Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԴԱՌՆ ԵՐԳԻԾԱՆՔ.- ԿՈՂՄՆԱՑՈ՛ՅՑ(*) ՆՈՒԻՐԵՑԷՔ…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5 Նոյեմբեր 2019

Այս սիւնակով, կþուզենք բաց հրաւէր ուղղել հայութեան աւանդներուն ու արժէքներուն պաշտպանութեան ու պահպանման նախանձախնդիր մէն մի հայու։
Սիրելինե՛ր. 2020-ի ամանորը կը մօտենայ. վստահաբար սկսած էք պատրաստել ցանկը այն բարեկամներուն, հարազատներուն ու ծանօթներուն, որոնց թանկարժէք բան մը պիտի նուիրէք։ Եկէ՛ք, այս տարի քայլ մը անդին անցէք եւ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի կարգ մը առաջնորդներուն… կողմնացո՛յց նուիրեցէք։
…Աւելի քան 140 տարի առաջ, երբ Խրիմեան Հայրիկ ձեռնունայն վերադարձաւ Պերլինի վեհաժողովէն, «Երկաթէ Շերեփ»-ի մասին իր քարոզին ճամբով՝ մեր պատմութեան մէջ արձանագրեց նշանաւոր պատգամ մը. երբ ձեր գաւառները կը վերադառնաք, ձեր բարեկամներուն ու հարազատներուն զէնք նուիրեցէք, որպէսզի կարենաք պաշտպանել ձեր իրաւունքները, ըսաւ ան։ Այդ պատգամէն ներշնչուած՝ մենք ալ կոչ կþուղղենք բոլորիդ. կողմնացո՛յց նուիրեցէք մեր ազգի առաջնորդներուն ու երեւելիներուն, որովհետեւ բազմաթիւ նշաններ ցոյց կու տան, որ անոնք ամէն բանէ աւելի՝ կողմնացոյցի պէտք ունին այս օրերուն։
Կողմնացոյցի պէտք ունին Հայաստանի պետական ղեկին վրայ գտնուողները, որոնք նորարարութեան ու մանկավարժական ազատականութեան անունով, կը կացինահարեն մեր ազգային աւանդներն ու լինելութեան արմատները։ Բարձրագոյն կրթութեան ուսումնարաններուն մէջ հայերէնով աւանդուող նիւթերը պարտադիր չընելու որոշումին ստեղծած բանավէճն ու հրապարակային քննարկումները ի յայտ բերին, որ Հայաստանի նախակրթարաններուն ու երկրորդականներու աշակերտները ըստ բաւականին լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ չեն սորվիր, անկախ անկէ, որ մինչեւ իսկ եթէ բոլորն ալ ունենային պատկերասփիւռի «Հայ Ասպետ» մրցումին մասնակցողներուն գիտելիքներու մակարդակը, բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի ուսուցումը զանոնք պիտի հասցնէր նոր մակարդակի, պիտի չարգելակէր իրենց մասնագիտական նիւթերու իւրացումը, զանոնք աւելի՛ ամուր արմատներով պիտի կապէր մեր ժառանգութեանց։
Կողմնացոյցի պէտք ունին մշակոյթի կալուածները վարողները, որպէսզի օտարին ամէն ձեւի այլանդակութիւնը Հայաստանի – ու անոր ճամբով նաեւ դէպի սփիւռքեան գաղութներու – մէջ չտարածեն։ Ժողովուրդի մը արուեստը, նորարարութիւնն ու ստեղծագործութիւնը պէտք է ծնին սեփական, մեր պարագային՝ հայկական իրականութիւններէ, ըլլան կրողն ու շարունակութիւնը մեր դարաւոր աւանդներուն ու ժառանգութեանց։ Մեր ժողովուրդի կեանքին ու էութեան անյարիր որեւէ նորարարութիւն, որքան ալ բարի նպատակով ներածուած ըլլայ, չի կրնար արմատ նետել, պէտք չէ՛ արմատ գտնէ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին մէջ։ Մշակոյթներու փոխ-յարաբերութիւնն ու փոխ-ազդեցութիւնը ունին իրենց բնական ուղիները, եւ միշ՛տ ալ եղած են օգտակար, այսօր ալ ողջունելի են։ Ազատականութեան ու արդիականութեան ծուռ ու կամայական մեկնաբանութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով արդարանալի է, ո՛վ որ ալ ըլլայ նման «տրամաբանութիւն» պաշտպանողը։ Եթէ աշխարհը այլազան ախտերով կը տառապի ու կþայլասերի, մենք ստիպուած չենք, այն ալ՝ կամովին՝ վարակուելու նման քայքայիչ ախտերով։ Եւ թող ոչ ոք մտածէ, թէ այս մօտեցումը յետամնացութիւն կամ հակայեղափոխականութիւն կը ցոլացնէ։
Կողմնացո՛յց նուիրեցէք բոլոր անոնց, որոնք որոշում կու տան հայկական դպրոց փակելու եւ նախապատուութիւն տալու այլ ծրագիրներու, որոնք օգտակար ըլլալով հանդերձ, ուղղակի աղերս չունին ազգի պահպանման ու նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան հետ։ Խօսքը չի վերաբերիր միայն Միացեալ Նահանգներու Փասատինա քաղաքին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարանը փակելու որոշումին, այլ պէտք է կարկինը լայն բանանք եւ յիշենք, որ վերջին տարիներուն, հայկական այս կամ այն օճախին մէջ քանի՞ դպրոց փակուած է, մինչդեռ Հայաստանէն արտագաղթի ու նոյնինքն մեր հայկական օճախներուն բնական աճին պատճառով, գաղթօճախներու թիւի յաւելում արձանագրուած է ու ամէն քայլափոխի կը թութակենք, թէ նոր դպրոցներու, ազգային հաստատութիւններու-միաւորներու պէտք ունինք։ Իսկ Հայաստանի մէ՞ջ…
Կողմնացոյց պէտք է նուիրենք նաեւ մեր պետական-քաղաքական առաջնորդներուն, որպէսզի կարենան Հայաստանի ու անոր ճակատագիրին կապուած հայութեան նաւը դնել-պահել ճիշդ ուղղութեան մէջ, այսօր՝ երբ Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր շրջանները հսկայական յուզումներու եւ վերիվայրումներու կþենթարկուին ցնցիչ փոթորիկներու հետեւանքով։ Մեր խօսքը բնութեան բերած աղէտալի փոթորիկներուն մասին չէ. անոնց կործանիչ հետեւանքները կարելի է աւելի դիւրին դարմանել, քան յստակ արեւելումի բացակայութեան ստեղծած հետեւանքները։ Մեր խօսքը կը վերաբերի այն փոթորիկներուն, որոնք աշխարհը իր վերջին 20-30 տարիներու միաբեւեռ վիճակէն՝ կը տանին դէպի բազմաբեւեռ (եւ ոչ միայն երկբեւեռ) կացութիւն։ Այս վիճակին մէջ Հայութեան ու Հայաստանի-Արցախի շահերուն պաշտպանութեան լաւագոյն ձեւերը ցոյց տուող կողմնացոյցի՛ կարիք ունինք բոլորս, մասնաւորապէս անոնք, որոնք վճռական դերակատարութիւն ունին ժողովուրդի կեանքին առաջնորդութեան մէջ։
Եթէ մեր նիւթական կարողութիւնները բաւարարեն, կրնանք նաեւ կողմնացոյց նուիրել աշխարհի մեծ ու նուազ մեծ ուժերու առաջնորդներուն, սակայն եկէ՛ք, այս ամանորին մեր նուէրները վերապահենք մեր ածուի դերակատարներուն։

(*) Կողմնացոյցը շատ հին գործիք է. կþըսուի, թէ զայն հնարած են չինացիները, աւելի քան 2200 տարի առաջ. սկզբնապէս կը գործածուէր կախարդներու կողմէ, յետոյ ընդհանրացած է՝ ուղեւորներու եւ նաւարկողներու ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տալու անոր կենսական դերակատարութիւնը։ Մեր այս սիւնակին մէջ ի մտի չունինք նախնական՝ կախարդական դերը։ Ի զուր չէ, որ մինչեւ իսկ ինքնաշարժներու մէջ կողմնացոյց կը զետեղեն ղեկը բռնողին աչքին դիմաց…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles