Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՀԱՅԵՐԷՆԱՋԻՆՋ» ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԻՒՐԱՅԻՆՆԵՐԻ ԿՈՂՄԷ

$
0
0

Յ. Պալեան

Ժողովուրդի մը հոգին կ’ապրի իր լեզուին մէջ:

Johann Wolfgang von Goethe

             «Հայաջինջ»ը գիտէինք, անոր հետեւանքները փռուած են արեւուն տակ. բզքտուած Հայաստան եւ լուռ անհետացման ենթակայ մահէ ճողոպրածներու եւ անոնց ժառանգներու հայկական տարածուող եւ տարտղնուող սփիւռք, որուն վրայ գումարուած է հայրենալքման արտագաղթը:

            «Հայաջինջ»ները անուն եւ հասցէ ունեցող  հայ ազգի թշնամիներն էին:

            Այսօր կը մտածեմ «հայերէնաջինջ»ի եւ ազգային լեզուի թշնամիներուն մասին:

            Դեռ չեմ հանդիպած այս սեւաւոր «հայէրէնաջինջ բառին, եւ թերեւս ես պիտի ըլլամ անոր տխրած ստեղծիչը:

            Պատմութեան ընթացքին պատահած է, որ հայ դպրոցներ փակուին, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով հայերէնի գործածութիւնը արգիլուի, բայց մեր ժողովուրդը պահած է իր լեզուն, գիտութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն ստեղծած է այդ լեզուով, երգած եւ աղօթած է այդ լեզուով: Վիգէն Խեչումեան իր անկրկնելի վիպասքին, «Գիրք Լինելութեան» մէջ կը խօսի առեւանգուած հայու մասին, որուն լեզուն կտրած էին, որպէսզի հայերէն չխօսի:

            Ցարդ սփիւռք(ներ)ի մէջ, գործնապաշտներու եւ հացապաշտներու կողմէ տոնքիշոթեան պայքար կը համարուէր արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը, ուսուցումը, անխաթար պահպանումը, կ’ըսուէր եւ կ’ըսուի, որ ան անհետացման դատապարտուած է: Այդ միտքը կը թելադրէր պամաքաղաքական եւ ընկերային-մշակութային մեր կացութիւնը եւ կրաւորականութեամբ կ’ընդունուէր:

            Հակառակ անոր որ Հայաստանը հեռու կը թուէր, հայ գրական երկու կենդանի լեզուները իրարմէ հեռացած էին, սփիւռքացած էինք, բայց միշտ կը հետաքրքրուէինք ոչ միայն արեւմտահայերէնի, այլ նաեւ արեւելահայերէնի անաղարտ պահպանումով, ուր ներխուժած էին օտար բառեր, վասն թիւր ըմբռնուած արդիականութեան եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու անձնատուութեան: Յաճախ գրած եւ խօսած էինք ուղղագրութեան այն դեկրետին մասին, որ հայերէն բառերու տասնըհինգ դարերու տեսքը եւ ուղղագրութիւնը փոխած էր: Բայց միշտ հաւատացած էինք, որ հայերէնը հողին վրայ պիտի կարենար ապրիլ միայն, հոն ուր կային համալսարաններ, կաճառներ, ակադեմիկոսներ, գրողներ եւ բանաստեղծներ, մանաւանդ կար ժողովուրդ՝ իր հողի բոյր ունեցող բարբառներով, ուր կը հնչէին դարերու խորքէն մեզի հասած բառեր, ասութիւններ, տաղեր, լեզուն պիտի պաշտպանուէր, պիտի տեւէր, պիտի թրթռար հայածնունդներու շրթներուն վրայ: Այսինքն՝ հարազատութիւն եւ ինքնութիւն պիտի պահուէին մանկան, աշակերտին, մեծին, պզտիկին, դաշտի աշխատաւորին, արհեստաւորին, գիտնականի եւ իշխաններու խօսքով, գիրով եւ գիւտով:

            Հայ լեզուն, գիրը, գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը ծաղկած էին նոյնիսկ երբ հայրենիք եւ ժողովուրդ տքացած էին բռնակալութիւններու ճնշման տակ, ենթակայ եղած էին հալածանքներու եւ ջարդերու:

            Ազգի մը, անոր ինքնութեան, անոր մշակոյթին եւ ստեղծագործ հանճարին տէր ըլլալու սրբազան առաքելութեան կոչուած է ազգային պետութիւնը: Այս ցոյց կու տայ հեռու եւ մօտ երկիրներու պատմութիւնը եւ ներկան:  Այսօր, ֆրանսական հեռատեսիլը սփռեց հաղորդում մը, Ֆրանսայի Պրըթանեը ընդարձակ շրջանի ժողովուրդը, որ երկրի հասարակաց լեզուով, ֆրանսերէնով, ուսում կը ստանայ,  իր զաւակներուն յամառօրէն կը սորվեցնէ իր շրջանային լեզուն, կոչենք բարբառ կամ գաւառաբարբառ, բայց արմատներու լեզու, պապերու եւ նախապապերու լեզու: Այդ կ’ընէ, որովհետեւ այդ պրըթոն լեզուին մէջ կայ անցեալ, աւանդութիւն, պատմութիւն, ինքնութիւն, տարբերութեան գիտակցութիւն: Կայ մարդը՝ իր շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութեամբ:

            Հայաստան անկախացած է որպէս հայապատկան հողամաս, հայրենիք, ոչ գաղութ, ոչ վարձու սենեակ:

Բայց այսօր իրապէս պէտք է հարց տալ, թէ ան անկախացա՞ծ է հոգեպէս, լեզուով, մշակոյթով, ինքնութեան ժառանգութեան որպէս քուրա:

            Հայը նոյնիսկ երբ ենթակայ եղած է օտար եւ անհարազատ ուժերու տիրապետութեան, կառչած է իր հարազատ լեզուին, քանի որ, ինչպէս ըսած է Կէօթէ, «Ժողովուրդի մը հոգին կ’ապրի իր լեզուին մէջ»: Այսինքն՝ ապրած ենք մեր լեզուով: Այս իմաստութեամբ կտակ ձգած է հայ մեծ գիտնական Վիքթոր Համբարձումեան, որուն մեծութեան, գիտութեան եւ գիտակցութեան պէտք է աշակերտել գիտնանք այսօր, մեծեր եւ նուազ մեծեր, արդիականութեամբ տարուող իշխաններ, թեթեւսոլիկներ, նորելուկ «կուրու«ներ, որոնք հայերէնի ոչ-անհրաժեշտութեան մասին տեսակէտներ եւ մանկարժութիւն կը մշակեն, ազգի ինքնութիւնը եւ ապագան զեղծման ենթարկելով: Ներսը եւ դուրսը:

            Առաջին անգամը չէ որ պիտի յիշեմ Վիկտոր Համբարձումեանի կտակը: Որքան լաւ պիտի ըլլար այդ կտակը շրջանակուած կախել նախագահական ապարանքի, վարչապետարանի, նախարարարութիւններու, մարզպետարաններու, ակումբներու, մարզասրահներու, երաժշտանոցներու, գիտական կեդրոններու, դպրոցներու եւ խմբագրատուներու պատերէն, չմոռնալով հեռատեսիլը: Կրկին արձանագրենք մեծ գիտնական Վիկտոր Համբարձումեանի ապագայակերտ կտակը, բոլորիս համար, մանաւանդ՝ ժամանակակից բանգէտներուն համար.

          Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից, անկախ այն բանից, թե քանի տոկոս է նրա մեջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում: Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ գաղափարներ եւ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է :

Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզու: Գիտցէ՛ք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկությունը եղել է ու կը մնայ, քանի ապրում եմ, հայոց լեզուին տիրապետելը:

Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ: (29 օգոստոս 1994):

            Հայաստանի «թաւշեայ» յեղափոխութենէն ծնունդ առած իշխանութիւնը նորարարութեան տենդով բռնուած, օր մը որպէս թիրախ կ’ընտրէ փտածութիւնը, յաջորդ օրը դատարանը, յաջորդաբար դպրոցները, զանազան պետական եւ ընկերային ծառայութիւնները: Հերթը հասած է արդէն աղաւաղման, ամբոխայնացման, օտարամուտ բառերով արդէն դիմազեղծան ենթարկուած հայերէնին:

            Հայերէնի ուսուցումը պիտի սահմանափակուի եւ պարզապէս կասեցուի, երբ ուսուցանելի առարկային համար ան անհրաժեշտ չհամարուի:

            Այսպէս, գիտական թեքում ունեցող ուսման պարագային, հայերէնի ուսուցումը պիտի դադրի, օրինակ, ուսողութեան (մամթեմամաթիքա), բնագիտութեան (ֆիզիկա), բժշկութեան, արուեստական ուշիմութեան կամ հայերէնի պէտք չունեցող այլ ուսմանց համար: Կը մոռնա՞նք որ մենք ունեցած Անանիա Շիրակացի եւ Մխիթար Հերացի, որոնք օտարաբարբառ գիտութիւն չեն մշակած:

            Այսօրուան եւ վաղուան գիտնականը աւելի՞ բան գիտէ, աւելի՞ գիտուն է կամ պիտի ըլլայ, քան Վիկտոր Համբարձումեանը, որպէսզի առաջադրէ, վասն գիտական յառաջդիմութեան, հայերէնը անատակ համարել ըլլալու գիտութիւններու լեզու:

            Ինչո՞ւ սեփական անգիտութիւնը կ’ուզենք համարել օրէնք:

            Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդուի. ապահայացած եւ այսպէս որակուած միջազգայնացած կրթական համակա՞րգ մը, համալսարա՞ն մը:

            Մեզի պէս փոքր ժողովուրդներու իմաստուան մտաւորականները եւ ղեկավարները, փոխանակ նահանջի եւ օտարման ուղին ընտրելու, գիտցած են դիմադրական շարժում ստեղծել, գաղափարներ արտայայտել: Այսպէս, ֆինլանտացի գրողը, Մաիլա Դալվիօ, լեզուի կեանքի եւ մահուան մասին կ’ըսէ. «Երբ լեզու մը կը մեռնի իր գոյներով, նրբութիւններով, կը մեռնի նաեւ ժողովուրդը»: Այսինքն, լեզուն պէտք է պահել, սորվիլ եւ սորվեցնել ոչ միայն որպէս պարզ շուկայիկ հաղորդակցութեան միջոց (յիշել ինչ որ կ’ըսէր Շաւարշ Միսաքեան «հաց-պանիրի հայերէն»ի մասին), այլ նաեւ իր նրբութիւններով, ճոխութեամբ, գոյներով: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ լեզուի բարեկարգման եւ ուսուցման ալքիմիկոսները (alchimistes) կարդային Մեծարենց, Աբրահամ Ալիքեան, չեմ համարձակիր ըսել՝ Նարեկացի, մասնակից ըլլալու համար մեր լեզուի լոյսերու եւ երանգներու փառատօնին, որպէսզի չխեղճացնեն զայն:

            Շատ լաւ բան է յաճախել մեծերու դպրոցը, բռնելու համար համեստութեան ճանապարհը: Ֆրանսայի ուսումնական բարձրագոյն կաճառ Քոլէժ տը Ֆրանսի դասախօս Քամիյ Ժիւլիան, ըսած է հետեւեալը. «Լեզու մը զոր չ’ուսուցուիր, լեզու մըն է զոր կը սպաննեն: Լեզու մը սպաննել ոճիր է»: Երբ վասն նորարարութեան եւ գործնապաշտութեան, ուսուցման համակարգի այս կամ այն օղակէն կը հանուի հայերէնը, կը դադրինք զայն ուսուցանելէ, կը մասնակցինք անոր արագ կամ դանդաղ մահուան: Կը գործենք ոճիր՝ ազգի արմատներուն դէմ:

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) հայերէնի ուսուցման, տիրութեան եւ անաղարտ պահպանման լուրջ խնդիր կայ, քանի որ նորարարութիւն եւ գործնապաշտութիւն ձեռք ձեռքի տուած, «հայերէնաջինջ» ընթացքի մէջ են:

