Խմբագրական
Արդիւնքէն աւելի մթնոլորտն էր յիշատակելին։
Այո՛ մթնոլորտն էր յաղթականը։
Բացառիկ առողջ, ժողովրդավար, միջազգային չափանիշներու համապատասխան եւ թափանցիկ մթնոլորտի մէջ կատարուեցան Սեպտեմբեր 8-ին Արցախի հանրապետութեան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, յառաջիկայ տարուան ընթացքին, տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու սեմին։
Ղեկավարութեան վրայ գտնուող անձէն մինչեւ ամենէն աւելի պարզ բնակիչը գիտակցեցաւ, պարտաւորութիւն զգաց, ծայրայեղութիւններու չգնաց, նախընտրելով հանդուրժողութիւնը՝ ատելութենէն, արդարութիւնը՝ անիրաւութիւնէն, սակայն երբեք սեւը՝ սպիտակէն կամ հակադարձաբար։
Բնականաբար աւելի դիւրին է փոքր տարածաշրջանի մէջ նմանօրինակ ընտրութիւններ կազմակերպել, սակայն երբ հողին կառչած բնակիչը ենթագիտակցի պատահածին եւ ըստ այնմ ուղղուի քուէատուփ, այդ պարագային շատ աւելի հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ ամբողջ ընտրութիւն մը։
Արցախցիին համար յստակ էր, թէ արտայայտուելու արտայայտութիւնն ու կարծիքի ազատութիւնը կը գերազանցէին եսակեդրոն ու եսասէր գործընթացներն ու անհատական մութ հաշիւները։ Ան այդպէս, սրտբացօրէն մեկնեցաւ քուէարկման կեդրոն եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ ու համոզումով, իր թղթիկը յանձնեց արդարութեան՝ քուէատուփին։
Այս առթիւ իբրեւ դիտորդ ժամանած Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւորական պատուիրակութիւնն ալ իր արժեւորումը կատարած էր, յանձին պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանին, որ հաստատած էր, թէ «Բացառիկ խաղաղ, յաւուր պատշաճի, ժողովրդավար, լեկիտիմ (օրինաւոր, խմբ․) եւ միջազգային չափանիշներին համապատասխան» էին կատարուած ընտրութիւնները։
Ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ, չուշացաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ անգամ մը եւս կը շեշտէր թէ ընտրութիւնները կայացած էին ժողովրդավարական պայմաններու տակ, ուր փոխադարձ յարգանքն ու թափանցիկութիւնը եղած էին օրուան մեծ յաղթականը, եզրակացնելով, թէ «այս ընտրութիւնները դարձան եւս մէկ կարեւոր քայլ մեր պետականաշինութեան զարգացման գործում, մեր ժողովրդի կողմից ազատ, անկախ եւ ժողովրդավարական երկիր կառուցելու ճանապարհին»:
Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ իր կարգին շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց…:
Հուսկ, Սեպտեմբեր 8-ին Արցախի մէջ կատարուած էր «Թաւշեայ ընտրութիւն»։