Յ. Պալեան
Մեր վերջին մայրաքաղաքը՝ Երեւան: Առաջինը՝ Վան, ուր գացի որպէս զբօսաշրջիկ, զրկուած տիրոջ իրաւունքէ: Գացի Կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաքաքը՝ Սիս, տեսայ Լեւոնի բերդը, եւ պատմութեան հեգնանք, զայն կոչած են «օձի բերդ», «Եիլան գալէ»…
Թոյլատրուած է տեսարժան վայրերու հիւր ըլլալ, նկարներու ալպոմի մը էջերը դարձնելու կամ սրահի մը մէջ տպաւորիչ նկարահանում մը դիտելու պէս:
Յետոյ՝ ոչինչ: Հայաստանի առօրեայ եւ սփիւռք(ներ)ի տուայտանք, համաշխարհային ազգ ըլլալու թմրամոլի ինքնագոհութեան կարուսէլի վրայ, դարձի՛ր, դարձի՛ր… Յետո՞յ… Հիմա՝ պատկերներ, որոնք կ’աղօտին, կը մնան չսպիացող վէրքի պէս, զոր կը քրքրեմ, հին ցաւը խոցի վերածելով: Հարիւր օրեր, որոնք գումարուած են մեր մոռցուող գաղթականական հարիւր տարիներուն վրայ:
Օրերու եւ տարիներու գումարումը պիտի շարունակուի՞, պիտի շարունակե՞նք, սպասելով որ…: Մինչեւ ե՞րբ: Ի՞նչ կ’ընենք արդէն, երբ ամեակներ, տարեդարձներ եւ տարելիցներ կը տօնենք՝ յաղթանակ տօնելու կամ իրաւունք վերահաստատածի ինքնաբաւութեամբ: Ի՞նչ կ’ընենք, ի՞նչ ունինք այդ բոլորէն ետք: Այս կամ այն թուականին կ’աղմկենք, բայց տիրոջ վերաբերում չունինք փոքրացած բայց դեռ մեզի պատկանող հայրենիքին հանդէպ: Անմիջական կարելին կարծէք աւելի դժուար է տեսնել եւ իրագործել, քան՝ յիշատակը, երազը:
Պատմութիւնը ոչ սպասման սենեակ է ոչ ալ արձակ բանաստեղծութիւն: Ան կը վկայէ արմատներու մասին, հաւատարմութեան եւ ինքնութեան:
Յաճախ կը խորհիմ, որ Վանը, Մուշը, Սիսը, Ատանան, Կարսը եւ բոլոր հարազատ վայրերը դարձուցած ենք բեմ եւ սրահ յուզող անուններ, ֆէթիշներ: Անոնք այլեւս արցունք չեն քամեր: Գիրք են, մեծ հայրիկի երազի պատկերները: Գրադարանիս ապակեփեղկին ետին դրուած Զաւէնի յուշակոթողի (խմբ․, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Լիբանանի Պիքֆայա գիւղի հողաշերտին վրայ տեղադրուած, Զաւէն Խտըշեանի իրագործած հայոց ցեղասպանութեան ի յիշատակ յուշարձանը) մանրակերտին պէս: Կանգնած ժամանակ:
Հարիւր օր առաջ տեսած աշխարհս բռնագրաւուած է: Հոն ես չկամ, հոն ես օտար եմ: Ինչպէս աշխարհի տարածքին, ներկայ Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս, հիւր եմ, հիւր ենք, աշխատելու եւ ապրելու, բնակարան ունենալու եւ սպառողական ընկերութեան բարիքներէն օգտուելու իրաւունքով, որ կը մոռցնէ թէ գաղթական ենք: Այդ մոռացումը ազգի այլասերման լուսազարդ ճանապարհն է: Եւ զբօսանքի վերածած ենք գաղթականի անցեալը. պատկերներ, յուշագրութիւններ, ցեղասպանութեան իրականացման դրուագներ, փաստերու հաւաքում, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, երգ, երաժշտութիւն, յուզիչ արուեստներ, ինքնագոհութիւն եւ պարծանք:
