Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԳՏԱԾ Է ՀԱՅՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՐԶ ՄԻՏՔ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

          Կեդրոնականցին շատերէն տարբեր է, անվարան ուրիշներու իմաստութիւնը կը տեսնէ եւ կը գնահատէ, նոյնիսկ երբ զանոնք չի ճանչնար կամ վերապահ է անոնց նկատմամբ:

            Աշնան թխպոտ եւ անլոյս օրերուն կ’ընդարմանանք: Կեդրոնականցիին  այցելութիւնը կեանքի խտիղ է, ան ընկեր-բարեկամի դուռ կը բախէ, կը հեռաձայնէ, կը յիշեցնէ, որ կեանքը կը շարունակուի:

            Երբ առաւօտեան սուրճի սովորութիւնը կը կրկնէինք,- չեմ ըսեր վայելել, քանի որ առանց ընկեր-բարեկամի այդ ծէսը ձանձրոյթ չի փարատեր,- հնչեց հեռաձայնի զանգը: Մակարուհին վերցուց ընկալուչը: Ապա ըսաւ.

            – Ելի՛ր եւ պատրաստուի՛ր, Արմենակը եւ Էլպիսը պիտի գան: Էլպիս հայկական մանթը պատրաստած է, ըսաւ որ ճաշի հոգ չընեմ:

            Կէսօր չեղած հասան: Պատուհաններուն փեղկերը բացած էինք, բայց դուրսի գորշ երկինքը եկած էր ներս, վառած էինք լոյսերը:

            Կրկին սուրճ: Ոչ ոք ըսաւ որ կրկնուող սուրճերը անքնութիւն կը պատճառեն:

            Արմենակ առանց ներածականի խօսեցաւ վերջին իմացածներուն մասին:

            – Մակա՛ր, պէտք չէ յուսահատիլ, հայ մարդը երբեմն խելացի բաներ կ’ըսէ: Հայաստանի կացութիւնը մտահոգիչ է, կ’ըսեն: Թէեւ մարդիկ կան, որոնք ողջմիտ խօսքեր կ’ըսեն:

            – Եթէ այդպէս կը տեսնես եւ համոզուած ես, լաւ է:

            – Այո՛: Հայաստանի նախկին վարչակազմի անդամներէն Եդուարդ Շարմազանով, խելօք բան ըսած է: Նախկինները լաւ էին, լաւ չէին, ժամանակը ցոյց պիտի տայ: Նախկիններ եւ նորեր երբ ճիշդ բան կ’ըսեն, պէտք է լսել:

            – Հրաշք է: Տեւաբար սեւացուող նախկինները դեռ խելօք բան կ’ըսե՞ն:

            Արմենակ հիմա որ համակարգիչ եւ համացանց ունի, հայաշխարհի մէջ ինչ որ պատահի, կ’իմանայ: Սուրճը կը պաղէր, ումպ մը կուլ տուաւ եւ շարունակեց:

            – Այդ Շարմազանովի ըսածը լոյս տեսած է Հայաստանի թերթերուն մէջ: Արտագրեցի երկու խօսք: Լսէ՛. «Հերիք է երկրի ներսում թշնամու կերպար ստեղծէք: Թշնամին սահմանի այն կողմում է ու եթէ այսպէս շարունակէք օգտուելու են ձեր կողմից իրենց ընձեռուած նուէրից»: Եւ յետ-գրութեան մէջ. «Եւ վերջապէս հասկացէ՛ք, Հայաստանի անվտանգության սպառնալիքը Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն են եւ ոչ թէ Հրայր Թովմասեանի 75-ամեայ թոշակառու հայրը»:

            Կեդրոնականցին կանգ առաւ, մտածելու առիթ տուաւ: Ըսի.

            – Իրաւ քաղաքական իմաստուն խօսք:

            – Ճիշդ այդպէս, նոյնիսկ եթէ նախկինները սուրբեր չէին:

            – Արմենա՛կ, խառնակ կացութեան մէջ, նկատի ունենալով նաեւ Շարմազանովի անցեալը, ամբոխահաճութեան ենթարկուած մարդիկ, ինչպէս կ’ըսեն պոպուլիզմի զոհերը, կարեւորութիւն կու տա՞ն իր խօսքին:

            – Եթէ պատմութեան դառն փորձ ապրած մեր ժողովուրդը այսքան պարզ իմաստութեան ականջ չտայ, եթէ մտաւորականներ եւ հայկական լրատուամիջոցները, ներսը եւ դուրսը, այս միտքը չտարածեն, գործի չվերածեն, զուր կ’ըլլան մեր փառատօները, մեծ ոստաններ այցելութիւնները, միամտացած ամբոխներու ծափերը:

            Կեդրոնականցին ճիշդ էր:

            Էլպիս եւ Մակարուհի ձայն տուին, սեղանը պատրաստ էր, մանթըի եւ սխտորուած մածունի քիմք գրգռող բոյրերը խուժեցին սենեակ:

            Մտածեցի, որ կարմրած խմորին եւ սխտորին հոտը առնել գիտենք, ինչո՞ւ վտանգներու հոտը չենք առներ: Մտածումս բաձրաձայն չըսի:

            Այդպէս է իմաստութիւնը ներսի եւ դուրսի շարայական սեղաններուն շուրջ: Ճաշի ժամանակ վտանգի մասին խօսիլ կը հիւանդացնէ:

 

Մակար ի Գաղիա, 23 հոկտեմբեր 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles