Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

$
0
0
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ուայթընզվիլի ծխականներու հետ

Կիրակի, Հոկտեմբեր 27-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւեալն թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, քարոզեց ու պատարագեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ ծուխի 62ամեակին առիթով, Գիւտ Խաչի Տօնին օրով։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը նախագահեց յոբելինական ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ The Highfields Golf and Country Club-ին (Կրաֆթըն, Մասաչուսէց) մէջ: Ճաշկերոյթին գլխաւոր խօսնակը Ռիչըրտ Քանարեանն էր, իսկ Ռաֆֆի Սամքիրանեան՝ եկեղեցւոյ խնամակալութեան ատենապետը, իր «բարի գալուստ»-ի խօսքով խանդավառութիւն բերաւ ներկաներուն մէջ։

Ձախէն՝ Տէր Միքայէլ Քահանայ, Քլոտիա Անդրանիկեան, Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացած Բրիսիլա Ալթունեան, Վիքթորիա Օվեան եւ Մերի Ամբակումեան, Անուշաւան Սրբազան Հայր եւ Ռաֆֆի Սամքիրանեան՝ եկեղեցւոյ խնամակալութեան ատենապետ

Այս առիթով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս գնահատական վկայագիրներ յանձնեց՝ Փրիսիլա Ալթունեանին, Մերի Ամբակումեանին եւ Վիքթորիա Օվեանին եկեղեցւոյ համար իրենց մատուցած տարիներու ծառայութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Տէր Միքայէլ քհն․ Խոսրովեան Սուրբ Աստուածածնի «Youth Award» երիտասարդական մրցանակը տուին Լիա Կարապետեանին, իսկ տիար Լուիզ Թուսինոյին՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Երախտագիտութեան Վկայագիր յանձնեցին։ Տիար Թուսինօ Տակլըս, Մասաչուսէցի մէջ Guaranteed Builders Incorporated-ի սեփականատէրն ու հիմնադիրն է, լռելեայն նուիրատուութիւն ըրած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ շատ անկեղծ եւ սիրելի վերաբերմունք է։ Երբ որ կանչուած է, անվերապահօրէն իր ծառայութիւնը մատուցած է ան, առանց ճանաչման կամ շնորհակալութեան ակնկալութիւններու։ Տիար Թուսինոյի միակ մղումը եղած է օգնել եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան հասանելիութեան համայնքէն ներս։ Տիար Թուսինօ Տակլըսի խոնարհ ոգին եւ առատաձեռնութիւնը օրինակելի է բոլորիս, որուն կ՛արժէ հետեւիլ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայր եւ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Երիտասարդական Մրցանակ «Youth Award » ստացած՝ Լիա Կարապետեան

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Տէր Հայրը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Երախտագիտութեան Վկայագիր ստացած՝ տիար Լուիզ Թուսինօ

Էրեբունի պարախումբը քանի մը հայկական պարեր ներկայացուց։ Տօնախմբումը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքով, ուր շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ համայնքը իր 62րդ տարեդարձին առիթով եւ աղօթեց գաղութին բարգաւաճման համար։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles