Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՅԻՇԱՐԺԱՆ ՕՐ ՄԸ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԿԱՄ՝ «FEAST OF ASHES» ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

$
0
0


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

 

Ամէն բան սկսաւ clay բառէն։ Հայերէն բառեր կը սորվէինք. door-դուռ, window-պատուհան, pencil-մատիտ… եւ երբ կարգը հասաւ clay-կաւ բառին՝ «Օ՜… կեցիր», ըսաւ յանկարծ աշակերտուհիս. «…ասիկա շատ կարեւոր բառ է ինծի համար», եւ երբ ապշած հայեացքս նկատեց, աւելցուց. «Չե՞ս տեսներ, ետեւս ամբողջ կաւէ կուժեր ու յախճապակիներ են…»։ Իսկապէս համակարգիչիս պաստառէն կը տեսնէի, թէ ետեւը իր ըսածներուն ամբողջ տեսականին կար։ Այդ պահուն, բնականաբար, դեռ չէի հասկցած, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր. յետոյ էր, որ պիտի քակուէր կծիկը ու զիս ալ վարակէր այդ արուեստ-արհեստի հմայքով։
Սաթօ Մուղալեան, երբ վերջապէս «Feast of Ashes» գիրքը տպարան յանձնեց, լայն շունչ մը քաշեց եւ իբրեւ թոռնիկը Երուսաղէմի խեցեգործական արուեստի հիմնադիր Դաւիթ Յովհաննէսեանին,  գոհունակութեան ջերմ զգացումով սկսաւ շրջայց կատարել աշխարհի զանազան երկիրներ՝  ներկայացնելու համար իր մեծ հօր կեանքը, արուեստն ու գործունէութիւնը։
Օր մըն ալ, դասի ժամանակ, յայտնեց Հայաստան իր այցին եւ Կիւմրիի մէջ իր գիրքին ներկայացման մասին ու առաջարկեց, որ ես ըլլամ իր թարգմանիչը։ Սկիզբը տատամսեցայ, որովհետեւ մեծ պատասխանատուութիւն համարեցի, բայց հետզհետէ գաղափարը հաճոյ թուեցաւ նաեւ ինծի եւ սոյն տարուան Յուլիսին արդէն հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս պատրաստ՝ միասին մեկնեցանք արհեստներու եւ արուեստներու քաղաք՝ Կիւմրի։

Կիւմրիի իւրայատուկ ճարտարապետութիւնը հմայեց զիս. տուֆ քարերով ձեւաւորուած, շատ գեղեցիկ, հարուստ ու հմայիչ տուներ, որոնց քովէն անկարելի է անտարբերութեամբ անցնիլ։ Եւրոպական ազդեցութիւնը կրող հայկականացած շինութիւններ։

Կիւմրեցի ծերունիի մը երբ զմայլանքս յայտնեցի, ան հպարտութեամբ պատմեց, թէ 1886-ին Կարինի եւ Կարսի քաղաքացիներու գաղթի հետեւանքով, Կիւմրիի մէջ հիմնուած են բազմաճիւղ արուեստ-արհեստանոցներ։ Մայր արուեստ համարուած են քարտաշագործութիւնն ու որմնադրութիւնը, որոնցմէ ետ չեն մնացած նաեւ միւս արհեստներն ու արուեստները, ինչպէս՝ ներկարարութիւնը, ասեղնագործութիւնը, կահոյքագործութիւնը, կաշեգործութիւնը, ոսկերչութիւնը, կտաւագործութիւնը, ատաղձագործութիւնը, տակառագործութիւնը, օճառագործութիւնը, եւ վերջերս, շնորհիւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոս Անթոնիօ Մոնթալթոյի նախաձեռնութեան, սկիզբ դրուած ու զարգացած է նաեւ խեցեգործական արուեստը, որ մեր այցելութեան իսկ նպատակն էր։
Ահաւասիկ, իտալացի հիւպատոսին հրաւէրով, Սաթօ Մուղալեան իր գիրքի ներկայացումը պիտի կատարէր, նոյնինքն հիւպատոսարանի խորհրդաւոր սրահներէն մէկուն մէջ։ Ելեկտրական սարքերու ճշգրտութիւնը ստուգելէ ետք, պատուոյ հիւպատոսի եւ կազմակերպիչ անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցինք «Վիլլա Կարս» հիւրանոց, որու սրահներէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուէին Կիւմրիի մէջ արտադրուած տարատեսակ խեցիներ, սալիկներ, զարդեր…։ Այցելեցինք նաեւ Կիւմրիի աշխատանոցը, ուր ծանօթացանք վարպետ խեցեգործին, որ սիրահար մըն էր իր գործին եւ մեր այցելութեան ճիշդ այդ պահուն իր ձեռքի վարպետ հպումներով կաւէ կուժ մը կը ստեղծէր։  Բաւական ոգեւորիչ զրոյց մը ունեցայ վարպետին հետ։ Ան մանրամասն տեղեկացուց աշխատանոցի պատմութեան, աշխատանքի կերպին եւ հիւպատոսին այս շնորհակալ նախաձեռնութեան մասին։