Սփիւռք(ներ), բայց նաեւ Հայաստան, կարծէք այլեւս երազ չունինք, քաղաքացիի կեանքով բաւարարուիլ դարձած է նպատակ, քաղաքացի՝ որ կրնայ այսօր Երեւան ապրիլ, վաղը՝ Սիտնի կամ Փարիզ, Մոսկուա կամ Պէյրութ: Եթէ երէկ Խորհրդային Միութեան անծայրածիր տարածութիւնը մեծ հայրենիք էր, այսօր մոլորակն է մեծ հայրենիքը, Նիւ Եորքէն ետք կը հասնինք Շանկհայ, Մարսիլիայէն ետք Նանթ եւ Շէրպուրկ: Կարեւոր է լաւ ապրիլ, արտադրել եւ սպառել: Հայոց իրաւունքի վերականգնումը եւ միացումը նպատակ չէ կարծէք, փոխարէն, մեր մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն համար կրնանք պահանջել հատուցում:
Արգիլուած չէ մտածել եւ երբեմն ալ երազել: Եթէ վաղը, հրաշք պահու մը, միջազգային համայնքը եւ Թուրքիան որոշեն հատուցում ընել հայ ազգին, ի՞նչ բանի փոխարէն պիտի ըլլայ հատուցումը, ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ հատուցումը: Նախահայրերուս կալուածը կրնայ պատկանիլ ինծի, անոր փոխարէն հատուցում կրնան տալ: Բայց հայրենիքի բեկոր է այդ կալուածը, զոր օգտագործելու, անոր վրայ բնակելու իրաւունք ունիմ, նաեւ վաճառելու, բայց այդ բեկորը ազգի հայրենիք է հետեւաբար բոլոր կալուածներուն տէրը ազգն է, իր պետութեամբ: Եթէ վաղը Սիկիլիոյ կամ Քորսիքայի բոլոր հողերը գնեմ, անոնք Հայաստան չեն ըլլար, որպէս կալուածատէր անոնց շահագործողը կամ վայելողը կ’ըլլամ:
Հետեւաբար, երբ հատուցում պահանջենք կամ առաջարկեն, պէտք է ըսեն թէ ի՞նչ բանի հատացում, ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները ոչ թէ անհատին կամ անհատներուն համար, այլ՝ ազգին:
Հարիւր օր առաջ տեսայ Արածանին: Ինչպէ՞ս պիտի հատուցուի Արածանին: Անուանական տէր չունէր Արածանին: Որո՞ւ ի՞նչ պիտի հատուցանեն:
Ի հարկէ, դրացիներու հետ լաւ յարաբերութիւններ պէտք է ունենալ: Այդպէս պէտք է ընէ նաեւ մեր հայրենիքը բռնագրաւած Թուրքիան: Բայց նաեւ Թուրքիան ինք լաւ յարաբերութիւններ պէտք է ունենայ դրացի Հայաստանի հետ: Հարց է, թէ ի՞նչ միջուկ պիտի ունենան այդ լաւ յարաբերութիւնները: Այս մասին պէտք է խօսինք իրարու հետ, բարիի, իրաւունքի, արդարութեան եւ բարոյականութեան լոյսին տակ: Այս ցանկութիւնը երեւակայական է, ցնորք, բայց մարդկայնութեան (humanism) տեսանկիւնէ ոչ անկարելի: Ի հարկէ այս ընելու համար, մարդկայնութեան ջատագով երկիրները, հեռուի եւ մօտի, կրնան բարի կամքի միջնորդ ըլլալ, մանաւանդ որ անոնցմէ ոմանք մասնակից եւ երբեմն ալ մեղսակից եղած են մեր իրաւազրկման:
Եւ թերեւս, առաջին հերթին, պէտք է որ կարենանք իրենց պատասխանատուութեան առջեւ կանգնեցնել քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով մեղսակից դարձածները, անոնք որոնք կը կոչուին մեծ պետութիւններ: Մեղսակցութիւնը յանցանք է, երբ նոյնիսկ կը պաշտպանուի ուժով: Փոխանակ խօսելու հատուցման մասին, ինչո՞ւ բարձրաձայն չենք խօսիր պատասխանատուութիւններու մասին, յոգնակի: Թուրքիոյ հետ խօսելէ առաջ, պէտք է խօսիլ անոնց հետ, որոնք հայոց բազմադարեան հայրենիքի կոտորակման մասնակից եղած են, բաւարարելու համար իրենց շահերը: Ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան մեծ հայրենիք Միացեալ Նահանգները լաւ ըրին վերապրած հայ որբերը խնամելով, բայց ի լուր եւ ի տես չարիքին, ինչո՞ւ չստանձնեցին Հայաստանի Հոգատարութիւնը, ինչո՞ւ Դաշնակիցները, յայտարարելէ ետք որ պատերազմէն վերջ Հայաստանի մէջ թրքական հետք պիտի չմնար, դրժեցին իրենց խոստումը, Ֆրանսան, ստանալու համար Սուրիան եւ Լիբանանը, ինչո՞ւ Թուրքիոյ յանձնեց Հայկական Կիլիկիան, եւ ցեղասպանութեէն մազապուրծ ազատածները կրկին դարձուց գաղթական:
