Կիրակի, Սեպտեմբեր 29-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Տիրպորնի (Միշիկըն) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի ընթացքին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Միքայէլ-Արմէն Գատեանը, Հայկ Գատեանը, Յարութ Աշըգեանր, Մանօ Աշըգեանը եւ Յարութ Աշըգեանը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցին հիւրասիրութիւն մը կատարեց ի պատիւ Տիկնանց Միութեան։ Հանդիսավարն էր Քնար Թոփուզեան, որ այս տարի մասնակցած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի երիտասարդական լսարանին։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Հրանդ քհն. Գէորգեան, իր ողջոյնի խօսքէն ետք, Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն ու գործունէութեան անդրադարձող կարճ տեսերիզը ներկայացուց։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի տիկ. Սիմոնէ Թոփուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն՝ իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար։ Տիկնանց Միութեան նուիրուած տեսերիզը օրուան յատկանշական պահերէն էր։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց Տիկնանց Միութեան գործօն դերը եկեղեցւոյ մէջ, աղօթելով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բարօրութեան համար։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցելութեան ընթացքին, «Առաջնորդարանի սիւներ»ու (“Pillars of the Prelacy”) ծրագրին երեք նոր անդամներ աւելցան։ Այս ծրագիրը հաստատուած է 2003-ին իբրեւ տարեկան նուիրատուութիւն, որ կանոնաւոր եկամուտի աղբիւր մը կը մատակարարէ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի բազմաթիւ ծրագիրներուն սատարելու համար։ Լուսանկարին մէջ՝ ձախէն աջ, Գեղամ Թազեան, Փաթրիսիա եւ Ռաֆֆի Կիւրեճեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Հրանդ քահանայ, երէցկին Թամար, Սիլվա եւ Յակոբ Տէմիրճեան։ Սոյն ծրագրով հետաքրքրուողները կրնան դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակ, հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին։