Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն կը շնորհաւորէ այսօր Ա.Մ.Ն. ՆերկայացուցիչներուՊալատին կողմէ թիւ 296 բանաձեւի որդեգրումը, որ կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրը իբրեւ պատմական ճշմարտութիւն:
Տասնամեակներ շարունակ Ա․Մ․Ն․ Արտաքին Գերատեսչութիւնը եւ իրերայաջորդ վարչակազմերը բռնազբօսիկ ու բարձրակոչ ձեւով ընդդիմացան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, պատճառաբանելով Թուրքիոյ հետ Ա․Մ․Ն․-ի ունեցած երկկողմ յարաբերութիւնները, առեւտուրը, ռազմական խարիսխները եւ բազմաթիւ անտեղի այլ հարցեր: Այսօր, Ներկայացուցիչներու Պալատը խօսեցաւ շատ պարզ, եւ ջախջախիչ 405 քուէով ընդունած բանաձեւով ուղղեց սխալը եւ միայն 11 հոգի դէմ քուէարկեցին: Մենք հպարտ ենք, որ Ներկայացուցիչներու Պալատը այսօր այդ ուղղումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ անգամ մը եւս ապացուցելով, որ ճշմարտութիւնը միշտ պիտի յաղթէ:
Մենք այսօր եւ միշտ չափազանց հպարտ ենք Հայ Դատի յանձնախումբով իր տասնամեակներու վրայ երկարող Հայոց Ցեղասպանութեան գծով արդարութիւն հաստատելու անշեղ նուիրումին համար: Հայ Դատի յանձնախումբը երբեք չվարանեցաւ, չյանձնուեցաւ՝ անպատմելի ոճիրին եւ մեր ազգի նկատմամբ գործադրուած անարդարութեան հարցով արդարութիւն պահանջելու իր ճանապարին: Մեր տեսած այսօրուայ յաջողութիւնը Հայ Դատի յանձնախումբի տեսլականին ու քաղաքական գիծին վերահաստատումն է:
Պատմական այս նուաճումին ի տես, համոզուած ենք, որ պայքարը դեռ կը շարունակուի, որպէսզի մեր արդար դատի ճանաչումին յաջորդէ արդար հատուցումը։
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
Կեդրոնական Կոմիտէ
Հոկտեմբեր 29, 2019