            Կու գա՞յ Նազովրեցի հայ մը, որ իր մտրակը շաչեցնէ եւ ըսէ. «Դո՛ւրս Տիրոջ Այգիէն»: Ազգային ըմբռնումներէ, մշակոյթէ եւ ժառանգութիւն-լեզուի ապրումի գիտակցութենէ հեռացածներու եւ խորթացածներու, այլազան ճապկումներուն մէջ իյնալով, պէտք չէ թոյլ տալ որ քանդեն ինչ որ ցարդ պահած ենք մեր կեանքի գինով:

            1915ին, հայրենահանուող հայ մարդիկ, ոչ թէ ոսկի եւ տիտղոսներ շալկած ինկած էին աքսոր ճամբաներու վրայ եւ Հայաստան հասցուցած, այլ վանքի դարպաս եւ հայերէն մատեան:

            Ազգը, անոր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը նպարավաճառատուն չեն, բիզնես չեն:

Մեր ժողովուրդի առաջնորդութեան կոչուածներ, իրենք զիրենք կոչածներ, բայց նաեւ ամբոխ դառնալու հակամէտ զանգուածները, լաւ կ’ըլլայ որ գիտնան թէ ի՛նչ ըսած է ֆրանսացի պատմաբան Ժիւլ  Միշըլէ իր ժողովուրդին համար. «Ֆրանսայի պատմութիւնը կը սկսի ֆրանսերէնով: Լեզուն գլխաւոր յատկանիշն է ազգութեան»:

            Հայաստանի պատմութիւնը հայերէնով կը բնորոշուի:

            Հայու ինքնութիւնը եւ արմատներու արմատներու հաւատարմութիւնը հայու բառ ու խօսքով կ’ըլլայ:

            Հայ թագաւորը ըսած էր, որ Հայաստանի սահմանները կը հասնին մինչեւ հոն ուր հայերէն կը խօսուի:

            Միթէ՞ Ռաֆայէլ Իշխանեան չէր ըսած. «Առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»:

            Եթէ հայ մարդիկ, արհեստաւոր, քաղաքական գործիչ եւ ակադեմիկոս, հայերէնէ խորթանան, ո՞ր ազգը պիտի պահեն եւ ո՞ւր առաջնորդեն:

            Քանի ուշ չէ, դիմակները վար պէտք է առնել:

            Ազգային լեզուի վերականգնումի, զտման, իւրացման եւ արժեւորման իսկական յեղափոխութիւն մը պէտք է տեղի ունենայ այսօ՛ր:

            Այլապէս ճամբայ կը հարթենք հայերէնը մեռեալ լեզու դարձնելու ընթացքին առջեւ, եւ մեր ժողովուրդն ալ, համաշխարհային ազգ ըլլալու մշուշային երազանքով, կը դառնայ մեռեալ ազգ, զոր օր մը պատմաբաններ կ’ուսումնասիրեն, եւ կ’ըսեն, թէ ինչպիսի ապիկարութիւններու պատճառով աշխարհի հնագոյն ազգերէն եւ արժէքներ ստեղծած հայ ազգն ալ անհետացած է:

            Ոչ այս եւ ոչ միւս կողմը իրաւունք ունին:

            Պէտք է մտածել եւ գործել ազգի եւ հայրենիքի իրաւունքի գիտակցութեամբ:

            Եւ վստահութիւն յայտնել՝ ըստ խորքի եւ իրաւութեան:

            Օր մի պիտի հասնի՞նք հոն, ըսելու՝ որ այլեւս թշնամիի պէտք չունինք, մենք մեզի կը բաւենք:

            Ի հարկէ՝ բազմագոյն սփիւռքներ: Ինքզինք պարտադրող դառն պատմութիւնը նոր չէ:

            Բայց այսօր նաեւ զարմանալիօրէն եւ շեշտուած կերպով կերպով՝ երազուած Հայաստանի մէջ ընթացող պատմութիւնը:

 

 

 

 

 

           

 

 

             


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles