Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՊԵՐԼԻՆԻ ՄէՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

p3 berlin1  Պերլինի Սուրբ Լուիզէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին Հալլէի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գնէլ Գաբրիէլեան հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարեց Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու անմեղ հայ զոհերուն, ինչպէս նաեւ կացինահարուած երիտասարդ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին:

Արարողութեան ներկայ էր Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեան` դեսպանութեան շարք մը աշխատակիցներուն հետ միասին: Դեսպան Վահան Յովհաննիսեան ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, յատկապէս կարեւոր նկատելով կազմակերպուած հայութեան համախմբումը հայրենիքի եւ անկախ ու ինքնուրոյն պետականութեան շուրջ: Ելոյթը ջերմօրէն եւ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ հաւաքուածներուն կողմէ, որոնց շարքին բազմաթիւ երիտասարդներ կային:p3 berlin2

Գերմանացի հիւրերուն համար պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը ամբողջութեամբ կը թարգմանուէր գերմաներէնի: Եկեղեցական արարողութեան աւարտէն ետք Պերլինի հայ համայնքի տասնեակ մը ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան Հայ եկեղեցական եւ մշակութային միութեան ակումբին մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles