Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Փրովիտէնսի Մուրատ Ազգային Վարժարանի Հիմնադրութեան 85-ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւն

$
0
0

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26-ին «Մուրատ» Ազգային վարժարանի պատմութեան մէջ դարձաւ յիշատակելի օր մը երբ պատշաճ հանդիսութեամբ նշուեցաւ հիմնադրութեան 85-ամեակը  Փրովիտէնսի Մարիոթ պանդոկին մէջ, մօտ 250 հոգիներու ներկայութեան, հովանաւորութեամբ՝ թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ ներկայութեան եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանի։ Տէր Հօր բացման աղօթքէն ետք, յայտագիրը սկսաւ շրջանաւարտ՝ Օր. Ալիշա Ֆիլիփսի  ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Հանդիսավարութեան պաշտօնը սահուն հայերէն լեզուով վարեց շրջանաւարտ՝ Կարօ Թաշեան։ Ան հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ ՝ Պրն. Յակոբ Տօնոյեանը, որ գնահատեց հայ դպրոցի 85 տարիներու  տարած  գնահատելի աշխատանքը հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան մարզին մէջ։

Խնամակալ մարմնի ատենապետ՝ Պր. Յակոբ Խաչատուրեան խօսք առնելով շնորհաւորեց 85-ամեակի յանձնախումբի շրջանաւարտները, որոնք յղացան տօնակատարութեան գաղափարը ու  իրականացուցին զայն մեծ յաջողութեամբ Հոկտեմբեր մշակոյթի ամսուայ ընթացքին։ Ան շեշտեց հայերէն լեզուի գործնական  գործածութեան կարեւորութիւնը հայ տունէն ներս, որպէսզի հայ դպրոցի տարած ջանքերն ալ արդիւնաւորուին  ու հայ լեզուի ճրագը միշտ լուսաւոր պահուի։

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ  կատարողութեամբ՝ դպրոցի ներկայ աշակերտներու եւ շրջանաւարտներուն, առաջնորդութեամբ՝ Պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիի՝ որ 16 տարիներ առաջ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք այսօր կը պաշտօնավարէ որպէս հայ  երգի դասատու։ Փոքրիկները մեծ աշխուժութեամբ  երգեցին Դպրոցի քայլերգը եւ «Ո՞վ եմ Ես » երգը  ժպտուն աչքերով ու  ձեռքի  սիրուն շարժումներով ։ Ապա շրջանաւարտներ՝ Թալին Տօնոյեան եւ Շանթ Եղիայեան կատարեցին «Տուն Իմ Հայրենի» զուգերգը  Ռոստոմ Մկրտիչեանի կիթարի եւ Ռաֆֆի Ռշտունիի դաշնակի ընկերակցութեամբ ։  Ուրիշ խումբ մը , բաղկացած 12 շրջանաւարտներէ, արժանացան բուռն ծափահարութեան  իրենց  Արա Գէորգեանի «Ո՜վ Հայոց Աշխարհ» խմբային պարի կատարողութեամբ , պարուսոյց Տիկ. Մարալ Խաչատուրեանի առաջնորդութեամբ։

Ճաշի ընթացքին , հանդիսավար Կարօ Թաշեան  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անցեալի եւ ներկայի տնօրէնուհիներուն , մանկավարժ ուսուցչուհիներուն, որոնց տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ այսօր ան հպարտօրէն կ՚արտայայտուի հայերէն լեզուով։ Ան  կոչ ուղղեց բոլորին, որ ջարդէն ազատող սերունդի ժառանգութիւնը  յարգենք ու նախապատուութիւն տանք մեր մանուկներու հայեցի կրթութեան , հայ լեզուի ուսուցման եւ նոր սերունդի գործօն անդամակցութեան մեր եկեղեցւոյ եւ դպրոցի բոլոր քոյր կազմակերպութիւններու մէջ։  Ան մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց թէ երկարամեայ  տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Հաճեան-Քիպարեանի ընտանիքը կը խոստանայ նուիրել գալ տարեշրջանի աշակերտներուն կրթաթոշակներու վճարումները պայմանաւ որ  անոնք  չբացակային  ներկայ տարեշրջանի  գոնէ 85 առ հարիւր տոկոս  Շաբաթ օրերուն ։

 Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կողմէ  Ճօ-Աննա Չիլինկիրեան  փոխանցեց Հայ Օգնութեան Միութեան պատգամը , մատնանշելով  հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը եւ հայ դպրոցի դերը  մանաւանդ  իր անձնական փորձառութենէն, իբրեւ  դուստրը տիկին Քիպարեանին որ ինքնին յաճախած է  այս դպրոցը եւ մեծ հաճոյքով եւ նուիրումով վարած է  տնօրէնութեան պաշտօնը վերջին մօտ 35 տարիներու ընթացքին։

Եկեղեցւոյս հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան խօսք առնելով նշեց, թէ  նուիրեալ հիմնադիրներուն, տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցիչներուն 85 տարիներու  ծառայութիւնը  Սրբոց վարդանանց եկեղեցւոյ գաղութին համար  չափազանց  արդիւնաւէտ դարձած է։ Փաստը կը տեսնենք այսօր երբ մեր վերջին 20 տարուայ շրջանաւարտներէն  խումբ մը  մեծ եռանդով, հպարտութեամբ ու  սիրով կազմակերպեցին այս տօնախմբութիւնը  որպէս զի ա՛լ աւելի զօրացնեն ազգային ինքնութեան զգացումը  եւ  առողջ ու վառ պահեն մեր հայ դպրոցը։ Ապա, ատենադպրուհի՝  Տիկ. Մակի Նալպանտեան  հանդէս եկաւ ու երկար տարիներու Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Խաչատուրեանին  առ ի  երախտագիտութիւն Մուրատ ազգային վարժարանի  Խնամակալ Մարմնի ու համայն դպրոցի ընտանիքին  կողմէ, նուիրեց Հրայր Հօգ  Խաչերեանի «100» խորագրով պատմական  Հայաստանի պատկերներու հաւաքածոն։

Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, առ ի գնահատանք Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մուրատ շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս իրենց մատուցած բազմամեայ եւ անխոնջ  ծառայութեան՝ հետեւեալ անձերը պարգեւատրեց յատուկ գնահատագրերով–  ուսուցչուհիներ՝ Անժէլ Գոզինեան, Մենար Դարբինեան, Զուարթ Թահմասեան, Մարալ Խաչատուրեան, Տիգրանուհի Մինասեան, Մակի Նալպանտեան, Զեփիւռ Տօնոյեան եւ խնամակալ մարմնի 45 տարիներէ ի վեր հաշուապահութիւնը վարող՝ Գարօլ Հայկուհի Մեսրոպեան ։

Սրբազան  Հայրը չափազանց ոգեւորուած  օրուայ հայաշունչ մթնոլորտէն , մեծ ուրախութեամբ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ ղրկուած հայրապետական  օրհնութեան գիրը Անահիտ  Հաճեան-Քիպարեանին, որ  սիրայօժար ու սրտաբուխ  կերպով  նուիրած է իր մանկավարժական մասնագիտութիւնը Մուրատ Ազգային վարժարանին որպէս  կարող տնօրէնուհի  աւելի քան 35 տարիներ, հանգուցեալ Արաքսի Արզումանեանի կողքին։ Սրբազանը իր խրախուսիչ պատգամով անդրադարձաւ օրուայ բաժնուած յուշանուէր էջադիրին, որուն վրայ թռչնագիր գեղեցիկ գիրերով գծագրուած էր անբուբենը Արցախաբնակ Նունէ Յակոբեանի կողմէ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ օրուայ յուշագրքին մէջ տեղ գրաւած մի քանի աշակերտներու  85-ամեակի առթիւ  գրած տողերուն  , ուր կ՚արտայայտէին իրենց երախտագիտութիւնը ծնողաց եւ ուսուցիչներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ իրենց խոստումները նոյն  հայ ոգիով ծառայելու հայ դպրոցին՝ որպէս օգնական ուսուցիչներ։ Սրբազան Հայրը շեշտեց Սեբաստացի Մուրատի անուամբ կոչուած հայ դպրոցի առաքելութեան կարեւորութիւնը, մատնանշելով որ ներշնչուած անոր ազատութեան եւ ինքնութիւն պահելու ոգիէն, «Մեր հաւատքով դառնանք եկեղեցիին մէկ առողջ մարմինը, շարունակենք հպարտօրէն խօսիլ հայերէն մեր տուներէն ներս  որ հայ դպրոցի ցանած հունտերը ծլին ու ծաղկին ի փառս Աստուծոյ, հայ ազգի ու լեզուի  յաւերժացման»։

Օրուայ հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները վայելեցին Գէորգ Արթինեանը եւ իր նուագախումբը։ Ան մինչեւ կէս գիշեր խանդավառեց բոլոր ներկաները ։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles