Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Օ.Մ.-Ի 72-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Հոկտեմբեր 7 -11, 2019-ին, Մոնրէալի (Գանատա) մէջ, մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 Պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 140 ունկնդիր ընկերուհիներու:

Ժողովի մեկնարկի նախօրեակին, Կիրակի Հոկտեմբեր 6, 2019-ին, տեղի ունեցաւ Ժողովավարական կանոններու աշխատանիստ Սուրբ Յակոբ Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, ուր Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի, ընկերուհի Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց նիւթը: Երեկոյեան, «Le Chateau Royale» սրահին մէջ աւելի քան 400 ներկաններուն մասնակցութեամբ մեկնարկուեցաւ Պաշտօնական Ձեռնարկ մը ուր ներկայ էին Գանատայի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Խորհրդարանի անդամ, Մելանի Ժոլի, Եւրոխորհուրդի նախկին անդամ, Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ այլ հիւրերու ներկայութեամբ։ Ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքեր փոխանցուեցան։

Երկուշաթի առաւօտեան, Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգը ունկնդրելէ ետք, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, Անի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ընկերուհիներուն եւ մաղթեց որ «նոր ծրագիրներու եւ իրողութիւններու դէմ հանդիման ըլլանք յստակատես եւ վճռական»: Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, որոնք ջերմօրէն հիւրընկալեցին ընկերուհիները եւ հրաւիրեց բոլորին որ վայրկեան մը յոտնկայս յարգեն յիշատակը նախորդ քառամեային մեզմէ առ յաւէտ հեռացած ընկեր-ընկերուհիներուն: Շմաւոնեան, Կեդրոնական Վարչութեան անունով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միաւորներուն, որոնք չորս տարիներու ընթացքին ջանք չեն խնայած Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան իրագործման համար․ առ այն՝ 12 միլիոն տոլարի ներդրումով և Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորներու մասնակցութեամբ իրականացուցած են բազմաթիւ բարեսիրական, կրթական, առողջապահական եւ այլ նպատակներու ուղղուած ծրագիրներ։

 

Ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայ էին, Տէր Տաթեւ աւագ քհնյ. Միքայէլեան որ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց: Յաջորդաբար, խօսքեր առին Եւրոխորհուրդի նախկին անդամ Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչ Մոսիկ Թոփուզեան, որոնք իրենց քաջալերական խօսքերը փոխանցեցին ժողովականներուն եւ մաղթեցին որ ժողովը ընթանայ հեզասահ եւ հասնի շինիչ եզրակացութիւններու: Ժողովին նաեւ կարդացուեցաւ ժողովին ուղղուած նամակներ՝ Գանատայի Վարչապէտ Ճասթին Թրուտոյի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգեբարձութեան կողմէ:

Ժողովի կողմէ ընտրուած իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբի կողմէ պատգամաւորներու լիազօրագրերու ստուգումէն եւ վաւերացումէն ետք, ժողովի օրինականութիւնը հաստատուեցաւ եւ ընտրուեցաւ ժողովի մնայուն դիւանը. ատենապետներ՝ Աննա Պուլկարեան (հայերէն) եւ Թալին Մկրտիչեան (անգլերէն), իսկ քարտուղարներ՝ Մարալ Թուլումեան եւ Հելէն Խայաթ (հայերէն), եւ Նայիրի Շահինեան եւ Նորա Գրիրգորեան (անգլերէն)։

Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց իր Ընտրողական, Բանաձեւի, Արխիւային եւ նախահաշիւի  յանձնախումբերը: Ապա, Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր հիւրերը՝ Յասմիկ Տէրտէրեան եւ Տոքթ. Արփի Պալեան. ապա՝ ժողովը ընտրեց Վիքի Մարաշլեան, Մարալ Մխճեան, Մարօ Ֆրունճեան, Լիզա Ժիլիպէր, Փոլին Տոսթումեան եւ Ժօժօ Պետրոսեան խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու ժողովին:

Ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը որուն կից ներկայացուեցաւ նաև Հ.Օ.Մ.-ի լայնածաւալ գործունէութեան քարտէսը Վարիչ Տնօրէն Վերժինի Թուլումեանի կողմէ․ ապա՝ Հ.Օ.Մ.-ի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոնի Տնօրէն Տոքթ. Սեւակ Աւագեան ներկայացուց հիւանդանոցի աշխատանքները եւ ապագայ գործունէութեան մարտահրաւէրները և նոր սարքաւորումներ ձեռքբերելու պահանջները: Նիւթի կարեւորութենէն խանդավառուած եղաւ սրտաբուխ 10,000 ամերիկեան  տոլարի նուիրատուութիւն Ընկերուհին Շաքէ եւ Նորա Կէօնճեաններուն կողմէ եւ 1,000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն Ընկերուհի Սեդա Կէօվրէքեանի կողմէ:

Այնուհետեւ՝ ժողովականները, բաժնուելով  չորս խմբակներու խորհրդակցեցան և արծարծեցին կրթական, առողջապահական, պատանեկան եւ կազմակերպչական ծրագիրներ: Յաջորդող օրերուն ընթացքին, պատգամաւորները քննարկեցին անցնող քառամեակին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, գնահատեցին կատարուած իրագործումները եւ վաւերացուցին  ծրագիրներ յառաջիկայ քառամեակին համար։ Կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներու կողքին, ժողովը կեդրոնացաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայրենակիցներուն զօրակցութեան, հայ զինուորի օժանդակութեան, սահմանամերձ գիւղերու յատուկ հարցերուն, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ գաղութներու անմիջական կարիքներուն վրայ որդեգրելով համապատասխան բանաձեւումներ եւ ծրագիրներ։

Ժողովին ընթացքին, Հ.Օ.Մ.-ի Հարաւային Ամերիկայի պատգամաւորները ներկայացուցին Արժանթինի մէջ գործող Հ.Օ.Մ.-ի «Պոտուրեան» Հանգստեան Տան երկրի տնտեսական իրավիճակէն փխող  նիւթական դժուարութիւնները, որմէ ետք քանի մը վայրկեաններու մէջ, մօտաւորապէս 20,000 ամերիկեան տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւններ յայտարարուեցան, միաւորներու եւ մասնաճիւղերու անունով:

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած Սուրիոյ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի քաղաքներուն իրավիճակին՝ կոչ ուղելով իր միաւորներուն եւ հանրութեան անոնց օգնութեան հասնելու: (https://ars1910.org/ars-calls-to-action-syrian-armenian-relief/):

 

Իր աշխատանքներու աւարտին, Ժողովը ընտրեց 2019-2023 շրջանի նոր

Կեդրոնական Վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով.-

 

Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան (Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.) – Ատենապետուհի

Մայտա Մելքոնեան (Արեւելեան Ա.Մ.Ն.) – Փոխ-ատենապետուհի

Մարալ Մաթոսեան (Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.)  – Քարտուղար

Սիլվա Թագւորեան (Արեւելեան Ա.Մ.Ն.) – Գանձապահ

Արուս Մելքոնեան (Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.)

Թալին Մկրտիչեան (Արեւելեան Ա.Մ.Ն.)

Արմինէ Կարապետեան (Գանատա)

Համեստ Սասունեան (Հայաստան)

Նելլի Վեքիլեան (Միջին Արեւելք)

Լիզա Ժիլիպէր (Եւրոպա)

Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles