեղծէ առողջ ուսումնական եւ դաստիարակչական, ինչպէս նաեւ՝ հաճելի եւ ուրախ ընկերային կեանք դպրոցէն ներս.
– Կ՛ունենայ յարգալից եւ սիրալիր փոխյարաբերութիւն ծնողներուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն եւ հոգաբարձութեան հետ.
– Կը լսէ եւ կը յարգէ բաժանմունքներու եւ մասնագիտական նիւթերու ուսուցիչներուն բոլոր թելադրութիւնները եւ կարծիքները.
– Կ՛ունենայ հաւասար մօտիկութիւն եւ հեռաւորութիւն անձնակազմի բոլոր անդամներուն հետ.
– Կը կազմակերպէ հերթական աշակերտական ընկերային հաճելի եւ զուարթ ձեռնարկներ, միջդասարանային մրցումներ, խաղեր, ընկերային հանդիպումներ, մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկներ.
– Ամբողջութեամբ կը նուիրուի դպրոցին եւ իր մեծութիւնը կը տեսնէ տնօրէնի իր ամբողջական դերակատարութեան մէջ.
– Ուսուցիչներու նման կը մնայ յաւիտենական ուսանող.
Տնօրէնը կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ, եթէ ամբողջ ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը՝
– Ունենան տնօրէնին հետ սիրալիր եւ յարգալից փոխադարձ փոխյարաբերութիւն.
– Գործակցին անոր հետ.
– Կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները լիովին եւ անթերի.
– Աշխատին խղճմտօրէն.
– Օգնեն տնօրէնին, երբ իրենցմէ այդ կը պահանջուի.
– Գործեն իբրեւ մէկ մարմին.
– Նկատեն դպրոցին շահը ամէն բանէ վեր, եւ գերադաս՝ անձնական շահերէ.
– Ըլլան ճշդապահ, օրինակելի եւ բարոյականի տէր.
Հասկնալի է ուրեմն, որ դպրոցի մը անձնակազմին վրայ դրուած են կրթա-կան եւ ուսումնական շատ մեծ պարտաւորութիւններ եւ դերակատարութիւն, իսկ հայ դպրոցին վստահուած է հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակու-թիւնը։ Շատ բան կը պահանջենք հայ տնօրէնէն եւ հայ ուսուցիչներէն։ Վստահ ենք, որ անոնք գիտակից են իրենց առաքելութեան եւ կը գործեն ըստ այնմ՝ արդարացնելու համար իրենց վստահուած սրբազան գործը։
Այս բոլորին հետ, մեր կրթական մշակները արժանի են արդար եւ արժա-նավայել նիւթական վարձատրութեան եւ բարոյական գնահատանքի։ Անոնց հոգեկան եւ նիւթական անբաւարարութիւնը ուղղակիօրէն բացասական անդ-րադարձ կ՛ունենայ իրենց աշխատանքին եւ արդիւնաւորումին։ Գիտնանք արդարօրէն եւ ճշգրտօրէն վարձատրել եւ գնահատել արժանի տնօրէնը եւ ուսուցիչը։