Անթոնիօ Մոնթալթօն 1989-ին եկած է Հայաստան, Սպիտակի երկրաշարժէն վնասուածներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, մանաւանդ որ մասնագիտութեամբ բժիշկ է։ Այդ տարիներէն կապուածութիւն մը ստեղծուած է իր եւ այս երկրին միջեւ։ Երկրաշարժէն տուժած ընտանիքներու զաւակներ, երբ իր բնակարանը կը հաւաքուէին տաքնալու համար, ան զբաղեցնելու միտումով նման աշխատանքներու կը մղէր զիրենք։ Հոնկէ է, ահա, որ արուեստանոց-աշխատանոց հիմնելու այդ միտքը յղացած է եւ զարգացում կրելէ ետք, զայն փոխադրած է Կիւմրի, նպատակ ունենալով այս կիրառական արուեստը զարգացնել եւ աշխատատեղեր ստեղծել՝ տեղացիներուն կեանքը բարելաւելու ի խնդիր։

Աւելի ուշ, սոյն արուեստին մասին հետազօտութիւններ կատարելէ ետք, ան նկատած է, որ այս արուեստը հայկական հին արմատներ ունի ու մօտէն հետեւած է անոր վերաբերող ամէն նորութեանց, ուստի այդ ճամբով եւս կապ հաստատած է  նաեւ Սաթօ Մուղալեանին հետ եւ սոյն ձեռնարկը կազմակերպած։

Թէեւ մեր ժամանակը շատ կարճ էր, սակայն սրահ վերադառնալէ առաջ, ուզեցինք անպայման այցելել նաեւ հանրայայտ քոյրեր՝ Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեաններու պատկերասրահը (որ կը գտնուի Կիւմրիի կեդրոնական հրապարակի Աբովեան փողոցին վրայ), տեսնելու համար անոնց բազմերանգ ու վառ գոյներով կտաւները, բնապատկերները, դիմանկարները եւ մանաւանդ սրահին մէջ ցուցադրուած Երանուհի Ասլամազեանի ստեղծագործած խեցեղէնները։
Որոշեալ ժամուն, ներկաները հաւաքուած էին սրահ եւ Սաթօ Մուղալեանի ելոյթին կը սպասէին։ Սաթօ իւրաքանչիւր միտքէ ետք դադար կ՚առնէր, որպէսզի այս անգամ հայերէնով կատարուէր նոյն ներկայացումը իմ թարգմանութեամբս, որ շատ հաճելի փորձառութիւն մըն էր ինծի համար։ Եւ այսպէս, ամենայն մանրամասնութեամբ Սաթօ անդրադարձաւ Դաւիթ Յովհաննէսեանի կեանքին, որ կը զուգադիպի Օսմանեան Կայսրութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին։  Ան պատմեց, թէ առաջին համաշխարհային պատերազմէն քանի մը տարի առաջ, Դաւիթ Յովհաննէսեան պատմական Կուտինայի խեցեգործութեան աւանդոյթի հեղինակն էր։  1916ին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, ան, կինը եւ երեք զաւակները Կուտինայէն կ՚աքսորուին։ 1917ի սկիզբը կրկին աքսորի կ՚ենթարկուին, այս անգամ Հալէպէն Մեսքէնէ։ Ի վերջոյ 1918ի վերջերը, Դաւիթ Յովհաննէսեան եւ ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատեն Երուսաղէմ, ուր եւ սոյն արուեստը կը հիմնէ, որ այսօր յայտնի է որպէս հայկական խեցեգործութիւն։

Ելեկտրական սարքին միջոցով, Սաթօ Մուղալեան ցուցադրեց Կ. Պոլսոյ կարեւոր շէնքերու սալիկները, անգլիացի դիւանագէտ, գնդապետ պրն. Մարկ Սայքսի կողմէ առաջադրուած՝ Երուսաղէմի Dome of the Rock (Ժայռի Գմբեթ)ի վտանգուած սալիկներու վերականգման աշխատանքները, Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ վանքի դարպասի սալիկապատումը… տուաւ տեղեկութիւն ընդհանուր աշխատանքի մանրամասնութիւններու մասին, այսինքն՝ հայկական նախշերու, գոյնի, ձեւի, ջնարակներու համադրութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Յովհաննէսեանի ստացած պարգեւներուն, աշխարհի թանգարաններուն մէջ  ցուցադրուած նմոյշներուն եւ այլն։

Իր խօսքի աւարտին, Սաթօ շնորհակալութիւն յայտնեց կիւմրեցիներուն, իրենց ստեղծած այս կարեւոր աւանդոյթին համար եւ գոհունակութեան ջերմ զգացումով լեցուած՝ պարտականութիւն համարեց  աջակցիլ անոր զարգացման գործընթացին։

Արուեստով յագեցած օրուան աւարտին, տակաւին կարելի չէր մեկնիլ Երեւան

առանց վայելելու կիւմրեցիին հիւրասիրութիւնը։ Երբ հիւրընկալուեցանք ձեռնարկի կազմակերպիչ Հրաչ Վարդանեանին բնակարանը, մեզի այնպէս կը թուէր, թէ սովորական տուն մըն էր, որ կը մտնէինք եւ ահա դրան մուտքէն իսկ ի յայտ եկաւ տուն-արուեստանոց համադրութիւն մը։ Ամէն անկիւն ականատես եղանք պղնձագործութեան իւրայատուկ նմոյշներու, գեղեցիկ արձաններու եւ պատէն կախուած նկարչական կտաւներու։

Մեծապէս ոգեւորուած վերադարձանք Երեւան՝ յաջորդ օրն իսկ կրկին ներկայացնելու համար «Feast of Ashes» գիրքին մանրամասնութիւնները, այս անգամ Երեւանի հանդիսատեսին։

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles