Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Սեպտեմբեր 23-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Մ․Ն․) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ։
Զրուցակիցները քննարկեցին Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գործունէութիւնը:
Քննարկման ընթացքին հայկական կողմը կարեւոր նկատեց զինադուլի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրումը: Ընդգծուեցաւ նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ` նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչումը:
Ատրպէյճանի տարածքին մէջ կալանքի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն առնչութեամբ` հայկական կողմը շեշտեց անոնց հայրենադարձութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութիւնն ու հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը տեղեկացուցին, թէ կողմերը նախանշած են այս ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, ներառեալ` համանախագահներու այցելութիւնը շրջան եւ մօտ օրերս արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հերթական հանդիպման կայացումը:
↧
Նիւ Եորքի Մէջ Մնացականեան –Մամետեարով Հանդիպում
↧