Հայոց իրաւունքի վերականգնումը, որ տարբեր որակ է մխիթարական պարգեւ հատուցումէ, պատասխանատուութիւնը պէտք է ըլլար, եւ այսօր ալ պէտք է ըլլայ, բոլոր անոնց՝ որոնք քաղաքական Պիղատոս եղան, աւելին, եղան արժէքներ դրժող: Եթէ մենք հետապնդենք, հակառակ մեր զանազան նոր անցագրերուն, այս պայքարը, մեր իրաւունքի վերականգնման պահանջը կ’ունենայ նոր ընթացք:
Թերեւս մենք անհատաբար կ’անհանգստանանք, բայց ծառայած կ’ըլլանք ազգի շահերուն:
Բայց այս ընելու համար հայրենատիրական վերաբերում պէտք է ունենալ ոչ միայն բռնագրաւեալ հայրենիքի պահանջի գծով, այլ նաեւ այն Հայաստանին՝ որ կայ:
Երբ սփիւռք(ներ)ը չ’ապրիր հայրենատիրական տենդով, որ առաջին հերթին կ’ենթադրէ վերադարձ, ինչպէ՞ս պիտի լսուինք, ինչպէ՞ս լուրջի պիտի առնուին որպէս սոսկ աղմուկ հնչող ճառերը:
Երբ մենք գիտենք, երբ իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան կոչածները գիտեն, որ Հայաստանը, լաւագոյն պարագային ունի երեք միլիոն բնակիչ, անոնք կ’եզրակացնեն, որ երկրի տարածութիւնը բաւարար է այդքան բնակիչի համար:
Քաղաքական վերաբերումը կը փոխուի, եթէ հայրենահանուածներու ժառանգները ներկայանան որպէս հայրենատէրեր, այդ կարելի չէ միայն խօսքով եւ տեսութիւններով, այլ վերադարձով, ներկայութեամբ:
Այդ անսեթեւեթ ներկայութիւնը առաջին քայլը կ’ըլլայ ոչ թէ հատուցման պահանջի, այլ իրաւունքի վերագանգնման: Այդ քայլով կը վերականգնի ազգը:
Եթէ մենք չխօսինք եւ չգործենք իրաւունքի համար, ոչ ոք պիտի խօսի անոր մասին, եւ բախտաւոր պարագային պիտի շարունակենք օրօրուիլ ճանաչումներով, յատկացումներով եւ մեր մշակոյթի մասին հիացական խօսքերով: Թէեւ այդ բոլոը մենք կը մշակենք սնապարծութիւն բաւարարելու համար:
100 օր առաջ Հայաստանի վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաքը գացի եւ վերադարձայ: Տուրիստի իրաւունքով, եւ ոմանք պիտի խորհին՝ տուրիստական երջանկութեամբ:
Շաբաթավերջին, ճաշկերոյթի եւ խրախճանքի ընթացքին Մելպուռնէն Պուէնոս Այրէս, Թորոնթօ, Պէյրութ եւ Մարսիլիա, Հայրենիք եւ Հայաստան պիտի երգենք:
Այս քաղաքները ոչ առաջին եւ ոչ ալ վերջին մայրաքաղաք են…
Եւ զարմանալի թող չթուի, եթէ կրկին, ունկնդիր՝ հայ գրողին, լսեմ իր խօսքը, որ կ’արձագանգէ. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»…
Ո՞վ կը յիշէ անունը Վիգէն Խեչումեանի, ո՞վ կը կարդայ անոր գիրքերը…
Դիմատեստրի վրայ եւ ընկերային ցանցերու մէջ չկայ Վիգէն Խեչումեան…
Ժամանակավրէպ խօսքեր… Պէտք է ապրիլ դարուն հետ:
Վանը, Մուշը, Ատանան, Սիսը այլ մոլորակ փոխադրուած են: Կը սպասեն հայ տիեզերագնացի էջքը երազէն եւ երկինքէն…
Դեռ կը հնչէ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի ձայնը. կ’երթանք Հայաստանի վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաքը…
Երգե՛լ «Անտունի»ն…