Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Համաժողովը` Ուաթըրթաունի Մէջ

$
0
0
Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի Ժողովը Ուաթըրթաունի մէջ

Լուիզա Ճանպազեան

Շաբաթ Հոկտեմբեր 19-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ Ուաթըրթաունի ( Մասաչուսէց) Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ։ Տարեկան դրութեամբ կատարուած համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 60 ներկաներ, որոնց կարգին ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամներ, հովիւներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէ, միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, որոնք ներկայացուցին իրենց տարեկան տեղեկագիրները։ Համաժողովի բացման աղօթքը մատուց Վարչական Խորհուրդի անդամ՝ Վեր. Արա Կէօքկէօզեան, իսկ փակման աղօթքը մատուց Աւստրալիայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշաքճեան։

Տարեկան Համաժողովի աւարտին կարդացուեցան անունները Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչութեան նորընտիր անդամներուն, որոնք ընտրուած էին երեք տարուան ծառայութեան համար.- Լինտա Քէյ Ապտուլեան, տոքթ Հրայր Ս. Ահարոնեան, տոքթ. Ռաֆֆի Պալապանեան, Ֆիլիս Տոհանեան, դոկտ. Նուրհան Հէլվասեան, Վեր. դոկտ. Հայկ Խրլոբեան, Սեդա Լոշխաճեան – Նալպանտեան եւ տոքթ. Մայքըլ Վոսքեան։

 

Աւետարանչականի 100-րդ տարեկան Համաժողովը։ Նստած գլխի սեղանին ձախէն աջ՝ դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Գանձապահ, Զաւէն Խանճեան՝ Գործադիր Տնօրէն, տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ Նախագահ եւ Թամ Մոմճեան՝ Քարտուղար

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տարեկան համաժողովին առընթեր, Հոկտեմբեր 17-18 օրերուն տեղի ունեցան նաեւ վարչական խորհուրդի Ժողովը, աշխատանքային ծրագրումի Նիստը եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովը։

 

Աւետարանչականի 100-րդ տարեկան Համաժողովի Պաշտամունք՝ Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ եւ նորընտիր Վարչական Խորհուրդի անդամներու պաշտօնակոչում՝ պաշտօնակատարութեամբ Վեր. դոկտ. Ռան Թովմասեանի

Կիրակի, Հոկտեմբեր 20-ին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տարեկան Համաժողովի պաշտամունքը, Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ։ Օրուան պատգամաբերներն էին Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ, եւ Վեր. Ճէրէմի Թովմասեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան ատենապետ։ Պաշտամունքի ընթացքին յատուկ աղօթք մատուցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Նախագահ՝ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, յիշելով այն բոլոր Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անդամները որոնք անցնող տարեշրջանին այս կեանքէն անցան յաւիտենականութեան։ Իսկ վարչական խորհուրդի անդամներուն պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը կատարեց Վեր. դոկտ. Ռան Թովմասեան՝ հովիւը Լոս Անճելըսի Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցիին։

Աւետարանչականի անդամներ եւ ներկայացուցիչներ Ուստըրի Հայ Աւետարանական Մարտիրոսաց Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցող Ոգեկոչման պաշտամունքին

 

Ուստըրի Հայ Աւետարանական Մարտիրոսաց Եկեղեցին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հարիւրերորդ տարեկան համաժողովի շաբաթավերջի աւարտին, Կիրակի, Հոկտեմբերի 20-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաք եւ ոգեկոչման պաշտամունք, Ուստըրի (Մասաչուսէց) Հայ Աւետարանական Մարտիրոսաց Եկեղեցիին մէջ: Հիմնուած Յունուար 1, 1892-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին հայ աւետարանական Եկեղեցին նաեւ  Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ծննդավայրն (1918)  է։

Պաշտամունքը կատարեց Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վեր. Սթիվըն Քարլայլ։ Պատգամներ փոխանցեցին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Ուստըրի Եկեղեցւոյ անդամ՝ Թալին Աւագեան Պէօրէքճեան։

Յատուկ շնորհակալութիւն Ուաթըրթաունի Եկեղեցիի հովիւ՝ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեանի եւ Եկեղեցիի անդամներուն՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ տարեկան Համաժողովի օրերուն իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան եւ մատակարարման համար:

Որպէս քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը  իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կայքէջը.- www.amaa.org.

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles