ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հոկտեմբեր 1-ին Արցախ ժամանեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու Տան ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրանք Փալոն, ընկերակցութեամբ օգնական Ճէյմս Ճանսընի, Հայաստանի խորհրդարանի պագամաւորներ՝ Մարիա Կարապետեանի եւ Ծովինար Վարդանեանի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեանի:
Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ, Փալոնը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Դաւիթ Մելքումեան եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան:
Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Փալոն ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ ապահովական հաւասարակշռութեան պահպանման անհրաժեշտութեան ուղղուած իր եւ գործընկերներուն յետագայ ծրագիրները եւ յայտնեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ միայն խաղաղ կարգաւորում՝ Արցախի հայկականութեան եւ անոր ապահովութեան ներկայիս գոյութիւն ունեցող բաղադրիչներուն պահպանումով:
Իսկ Ղուլեան կարեւոր համարեց քոնկրէսականին Արցախ պարբերական այցելութիւնները, որոնք հիմք կը հանդիսանան Փալոնի կողմէ Քոնկրէսին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու եւ բանաձեւերու ներկայացման:
Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրէսականին՝ Ղարաբաղեան շարժումին 30-ամեակին առիթով Արցախի ժողովուրդին ուղղուած՝ իր եւ իր գործընկերներուն ուղերձներուն համար:
Փալոն, ողջունելով ներկաները՝ աւելցուց, որ իր Արցախ գտնուելուն հիմնական նպատակը աշխարհին ցոյց տալն է, որ Արցախը կայացած եւ ժողովրդավարական պետութիւն է, եւ շեշտեց, թէ նման այցելութիւններով պէտք է աշխուժացնել համագործակցութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ տարբեր երկիրներու պետական մարմիններու միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու վերաբերող հարցեր: Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան:
Կողմերը նաեւ քննարկեցին Արցախի տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցեր: