Ա.Ա.
Միացեալ Նահանգներ- Ատրպէյճան դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ որոշակի զարգացում մը արձանագրուեցաւ՝ Պաքուի մէջ անցեալ շաբաթավերջին ընդդիմութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցին պատճառով։
Ընդդիմութիւնը Պաքուի քաղաքապետարանին դիմած էր ցոյցի իրաւունք ստանալու պահանջով։Դիմումին դրական պատասխան տրուած էր, բայց մերժուած էր ցոյցին վայրը, որ Պաքուի կեդրոնական հրապարակն էր։ Փոխարէնը՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արտօնութիւն տուած էին ցոյցը կատարելու մայրաղաքին ծայրամասի աւաններէն մէկուն մէջ։ Ընդդիմութիւնը մերժելով այս կարգադրութիւնը՝ ցոյցին օրը հաւաքուած էր Պաքուի կեդրոնական հրապարակին վրայ եւ ցոյցը չսկսած՝ ոստիկանական յատուկ ջոկատներ յարձակած էին ցուցարարներուն վրայ՝ բիրերով եւ գաւազաններով զանոնք դաժանօրէն ծեծելով եւ հարիւրէ աւելի ցուցարարներ ձերբակալելով։Կալանաւորուած էր նաեւ Ժողովրդային Ճակատի ղեկավար Ալի Քերիմլի, որ նոյն օրը բանտէն նոր արձակուած եւ ուղղակի ցոյցին վայրը ժամանած էր։
Ատրպէյճանական ոստիկանութեան վայրագութիւններուն ի տես՝ Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպական մայրաքաղաքներ քննադատութիւններու աննախընթաց ալիք մը բարձրացաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ, թէ Ալիեւ այսպիսով ցոյց տուաւ, թէ պարզապէս կ՛արհարմարհէ խօսքի ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ միջազգային իր պարտաւորութիւնները։
Այս ցոյցերէն անմիջապէս ետք է, որ Ատրպէյճան- Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ որոշ լարուածութիւն յառաջացաւ, երբ իշխանամէտ լրատու աղբիւրներ օրն ի բուն սկսան խօսիլ Ատրպէյճանի դէմ լարուած դաւադրութեան մը մասին, որ ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն քաղաքական պատուէրները կատարող լրատու աղբիւրներուն, ծրագրուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ։Այս ենթադրութեան տուն տուող պատճառը հեռաձայնային խօսակցութիւններ էին, զորս ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն մին՝ Կիւթաքին Հաճիպէյլի ունեցած է Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական միութեան առաքելութեան աշխատակիցներու հետ՝ անոնց փոխանցելով ոստիկանութեան գործադրած բրտութիւններուն պատկերը։
Գաղտնալսուած խօսակցութիւնը նոյնիսկ հեռարձակուեցաւ իշխանամէտ կայաններու կողմէ եւ տեղադրուեցաւ համացանցին վրայ։Քանի մը ժամ ետք սակայն, ըստ երեւոյթին անդրադառնալով խնդրին բաւական վտանգաւոր բնոյթին, ատրպէյճանական իշխանութիւններուն հրահանգով գաղտնալսուած ձայնագրութիւնը ջնջուեցաւ համացանցէն։Բայց այդ քանի մը ժամերը իսկ բաւարար էին, որպէսզի Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կայքէջին վրայ տեղադրէր բաւական կարծր ոճով պատգամ մը։«Սուտ եւ անհեթեթ» որակուեցան ատրպէյճանական այն մեղադրանքները, թէ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան Ատրպէյճանը ապակայունացնել։Պատգամին մէջ ամերիկեան դեսպանատան ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի անկախութենէն մինչեւ այսօր, Միացեալ Նահանգներ մէկուկէս միլիառ տոլարի օժանդակութիւն յատկացուցած է Ատրպէյճանի, որպէսզի ամրապնդէ իր ապահովութիւնը եւ բարելաւէ բազմաթիւ մարզերու մէջ աշխատանքը։Միացեալ Նահանգներ նաեւ մեծ աջակցութիւն ցոյց տուած են,որպէսզի Ատրպէյճան բաւական ձեռնտու պայմաններով իր քարիւղը արտածէ։
Միացեալ Նահանգներ Հարաւային Կովկասի մէջ վստահաբար ունին իրենց ռազմաքաղաքական շահերն ու հեռանկարային ծրագրերը, որոնց մէջ առաջին դիրքի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծումը։Ասոր լաւագոյն ապացոյցը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ Միացեալ Նահանգներու աշխուժ գործունէութիւնն է՝ համանախագահութեան մակարդակի վրայ։Անշուշտ պէտք չէ մտահան ընել բնական կազի Հարաւային Միջանցքի ծրագրին Միացեալ Նահանգներու ամբողջական զօրակցութիւնը, որովհետեւ անոր միջոցով է, որ Եւրոպա նուազ կախեալ պիտի դառնայ ռուսական բնական կազէն եւ ասիկա Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն պաշտպանութեան ռազմավարութեան նպաստող ազդակ մը կը համարուի։Պէտք է հաշուի առնել նաեւ այն կարեւոր հանգամանքը, թէ Ատրպէյճանի բնական կազը Եւրոպա հասցնելու Այս միջանցքը երեք ուղիներ ունի՝ Հարաւային Կովկասեան Կազատարը, ԱնդրԱնատոլեան Կազատարը եւ ԱնդրԱտրիաթիք Կազատարը, որոնց հանգոյցները եւ ուղիները Հայաստանէն շեղելով Վրաստանէն կ՛անցնին եւ Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա կ՛ուղղուին։
Միացեալ Նահանգներու համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող ծրագրի առանցքային դերակատար- հայթայթիչը Ատրպէյճանն է, ուր ահա մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ու կրօնի ազատութիւններու յստակ ոտնակոխումներ եւ բռնաբարումներ գոյութիւն ունին։Խօսի՞լ անոնց մասին, թէ լռութեան պատ մը քաշել անոնց շուրջ։Ամերիկեան ընտրանքը բնականաբար առաջինն է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու համար խօսքի ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւններ են։
Եւ այս ծիրին մէջ ալ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աննախընթացօրէն կարծր ոճով քննադատական պատգամը հրապարակուեցաւ՝ Իլհամ Ալիեւի գլխաւորած վարչակարգին դէմ։
↧
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ –ՊԱՔՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ՝ ՑՈՅՑԻ ՄԸ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
↧