Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Փարիզի «Նուվէլ Տ՛Արմէնի» Ամսաթերթի Խմբագրատունը Կողոպտուած

$
0
0

ՓԱՐԻԶ.- Շաբաթէն՝ Կիրակի, Հոկտեմբեր 19-էն 20-ի գիշերը «Նուվէլ Տ՛Արմէնի» ամսաթերթի խմբագրատունը կողոպտուած է։ Գողերը կոտրելով խմբագրատան դուռը, ներս մտած են ու տարած խմբագրութեան երեք համակարգիչները եւ լուսանկարի գործիք մը: Գողցուած համակարգիչները որպէս գործիք շուկայական մեծ արժէք չէին ներկայացներ, բայց եւ այնպէս անոնք կը պարունակէին յաջորդ թիւին էջերը, ինչպէս նաեւ զգայուն տուեալներ՝ հասցէներու ցանկեր, հարցազրոյցներու ընթացքին գաղտնի մնալու կոչուած ըսուածներ եւ այլն։

Խմբագիր Արա Թորանեան յայտնեց, թէ այսշ ամսաթերթշը յանձնառու է Արցախի, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան, ինչպէս նաեւ քիւրտերու վրայ՝ թուրքերու յարձակման հարցերով։
2006-ին եւս զգայուն տուեալներ պարունակող համակարգիչներ գողցուած էին հայ համայնքի տարբեր պատասխանատուներու տուներէն կամ գրասենեակներէն։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles